ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի Ատհայի տօնին առիթով շնորհաւորեց լիբանանցիները եւ յոյս յայտնեց, որ այդ տօնը ըլլայ բաժանումները շրջանցելու եւ փոխըմբռնում յառաջացնելու առիթ մը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդատու Նատեր Հարիրի ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլին յայտնած է, թէ Սաատ Հարիրի համաձայն է բարձրաստիճան բանակայիններուն պաշտօնի բարձրացումին:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի յայտնեց, որ իրենց համար հաճելի չէ տեսնել, թէ չափաւորական անձնաւորութիւն մը հանրապետութեան նախագահ ընտրուած է:
ՔԱԹԱՐԵԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքը, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը, Ամալ շարժումն ու Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն պիտի ընտրեն հանրապետութեան նախագահ:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ շեշտեց, որ 11 հոկտեմբերին իրենց կատարելիք շարժումին նպատակն է փաստել, որ 13 հոկտեմբերը պիտի չկրկնուի:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ եթէ բարձրաստիճան բանակայիններուն պաշտօնի բարձրացման որոշումը քուէարկութեամբ որոշուի, ապա բոլոր որոշումներուն պարագային քուէարկութեան եղանակը պէտք է գործադրուի:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ Նիւ Եորքէն իր վերադարձէն ետք կառավարութիւնը պիտի հրաւիրէ նիստի:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի ընդգծեց, որ իրենք կը մերժեն առանց օրինական յստակ չափանիշներու զինուորականներու պաշտօնի բարձրացումը:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ շեշտեց, որ զինուորականներու պաշտօնը բարձրացնելու իրաւասութիւնը պէտք է սահմանափակուի բանակի հրամանատարութեամբ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական ուժերուն շարժումները մեկնաբանելու առումով կարելի է հաստատել, որ Ռուսիա կրակով կը խաղայ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին յայտնեց, որ Մոսկուա կը շարունակէ զօրակցիլ սուրիական վարչակարգին` աւելցնելով, որ իրենք երկխօսութիւնը պիտի շարունակեն, որովհետեւ որոշած են բոլորին հետ գործակցիլ: Ան աւելցուց, որ Ռուսիա ազատ է ցամաքային միջամտութեամբ օժանդակելու Սուրիոյ կառավարութեան:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ առկայ երկխօսութիւնը կ՛ուշացնէ լիբանանեան թղթածրարներուն լիբանանեան լուծումը եւ կը շարունակէ զանոնք պահել շրջանային ուժերուն ձեռքը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խտըր Հապիպ շեշտեց, որ քաղաքացիական ընկերութեան շարժումը իր կողմնացոյցը պէտք է փոխէ եւ Կեդրոնական Պէյրութի փոխարէն ուղղուի Ռապիէ:
ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ յայտնեց, որ Սուրիա ահաբեկչութեան դէմ յաղթանակ պիտի արձանագրէ` Սուրիոյ եւ այլ դաշնակից երկիրներու օժանդակութեամբ:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ ոտնձգութիւններ գործոց լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ` Մազարեհ Շեպաայի, Ապպասիէի, Ղաժարի եւ լիբանանեան այլ շրջաններու վերեւ թռիչքներ գործելով: