Լիբանանեան

Պըրժ Պարաժնէ Աւլեց Քանդումի Փոշին,  Իսկ Ցաւն Ու Մորմոքը Վերածեց Կամքը Զօրացնող Ներուժի`  Յաւելեալ Կառչածութիւն Ցուցաբերելով  Դիմադրութեան Նկատմամբ

Պըրժ Պարաժնէ Աւլեց Քանդումի Փոշին, Իսկ Ցաւն Ու Մորմոքը Վերածեց Կամքը Զօրացնող Ներուժի` Յաւելեալ Կառչածութիւն Ցուցաբերելով Դիմադրութեան Նկատմամբ

Ազգային սուգի մթնոլորտին մէջ, Պըրժ Պարաժնէի բնակիչները երէկ առաւօտեան արթնցան վկայելով Այն Սըքքէի աւերուած փողոցն ու վաճառատուները եւ իսկոյն անցան մաքրութեան աշխատանքին` նկատի ունենալով, որ քրէական ոստիկանութիւնը աւարտած էր իր աշխատանքը: Պըրժ Պարաժնէի քաղաքապետարանը իր ջանքերը ի գործ դրաւ եւ մինչեւ երեկոյ բնակիչներուն հետ միասնաբար գործելով քարուքանդ վիճակէն դուրս բերաւ շրջանը: Պըրժ Պարաժնէի քաղաքապետ Զուհէյր Ժալլուլ շեշտեց, որ պայթումին պատճառով...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Երէկ ՀՅԴ Տեղեկատուական գրասենեակը հետեւեալ դատապարտագիրը յղեց լիբանանեան լրատուամիջոցներուն: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը դատապարտէ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ գտնուող Պըրժ Պարաժնէի շրջանը հարուածած ահաբեկչական գործողութիւնը, որ պատճառեց մեծ թիւով զոհեր եւ վիրաւորներ: Մենք կը նկատենք, որ ահաբեկչական այս գործողութեան թիրախը բոլոր լիբանանցիներն են եւ ոչ թէ այս կամ այն շրջանը: Իսկ ահաբեկչութիւնը ո՛չ կրօն ունի, ո՛չ ալ յարանուանութիւն, եւ...

Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան  Ցաւակցական Հեռագիր Յղած Է  Վարչապետ Թամմամ Սալամին

Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ցաւակցական Հեռագիր Յղած Է Վարչապետ Թամմամ Սալամին

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ցաւակցական հեռագիր յղած է Լիբանանի վարչապետ Թամմամ Սալամին` 12 նոյեմբերին Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ տեղի ունեցած սահմռկեցուցիչ ահաբեկչական գործողութեան առիթով, որ 46 անմեղ զոհեր եւ հարիւրաւոր վիրաւորներ խլած է: «Խստօրէն կը դատապարտենք այդ անմարդկային ահաբեկչական գործողութիւնը, որուն նպատակը ինչպէս Լիբանանի, այնպէս ալ շրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան խաթարումն է: «Զօրակցութեան եւ սփոփանքի խօսք կը...

Օրէնսդրական Նիստը Չվաւերացուց  Քաղաքապետարաններուն Վերաբերող Ազգային  Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Օրինագիծը

Օրէնսդրական Նիստը Չվաւերացուց Քաղաքապետարաններուն Վերաբերող Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Օրինագիծը

Խորհրդարանը երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին գումարեց օրէնսդրական իր նիստը, որուն ընթացքին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ Հարաւային արուարձաններու բնակիչներուն զգաստութիւնը եւ գիտակցութիւնը շատ աւելի ծանր կը կշռէ, քան ահաբեկչական սադրիչներունը: «Ահաբեկչական խմբաւորումները իրենց արարքներուն պատասխանատուութիւնը ստանձնող յայտարարութեամբ բացայայտեցին ահաբեկիչներուն ինքնութիւնը` սադրանքներ պատճառելու եւ լիբանանցիները իրենց սուրիացի եւ պաղեստինցի եղբայրներուն դէմ լարելու նպատակով, սակայն Հարաւային արուարձաններու բնակիչները կատարեալ արթնութեամբ դիմադրեցին...

