Կազմակերպութեամբ Հըզպալլայի, երէկ կէսօրէ ետք Հարաւային արուարձաններու «Սէյիտ Շուհատա» համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ «Նահատակի օր»-ուան նուիրուած ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած խօսք մը:
Անդրադառնալով լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերուն` սէյիտ Նասրալլա ըսաւ. «Նախընտրելի է, որ քաղաքական բոլոր կողմերը ներկայ գտնուին օրէնսդրական նիստին, որովհետեւ երկիրը յուզող քաղաքական տագնապին ընդմէջէն կը նկատենք, որ կայ բաց մը, որուն շնորհիւ բոլոր հարցերը կը մնան անլոյծ»:
Աղբի տագնապին մասին խօսելով` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ այդ իմաստով Լիբանանի կառավարութիւնը, պետութիւնը, քաղաքական ուժերը, կուսակցութիւններն ու ժողովուրդը` բոլորը ձախողած են անոր լուծում մը գտնել:
«Հետեւաբար կը հաստատենք, որ երկրին հարցերը առանձին-առանձին լուծելու ձեւը ապարդիւն է, եւ կոչ կ՛ուղղեմ ազգային ընդարձակ համաձայնութիւն մը գոյացնելու», ընդգծեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ ընտրական օրէնքը հիմքն է երկրին պետութեան կառուցման եղանակին. անիկա կը նշանակէ, թէ երկիրը, արիւնը, հողը, գոյութիւնը, ապագան, գերիշխանութիւնը, ազատութիւնը եւ անկախութիւնը որո՛ւն կը յանձնուի: «Այս կարեւորութենէն մեկնելով, մենք կ՛ընդգծենք այդ մասին լուրջ խորհրդակցութիւններու անհրաժեշտութիւնը եւ այդ իմաստով կը յայտնենք մեր պատրաստակամութիւնը», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա աւելցուց, որ պէտք չէ սպասել, որ այս կամ այն պետութիւնը լիբանանցի պատասխանատուները զետեղէ օդանաւի մը մէջ եւ զանոնք փոխադրէ վայր մը` համաձայնութիւն գոյացնելու նպատակով:
«Պէտք է վերջ տալ ժամանակ շահելու ու խուսափելու քաղաքականութեան եւ կիրարկուող ներքին սպառումին, ինչպէս նաեւ սահման մը դնել արտաքին ուժերուն վստահելու քաղաքականութեան, որովհետեւ արտաքին աշխարհը չէ շահագրգռուած Լիբանանով», եզրափակեց սէյիտ Նասրալլա: