Լիբանանեան

Պասիլ. «Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարը  Պէտք Է Համաշխարհային Ըլլայ»

Պասիլ. «Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարը Պէտք Է Համաշխարհային Ըլլայ»

Ժըպրան Պասիլ կ՛ուղղէ Լիբանանի խօսքը Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին դիմաց արտասանած իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը պէտք է համաշխարհային ըլլայ` կանխարգիլելու համար անոր տարածումը: Պասիլ ընդգծեց, որ ահաբեկչութեան դէմ որեւէ պատերազմ չի կրնար յաջողութիւն արձանագրել, եթէ այդ պատերազմին մաս չկազմեն ահաբեկչութենէն տառապող երկիրները: Ան դիտել տուաւ, որ Լիբանան ամբողջութեամբ...

Լազարինի. «Միջազգային Ընտանիքին  Օրակարգին Վրայ  Լիբանան Առաջնահերթութիւն Է»

Լազարինի. «Միջազգային Ընտանիքին Օրակարգին Վրայ Լիբանան Առաջնահերթութիւն Է»

Ֆիլիփ Լազարինի Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի աշխատանքները համադրող պատասխանատու Ֆիլիփ Լազարինի յայտնեց, որ Լիբանանի օժանդակութեան միջազգային խմբակին գումարած նիստը կը փաստէ, թէ Լիբանան առաջնահերթութիւն է միջազգային ընտանիքին օրակարգին վրայ, հակառակ բոլոր հարցերուն, որոնք կը յուզեն աշխարհը: Լազարինի շեշտեց, որ Լիբանանի օժանդակութեան միջազգային խմբակը քննարկած է երկրին ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի օժանդակութեան կարելիութիւնները` զայն փրկելու համար անոր դիմագրաւած քաղաքական տագնապէն, յատկապէս...

Բանակն Ու Ապահովութեան Ուժերը  Կը Շարունակեն Ձերբակալել Ահաբեկչական  Խմբաւորումներու Անդամներ

Բանակն Ու Ապահովութեան Ուժերը Կը Շարունակեն Ձերբակալել Ահաբեկչական Խմբաւորումներու Անդամներ

Լիբանանեան բանակը Անֆէ-Շեքքա շրջանին մէջ ձերբակալեց 10 կասկածելիներ, որոնք կապի մէջ էին դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած վտանգաւոր յանցագործի մը հետ: Բանակը գրաւեց նաեւ անոնց մօտ գտնուող ատրճանակներն ու գնդացիրները: Ժըպպէ-Պշարրէ շրջանին մէջ բանակը ձերբակալեց 6 քաղաքայիններ, որոնք նախապէս մասնակցած էին լիբանանեան բանակին դէմ կատարուած յարձակումներուն եւ զինեալ բախումներուն: Միւս կողմէ, ընդհանուր ապահովութեան ուժերը երէկ ձերբակալեցին լիբանանցի մը, որ զէնք եւ...

Խորհրդակցական Հանդիպումը Կոչ Ուղղեց  Բանակը Շահերու Բաժանումէ Հեռու Պահելու

Խորհրդակցական Հանդիպումը Կոչ Ուղղեց Բանակը Շահերու Բաժանումէ Հեռու Պահելու

Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Եարզէի իր բնակարանին մէջ նախագահեց խորհրդակցական հանդիպումի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել, տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ, զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն, աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուի, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ եւ...

Ահմետ Ասիր Կը Խոստովանի  Սպանութիւններ Ծրագրելու Իր Արարքները

Ահմետ Ասիր Կը Խոստովանի Սպանութիւններ Ծրագրելու Իր Արարքները

Ահմետ Ասիր Ապրայի դէպքերէն ետք փախուստ տուած շէյխ Ահմետ Ասիր քանի մը ամսուան ընթացքին յաջողած էր ահաբեկչական կարգ մը բջիջներ պատրաստել: Այդ բջիջներէն ոմանք քայքայուած են, իսկ ուրիշներ տակաւին կը մնան քնացած վիճակի մէջ եւ ըստ երեւոյթին անոնք ամէնէն աւելի վտանգաւորները կը նկատուին: Այդ իմաստով Սայտայի Պուսթան Քապիր շրջանին մէջ բացայայտուած զէնքի եւ զինամթերքի պահեստանոցը շօշափելի փաստ է ահաբեկչական քնացած...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Շորթըր յայտնեց, որ Բրիտանիա պիտի շարունակէ լիբանանեան բանակին հետ իր գործակցութիւնը: ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ նախանցեալ երեկոյեան Պնաշհիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ...

«Մին Ալ Արտ».   Սուրիահայերը Հայաստանի Մէջ

«Մին Ալ Արտ». Սուրիահայերը Հայաստանի Մէջ

Այսօր` հինգշաբթի, 1 հոկտեմբեր 2015-ին, գիշերուան ժամը 11:00-ին, «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանէն հետեւեցէք «Մին Ալ Արտ» յայտագիրին, որուն նիւթը նուիրուած է Հայաստանի մէջ գտնուող սուրիահայութեան: Նոյն յայտագիրին կրկնութիւնը կարելի է դիտել վաղը` ուրբաթ, 2 հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 6:00-ին եւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, ինչպէս նաեւ կիրակի, 4 հոկտեմբերին, գիշերուան ժամը 11:00-ին, իսկ երկուշաբթի, 5 հոկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին:

ՄԱԿ-ի Կեդրոնին Մէջ.  Լիբանանի Օժանդակութեան  Միջազգային Խմբակի Նիստ

ՄԱԿ-ի Կեդրոնին Մէջ. Լիբանանի Օժանդակութեան Միջազգային Խմբակի Նիստ

Սալամ եւ Քի Մուն ՄԱԿ-ի կեդրոնին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Լիբանանի օժանդակութեան միջազգային խմբակի նիստը, որուն ընթացքին վարչապետ Թամմամ Սալամ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ նախագահական թափուր աթոռի դրութիւնը պատճառ կը դառնայ երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններուն աշխատանքին սառեցման: Վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը ահաբեկչութեան դէմ պայքարին առումով հսկայական մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի, սակայն ան կը պահպանէ...

Պըրրի. «Երկխօսութիւնը Միակ Միջոցն Է  Երկրին Տագնապներուն Լուծում Գտնելու»

Պըրրի. «Երկխօսութիւնը Միակ Միջոցն Է Երկրին Տագնապներուն Լուծում Գտնելու»

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստը յետաձգեց չորեքշաբթի, 21 հոկտեմբեր 2015-ին` օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով: Նշենք, որ Այն Թինէի մէջ Պըրրի երէկ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը` դիտել տալով, որ անիկա միակ միջոցն է երկրին տագնապներուն լուծում գտնելու: Պըրրի նշեց նաեւ, որ շրջանին մէջ արձանագրուած զարգացումները` յատկապէս Սուրիոյ...

Նիւ Եորքի Մէջ.  Պասիլ-Լարսըն Հանդիպում

Նիւ Եորքի Մէջ. Պասիլ-Լարսըն Հանդիպում

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1559 բանաձեւի գործադրութեան հսկելու պարտականութեամբ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ պատուիրակ Թերի Ռոտ Լարսընի հետ: Հանդիպումէն ետք Լարսըն յայտնեց, որ Պասիլի հետ իր հանդիպումը շատ լաւ մթնոլորտի մէջ ընթացած է` աւելցնելով, որ քննարկած են լիբանանեան շարք մը հարցեր, որոնք ընդգրկուած են ՄԱԿ-ի թիւ...

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գտնուած Է  Իսրայէլեան Լրտեսումի Սարք Մը

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գտնուած Է Իսրայէլեան Լրտեսումի Սարք Մը

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Հարաւային Լիբանանի Պանի Հայան գիւղաքաղաքին մէջ գտնուած է իսրայէլեան լրտեսումի սարք մը: Միւս կողմէ, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ թմրեցուցիչի մաքսանենգներու հետապնդումին շրջագիծին մէջ, երէկ Պըրժ Պարաժնէի մէջ ձերբակալուած է գլխաւոր մաքսանենգ մը, որուն մօտ գտնուած է մեծ քանակութեամբ թմրեցուցիչ, ինչպէս նաեւ ատրճանակ մը: Նշենք նաեւ, որ...

Ռիֆի. «Ռումիէի Բանտին Մէջ  Կացութիւնը Ահաւոր Է»

Ռիֆի. «Ռումիէի Բանտին Մէջ Կացութիւնը Ահաւոր Է»

Արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Ռումիէի բանտ, ուր շեշտեց, որ բանտին մէջ կը տիրէ ահաւոր կացութիւն` ընդգծելով, որ իբրեւ դատական իշխանութիւն իրենք պիտի գործակցին ապահովութեան ուժերուն հետ` լուծելու համար արգելափակեալներու խճողումի հարցը եւ վերջ տալու համար բանտարկեալներուն չարչարանքին: Ռիֆի շեշտեց, որ այս հանգրուանին Լիբանան կարողութիւն չունի արդիական բանտեր կառուցելու: Ան նշեց, որ բանտին մէջ կայ 6888 արգելափակեալ`...

Ժահժահ Ընդունեց  Մաշնուքն Ու Խազենը

Ժահժահ Ընդունեց Մաշնուքն Ու Խազենը

Ժահժահ եւ Խազեն Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մեհրապի մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Մաշնուք շեշտեց, որ ներկայ իրադարձութիւններուն լոյսին տակ կարելի է ըսել, թէ երկիրը դէպի բնականոն եւ առողջ իրավիճակ չ՛առաջնորդուիր: «Մենք միշտ լաւն ու բարին կը մաղթենք, սակայն ներկայ ցուցանիշները հակառակը կը...

Սինիորա. «Մուսթաքպալ Հոսանքին Մօտ Մէկ  Եւ Միացեալ Որոշում Գոյութիւն Ունի»

Սինիորա. «Մուսթաքպալ Հոսանքին Մօտ Մէկ Եւ Միացեալ Որոշում Գոյութիւն Ունի»

Զասիփքին եւ Սինիորա Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ սուրիական զարգացումները: Միւս կողմէ, խորհրդարանին մէջ հանդիպում մը ունենալէ ետք Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուանի հետ, Սինիորա շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին մօտ մէկ եւ միացեալ որոշում գոյութիւն ունի, հակառակ անոր որ բանակայիններուն պաշտօնները բարձրացնելու թղթածրարին առումով կան...

Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Հաստատեց, Որ Լիբանանեան Իշխանութիւնները Միայն Ճնշումի Ներքեւ Կը Հակազդեն

Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շնորհաւորեց լիբանանցի աշակերտները կրթական նոր տարեշրջանի վերամուտին առիթով: Խորհուրդը ընդգծեց, որ դպրոցներուն յաջողութեան մէջ ուսուցիչը հիմնական դերակատարութիւն ունի` աւելցնելով սակայն, որ պետական թէ անձնական դպրոցներուն մէջ ուսուցիչին իրաւունքները ոտնակոխուած են, եւ պետութիւնը այս կացութիւնը բարելաւելու իմաստով ոչ մէկ քայլի կը դիմէ: «Լիբանանեան իշխանութիւնները միայն ճնշումի ներքեւ կը հակազդեն, իսկ լիբանանցի ղեկավարներուն...

Աուտէ Եպիսկոպոսը  Ընդունեց Մաժտալանին

Աուտէ Եպիսկոպոսը Ընդունեց Մաժտալանին

Մաժտալանի եւ Աուտէ եպիսկոպոս Յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը երէկ ընդունեց Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ տիրող սառած իրավիճակն ու քաղաքական ապակայունութիւնը: Հանդիպումէն ետք Մաժտալանի շեշտեց, որ Աուտէ եպիսկոպոսը մնայուն կերպով յանձնառու է երկրին կայունութեան եւ քաղաքացիական անվտանգութեան` աւելցնելով, որ անոր կարծիքով, Լիբանանի մէջ տիրող անորոշութիւնն ու սառած...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, ամերիկեան վարչակարգը Փարիզի փոխանցած է, թէ ինք որոշած է Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը պահել իր պաշտօնին վրայ` նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ տիրող զգայուն կացութիւնը: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, ըստ որուն պենզինի թիթեղին սակը սղած է 100 լ. ոսկիով, կանաչ մազութինը` 200 լ. ոսկիով, իսկ կարմիր մազութինը` 100 լ. ոսկիով:...

Արազ Պուչաքճեան Արժանացաւ  ՄԱԿ-ի Լուսանկարչութեան Մրցանակին

Արազ Պուչաքճեան Արժանացաւ ՄԱԿ-ի Լուսանկարչութեան Մրցանակին

Արազ Պուչաքճեան Պէյրութի մէջ ՄԱԿ-ի տեղեկատուական կեդրոնին հովանաւորութեամբ, «Էքթ» միութիւնն ու «Սմարթ սենթըր» կեդրոնը կազմակերպեցին «Հանրային ծառայութիւնը լուսանկարի մէջ» խորագիրը կրող լուսանկարչական մրցում մը` ՄԱԿ-ի հիմնադրութեան 70-ամեակին առիթով: Այս մրցանքին մասնակիցներէն Արազ Պուչաքճեան արժանացաւ լուսանկարչութեան մրցանակին` ընտրելով «ՄԱԿ-ը կը ծառայէ հանրութեան» նիւթը: Ա. Պուչաքճեան ծանօթ է բազմաթիւ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու, որոնք կը գործեն ՄԱԿ-ի ներքեւ` աւելցնելով, որ ինք կ՛ապրի Պեքաայի...

Երկրագործութեան Նախարարին  Ու Կենսոլորտի Մասնագէտներուն Միջեւ  Կէսգիշերային Համաձայնութիւն Մը Կրնայ  Երկիրը Փրկել Աղբի Տագնապէն

Երկրագործութեան Նախարարին Ու Կենսոլորտի Մասնագէտներուն Միջեւ Կէսգիշերային Համաձայնութիւն Մը Կրնայ Երկիրը Փրկել Աղբի Տագնապէն

Երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ քաղաքացիական շարժումին կողմնակից կենսոլորտի մասնագէտներուն հետ, որոնց հետ քննարկուեցան Լիբանանի աղբերու տագնապին լուծման հեռանկարները: Երեք ժամ տեւած հանդիպումէն ետք, ժամը շուրջ 11:30-ին, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կենսոլորտի մասնագէտներուն բանբերը հաստատեց, որ Շեհայէպի հետ քննարկած են աղբի տագնապին լուծման ծրագիրին կենսոլորտային բաժինը: Ան շեշտեց, որ ծրագիրին բոլոր...

Ուժանիւթի Նախարարութիւնը Դարձաւ  Քաղաքացիական Ընկերութեան Թիրախը

Ուժանիւթի Նախարարութիւնը Դարձաւ Քաղաքացիական Ընկերութեան Թիրախը

Տարբեր նախարարութիւններու եւ պետական կառոյցներու դիմաց կատարած իր նստացոյցներուն շրջագիծին մէջ, քաղաքացիական ընկերութիւնը երէկ թիրախ դարձուց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը: «Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» շարժումի անդամներ երէկ առաւօտեան ժամը 8:00-ին անակնկալ կերպով ուղղուեցան նախարարութեան կեդրոնատեղի, ուր անոնք փորձեցին փակել նախարարութեան մուտքերէն մէկը: Այս պատճառով շարժումին անդամներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ արձանագրուեցան բախումներ, որոնք տեղւոյն վրայ հակակշիռի տակ առնուեցան, նախարարութեան կեդրոնատեղիին...

Page 900 of 986 1 … 899 900 901 … 986

Արխիւներ