Լիբանանեան Քաղաքական Գրեթէ Բոլոր  Ուժերուն Միջեւ Գոյացած Ընդարձակ  Համաձայնութենէն Օր Մը Ետք.   Ահաբեկչական Դատապարտելի Արարքներ  Կը Ցնցեն Հարաւային Արուարձաններու Պըրժ Պարաժնէ  Շրջանը` Խլելով 43 Զոհեր  Եւ Վիրաւորելով 239 Ուրիշներ

Լիբանանեան Քաղաքական Գրեթէ Բոլոր Ուժերուն Միջեւ Գոյացած Ընդարձակ Համաձայնութենէն Օր Մը Ետք. Ահաբեկչական Դատապարտելի Արարքներ Կը Ցնցեն Հարաւային Արուարձաններու Պըրժ Պարաժնէ Շրջանը` Խլելով 43 Զոհեր Եւ Վիրաւորելով 239 Ուրիշներ

Լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ տիրող շուրջ մէկ տարուան լարուածութեան մթնոլորտէն ետք, նախանցեալ օր` 11-11-2015-ին գոյացաւ համաձայնութիւն մը, որ բոլորին կողմէ գնահատուեցաւ իբրեւ ազգային համերաշխութեան եւ միասնականութեան յաղթանակը: Այդ յաղթանակը դրսեւորուեցաւ երէկ` խորհրդարանին գումարած օրէնսդրական նիստին վաւերացուցած օրինագիծերուն ընդմէջէն: Ափսոս սակայն, որ այդ յաղթանակը տեւեց միայն 24 ժամ եւ ուրախութեամբ համակուած լիբանանցիին սիրտը դարձեալ լացաւ ահաբեկչութեան պատճառած իսկական ողբերգութեամբ, որուն հետեւանքները...

Խորհրդարանը Երկու Վայրկեան Յոտնկայս  Լռութեամբ Յարգեց Անարգ Ոճիրի  Զոհերուն Յիշատակը.  Օրէնսդրական Նիստը Վաւերացուց  Աւելի Քան 20 Օրինագիծեր,  Որոնց Մէջ Նաեւ Քաղաքացիութեան  Յատուկ Օրինագիծը

Խորհրդարանը Երկու Վայրկեան Յոտնկայս Լռութեամբ Յարգեց Անարգ Ոճիրի Զոհերուն Յիշատակը. Օրէնսդրական Նիստը Վաւերացուց Աւելի Քան 20 Օրինագիծեր, Որոնց Մէջ Նաեւ Քաղաքացիութեան Յատուկ Օրինագիծը

Իր գումարած վերջին նիստէն տարի մը ետք, խորհրդարանը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, գումարեց անհրաժեշտութեան օրէնսդրութեան իր նիստը, որուն ընթացքին վաւերացուեցան աւելի քան 20 օրինագիծեր, որոնց մեծ մասը Լիբանանի վերաբերող ելեւմտական յանձնառութիւններ եւ համաձայնութիւններ են, որոնք ուղղակիօրէն կապուած են այլ պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ: Նիստին պաշտօնական բացումը կատարեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի` ներկայութեամբ կառավարութեան: Խօսք առաւ վարչապետ Թամմամ Սալամ,...

Միջլիբանանեան Համաձայնութեան Մը  Գոյացման Լոյսին Տակ.   Օրէնսդրական Նիստը Այսօր Կը Գումարուի  Խորհրդարանին Մեծամասնութեամբ

Միջլիբանանեան Համաձայնութեան Մը Գոյացման Լոյսին Տակ. Օրէնսդրական Նիստը Այսօր Կը Գումարուի Խորհրդարանին Մեծամասնութեամբ

  Հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող վերջին մէկ տարուան ընկճուածութեան մթնոլորտին, եւ վերջերս` նախորդ հինգ ամիսներուն ընթացքին քաղաքական ուժերուն միջեւ սաստկացած լարուածութեան, որ այսօր կրնար իր գագաթնակէտին հասնիլ եւ դրսեւորուիլ մագլցողական քայլերով, երէկ Սէուտական Արաբիոյ մէջ «հրաշք հանդիպում»-ի մը ընթացքին այդ մտահոգիչ մթնոլորտը փարատեցաւ` յանգելով լուծումի մը: Ռիատի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել եւ նախարարներ Ժըպրան...

ՖԻՆԻՒԼ Լիբանանեան Պետութեան  Յանձնեց Իր Գործակալ-Պաշտօնեան

ՖԻՆԻՒԼ Լիբանանեան Պետութեան Յանձնեց Իր Գործակալ-Պաշտօնեան

ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ իր մօտ գործող լիբանանցի պաշտօնեան, որ վերջերս Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու տնօրէնութեան կողմէ ամբաստանուած է Իսրայէլի հաշուոյն կատարած գործակալութեան յանցանքով, արդէն իսկ լիբանանեան պետութեան յանձնուած է: Միւս կողմէ, բանակի հրամանատարութիւնը հաղորդեց, որ Արսալի իր ջոկատները ռմբակոծած են Արսալի եւ Ռաս Պաալպեքի բարձունքները` թիրախ դարձնելով զինեալներուն դիրքերը: Միւս կողմէ,...

Սէյիտ Նասրալլա Կոչ Կ՛ուղղէ Ազգային  Ընդարձակ Համաձայնութիւն Մը Գոյացնելու

Սէյիտ Նասրալլա Կոչ Կ՛ուղղէ Ազգային Ընդարձակ Համաձայնութիւն Մը Գոյացնելու

Սէյիտ Հասան Նասրալլա Կազմակերպութեամբ Հըզպալլայի, երէկ կէսօրէ ետք Հարաւային արուարձաններու «Սէյիտ Շուհատա» համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ «Նահատակի օր»-ուան նուիրուած ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած խօսք մը: Անդրադառնալով լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերուն` սէյիտ Նասրալլա ըսաւ. «Նախընտրելի է, որ քաղաքական բոլոր կողմերը ներկայ գտնուին օրէնսդրական նիստին, որովհետեւ երկիրը յուզող քաղաքական տագնապին ընդմէջէն կը նկատենք,...

«Մայատին» Պատկերասփիւռի Կայանին  Սփռումին Հարցը «Արապսաթ»-ի Հետ Է  Եւ Ոչ Թէ Լիբանանեան Պետութեան

«Մայատին» Պատկերասփիւռի Կայանին Սփռումին Հարցը «Արապսաթ»-ի Հետ Է Եւ Ոչ Թէ Լիբանանեան Պետութեան

Հասան Ֆատլալլա Տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա երէկ նախագահեց յանձնախումբին նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին Լիբանանէն սփռումը կասեցնելու մասին վարկածները: Նիստէն ետք Ֆատլալլա շեշտեց, որ «Մայատին» կայանին հարցը «Արապսաթ» արբանեակային ընկերութեան վարչութեան հետ է եւ ոչ թէ լիբանանեան պետութեան` օրինական թէ վարչական առումով: Ֆատլալլա նշեց, որ «Մայատին»-ի եւ «Արապսաթ»-ի միջեւ...

Հաղորդագրութիւն

ՀՅԴ-ն Կոչ Կ՛ուղղէ Յետաձգելու Հինգշաբթի Օրուան Նիստը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ յայտարարեց. «Կոչ կ՛ուղղենք խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին, որ յետաձգէ հինգշաբթի օրուան համար հրաւիրուած խորհրդարանի նիստը` առիթ տալու համար յաւելեալ ճիգ ներդրելու եւ յաւելեալ խորհրդակցութիւններ ծաւալելու, որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովել ներկայութիւնը աւելի մեծ թիւով խորհրդարանական պլոքներու ու յատկապէս կշիռ ունեցող քրիստոնէական պլոքներու»: Բագրատունի աւելցուց. «Անգամ մը եւս կրկնելով յետաձգումի մեր առաջարկը` ՀՅ...

