ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ իր մօտ գործող լիբանանցի պաշտօնեան, որ վերջերս Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու տնօրէնութեան կողմէ ամբաստանուած է Իսրայէլի հաշուոյն կատարած գործակալութեան յանցանքով, արդէն իսկ լիբանանեան պետութեան յանձնուած է:
Միւս կողմէ, բանակի հրամանատարութիւնը հաղորդեց, որ Արսալի իր ջոկատները ռմբակոծած են Արսալի եւ Ռաս Պաալպեքի բարձունքները` թիրախ դարձնելով զինեալներուն դիրքերը:
Միւս կողմէ, բանակը Քահի մէջ գտնուող սուրիացի գաղթականներուն յատուկ ապաստանարանի մը մէջ կատարած է խուզարկումներ եւ ձերբակալած երկու անհատներ, որոնք ահաբեկչական կազմակերպութիւններու անդամներ են:
ՆՇԵՆՔ, որ ուշ գիշերին Թրիփոլիի Ապի Սամրա շրջանին մէջ կաշառակերութեան յանցանքով ձերբակալուեցաւ շէյխ Ուիսամ Մասրի, որ նախապէս մասնակցած է առեւանգուած բանակայիններուն ազատ արձակման բանակցութիւններուն:


