Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սամի Ժեմայէլ Ընդունեց Ֆրենժիէն, Ռիաշին Եւ Քանաանը

November 11, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

samy-gemayel-sleiman-franjieh_111015

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ կէսօրին Պիքֆայայի մէջ ընդունեց Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

Հանդիպումէն ետք Ֆրենժիէ շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն կը մնայ իրենց առաջին եւ վերջին նախագահական թեկնածուն` նշելով, որ շարք մը հարցերու մէջ իրենք կը համաձայնին, սակայն կարգ մը հարցերու մէջ ունին իւրայատուկ տեսակէտներ, որոնք կ՛արդարացնեն իրենց նպատակները:

«Բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու գծով մեր կեցուածքը տարբեր էր զօր. Աունի տեսակէտէն: Մենք համոզուած էինք, որ անկարելի էր քաղաքական մեր խմբաւորումէն բանակի հրամանատար մը ընտրել, հետեւաբար յարմար նկատեցինք ներկայ հրամանատարին պաշտօնավարութեան երկարաձգումը: Ինծի համար զօր. Ռուքոզը կարեւոր է, որքան որ կարեւոր է զօր. Աունը, սակայն մենք իրապաշտ ենք եւ դէպքերուն զարգացումները կը կարդանք: Իսկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի համաձայնութիւններու անձնաւորութիւնն է եւ օրէնսդրական նիստին օրինականութիւնը ապահովուած է, հետեւաբար կը զօրակցիմ որեւէ համաձայնութեան, որ հարց կը լուծէ», ըսաւ ան:

Ֆրենժիէ նշեց, որ ինք քրիստոնեայ համայնքին երամին մէջ չի ճախրեր պարզապէս քրիստոնեայ ըլլալու սիրոյն, այլեւ` իր համոզումները կը պարտադրեն իրեն նկատի ունենալ քրիստոնեայ համայնքին շահերը:

Այս շրջագիծին մէջ ան շեշտեց, որ ինք կը զօրակցի ընտրական օրէնքի մը, որ կը ներկայացնէ քրիստոնեաները, ինչպէս նաեւ նեցուկ կը կանգնի ընտրական օրէնքի մը, որ արդար ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ քրիստոնեաներուն, «սակայն այդ օրինագիծը օրէնսդրական նիստին օրակարգին վրայ նկատի չունենալը պատճառ չէ, որ այս հանգրուանին անոր համար հարց ստեղծենք», աւելցուց ան:

Ֆրենժիէ հաստատեց, որ օրէնսդրական աշխատանքը քրիստոնեայ համայնքին իրաւունքները չի հարուածեր, իսկ ելեւմտական պարտաւորութիւնները պէտք է կատարել նախքան Նոր տարին:

«Մենք կը զօրակցինք օրէնսդրական աշխատանքին եւ կը յարգենք Փաղանգաւոր կուսակցութեան կեցուածքը: Կը յուսանք նաեւ, որ կառավարութիւնը վերադառնայ իր նիստերուն, իսկ կտրականապէս կը մերժենք այն տարակարծութիւնները, որոնք կը խոցեն քրիստոնեայ համայնքին իրաւունքները», յայտնեց ան:

Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Սամի Ժեմայէլի հետ իր յարաբերութիւնները անձնական ու քաղաքական առումով բացառիկ են եւ միշտ ալ դրական եղած են:

Իր կարգին, Ժեմայէլ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահին բացակայութեան օրէնսդրական հակասահմանադրական է եւ հակաօրինական:

Ան նշեց, որ Ֆրենժիէի հետ իր յարաբերութիւնը 6 տարիէ ի վեր կայ եւ անիկա հիմնուած է փոխադարձ յարգանքի, անկեղծութեան եւ թափանցիկութեան վրայ:

«Մենք կարիքը ունինք իրարու հետ խորհրդակցելու եւ աշխատանքը համադրելու, որպէսզի լիբանանցիները փրկենք այս կացութենէն», շեշտեց Ժեմայէլ` հաստատելով, որ այս բոլոր հարցերուն լուծման բանալին նախագահական ընտրութիւնն է:

Նշենք, որ կէսօրէ առաջ Ժեմայէլ հանդիպում մը ունեցած էր Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական եւ յարաբերական հարցերու պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշիի հետ:

Իսկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին Ժեմայէլ Սայֆիի մէջ դարձեալ ընդունեց Ռիաշին` ընկերակցութեամբ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի:

Հանդիպումէն ետք Քանաան յայտնեց, որ կը գտնուին երկրի մը մէջ, ուր բազմազանութիւն կայ եւ ժողովրդավարութիւն, իսկ վերջին տարիներուն ինքզինք կը պարտադրէ համախոհական ժողովրդավարութիւնը, որուն վերջ մը կարելի չէ դնել, երբ կարգը իրենց է:

«Մենք յանձնառու կը մնանք մեր հիմնական սկզբունքներուն եւ կ՛ուղղուինք դէպի յաւելեալ խորհրդակցութիւն», ըսաւ ան` շեշտելով, որ խորհրդարանը բաղկացնող երեք գլխաւոր տարրերուն` Ազգային ազատ հոսանք, Փաղանգաւոր եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն բացակայութեան կարելի չէ օրէնսդրական նիստ մը գումարել:

 

 

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Մեկնեցաւ Ռիատ

Յաջորդը

Օրէնսդրական Նիստին Օրինականութեան Իմաստով Տարակարծութիւնները Կը Մնան Տիրական

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.