Օրէնսդրական Նիստին Օրինականութեան  Իմաստով Տարակարծութիւնները Կը Մնան Տիրական

Օրէնսդրական Նիստին Օրինականութեան Իմաստով Տարակարծութիւնները Կը Մնան Տիրական

Մինչ խորհրդարանը կը պատրաստուի վաղուան իր օրէնսդրական նիստին, այսօր կէսօրուան ժամը 12:00-ին պիտի հնչէ նախագահական ընտրութիւն կատարելու զանգը, որուն անսալու դժուարութիւնը` օրինաթիւի չգոյութիւնը, շատ հաւանաբար կրկնուի: Այս կացութեան շրջագիծին մէջ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնները կառչած կը մնան իրենց կեցուածքին` ընտրական եւ քաղաքացիութեան օրինագիծերը օրակարգի վրայ նկատի չունենալու պատճառով օրէնսդրական նիստին իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու իմաստով: Միւս կողմէ,...

Սամի Ժեմայէլ Ընդունեց Ֆրենժիէն,  Ռիաշին Եւ Քանաանը

Սամի Ժեմայէլ Ընդունեց Ֆրենժիէն, Ռիաշին Եւ Քանաանը

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ կէսօրին Պիքֆայայի մէջ ընդունեց Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը: Հանդիպումէն ետք Ֆրենժիէ շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն կը մնայ իրենց առաջին եւ վերջին նախագահական թեկնածուն` նշելով, որ շարք մը հարցերու մէջ իրենք կը համաձայնին, սակայն կարգ մը հարցերու...

«Ոչ Ոքի Արտօնուած Է Կառավարութեան Մարտահրաւէր Կարդալ»  Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Վարչապետ Սալամ Մեկնեցաւ Ռիատ

Վարչապետ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ եւ անոր ընկերակցող լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութիւնը երէկ ուղղուեցաւ Ռիատ` մասնակցելու համար արաբական եւ լատինամերիկեան երկիրներու Դ. վեհաժողովին: Վարչապետ Սալամին ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կը կազմեն փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, ինչպէս նաեւ վարչականներ եւ լրագրողներ: Վարչապետ Սալամ օդանաւին մէջ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք...

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքը Կոչ Ուղղեց  Երեսփոխանական Պլոքներուն Ազգային  Շահերէն Մեկնելով Ներկայ Գտնուելու Օրէնսդրական Նիստին

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքը Կոչ Ուղղեց Երեսփոխանական Պլոքներուն Ազգային Շահերէն Մեկնելով Ներկայ Գտնուելու Օրէնսդրական Նիստին

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ երէկ նախագահեց պլոքի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: Նիստէն ետք երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա յոյս յայտնեց, որ խորհրդարանը բաղկացնող քաղաքական բոլոր կողմերը ներկայ գտնուին օրէնսդրական նիստին: Ան կոչ ուղղեց բոլոր պլոքներուն ներկայ գտնուելու օրէնսդրական նիստին` երկրին ազգային շահերէն մեկնելով: Անդրադառնալով աղբի տագնապին լուծման թղթածրարին` Ֆատլալլա շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ դրած...

Լիբանանեան Ուժերու, Ազգային Ազատ Հոսանքի  Եւ  Փաղանգաւորներու Եւ  Մուսթաքպալի  Երեսփոխանները Շարունակեցին Քննարկել  Քաղաքացիութեան Օրինագիծը

Լիբանանեան Ուժերու, Ազգային Ազատ Հոսանքի Եւ Փաղանգաւորներու Եւ Մուսթաքպալի Երեսփոխանները Շարունակեցին Քննարկել Քաղաքացիութեան Օրինագիծը

Մուսթաքպալ հոսանքի, Լիբանանեան ուժեր, Ազգային ազատ հոսանք եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւններուն երեսփոխաններուն միջեւ նախանցեալ օր սկսած խորհրդակցական նիստը շարունակուեցաւ երէկ` ներկայութեամբ երեսփոխաններ Ժամալ Ժարրահի, Ահմետ Ֆաթֆաթի, Հատի Հպէյշի, Սամիր Ժսըրի, Նաամթալլա Ապի Նասըրի, Իպրահիմ Քանաանի, Ալեն Աունի, Էլի Մարունիի, Էլի Քէյրուզի, Անթուան Զահրայի, Ժորժ Ատուանի եւ Պութրոս Հարպի: Շուրջ երեք ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ քաղաքացիութեան օրինագիծը: Նիստը   աւարտեցաւ առանց վերջնական...

Ժահժահ. «Այս Հանգրուանին Թաէֆին   Այլընտրանք Չկայ, Եւ Կը Վստահինք  Մուսթաքպալին Ու Հարիրիին»

Ժահժահ. «Այս Հանգրուանին Թաէֆին Այլընտրանք Չկայ, Եւ Կը Վստահինք Մուսթաքպալին Ու Հարիրիին»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ կէսօրին Մեհրապի մէջ ընդունեց Դրամատուներու սեփականատէրերու միութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյը, որուն հետ քննարկեց դրամատնային մարզին վերաբերող հարցեր: Հանդիպումէն ետք Ժահժահ յոյս յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նկատի ունենայ տիրող բոլոր հարցերը, որոնց շարքին` խորհրդարանի օրինականութեան հարցը, որ բաւական զգայուն է եւ որուն վտանգումը Թաէֆի համաձայնագիրը խոցելու համազօր է: «Այս հանգրուանին Թաէֆին այլընտրանք...

Մինչեւ Ե՛րբ Քարկոծել Եզակի Այս Կառոյցը (Լիբանանեան Բանակի 70-Ամեակ)

Բանակը Եւ Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերը Ձերբակալեցին Ահաբեկիչներ

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, բանակը Արսալի մէջ ձերբակալած է սուրիացիներ Մոհամետ Ապտել Հալիմ Թրատն ու Հիւսէյն Խալետ Օսմանը, որոնք ահաբեկչական կազմակերպութիւններու անդամներ են եւ բանակին դէմ բախումներու մասնակցած: Նշենք, որ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Ֆնայտեքի մէջ ձերբակալեց զինեալ խմբաւորումի անդամ մը: Միւս կողմէ, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը ձերբակալած են երկու լիբանանցիներ, որոնց մօտ գտնուած են  ականներ. ի յայտ եկած է,...

Հարիրի Պիտի Վերադառնայ Լիբանան

Հարիրի Պիտի Վերադառնայ Լիբանան

Սաատ Հարիրի Վստահելի աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ  նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի յառաջիկայ հինգ շաբաթներուն ընթացքին պիտի վերադառնայ Լիբանան: Միւս կողմէ, նոյն աղբիւրները բացայայտեցին, որ երկուքուկէս տարի առաջ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի Հըզպալլային փոխանցած է նամակ մը, որուն մէջ Ռիատի առաջարկով Լիբանանի մէջ շիիները ներկայացնող զոյգ թեւերը Սէուտական Արաբիոյ մէջ պէտք է հաշտուին Հարիրիի հետ եւ ամբողջական...

«Յառաջիկայ Օրերուն Ահաբեկչական  Յաւելեալ Ցանցեր Պիտի Բացայայտուին»  Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

«Յառաջիկայ Օրերուն Ահաբեկչական Յաւելեալ Ցանցեր Պիտի Բացայայտուին» Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

Ապպաս Իպրահիմ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ նշեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը կը պայքարին ահաբեկչութեան իսրայէլեան եւ հաւատադրժողական երեսներուն դէմ: Ան շեշտեց, որ հաւատադրժողական ցանցերը հալածելու զուգահեռ, իրենք չեն թերացած նաեւ Իսրայէլի հաշուոյն աշխատող գործակալները հետապնդելու առաքելութեան մէջ: «Ի վերջոյ, այս երկու ուղղութիւններուն վրայ պայքարելով է, որ կրնանք պաշտպանել երկիրը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իրենք իրենց պարտականութիւնն է, որ կը...

Page 886 of 986 1 … 885 886 887 … 986

Արխիւներ