
Մինչ խորհրդարանը կը պատրաստուի վաղուան իր օրէնսդրական նիստին, այսօր կէսօրուան ժամը 12:00-ին պիտի հնչէ նախագահական ընտրութիւն կատարելու զանգը, որուն անսալու դժուարութիւնը` օրինաթիւի չգոյութիւնը, շատ հաւանաբար կրկնուի:
Այս կացութեան շրջագիծին մէջ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնները կառչած կը մնան իրենց կեցուածքին` ընտրական եւ քաղաքացիութեան օրինագիծերը օրակարգի վրայ նկատի չունենալու պատճառով օրէնսդրական նիստին իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու իմաստով:
Միւս կողմէ, Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը իր կարգին պոյքոթի պիտի ենթարկէ այդ նիստին իր մասնակցութիւնը` կառչած մնալով այն թեզին, թէ առանց հանրապետութեան նախագահի կարելի չէ օրէնսդրական աշխատանք կատարել:
Երկրին մէջ տիրող այս կացութեան զուգահեռ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:
Նիստէն ետք զօր. Աուն հաստատեց, որ «կան կարեւոր հարցեր, որոնք արտակարգ են եւ այդ պատճառով ալ նախ եւ առաջ անոնց կ՛ուզեմ անդրադառնալ»:
Այս առումով ան հաստատեց, որ Հըզպալլայի հետ իրենց յարաբերութիւնը Պաալպեքի բերդէն աւելի կանգուն է եւ այդ յարաբերութեան մասին ոչ ոքի արտօնուած է խօսիլ, կարծիք յայտնել կամ մեկնաբանութիւն կատարել:
Միւս կողմէ, ան շեշտեց, որ լիբանանցին այսօր կը դիմագրաւէ հիմնական երեք աղբանոցներ` քաղաքական, տեղեկատուական եւ բնական` ընդգծելով, որ տեղեկատուութեան մարզը իրենց հաշուոյն սխալներ կը գործէ եւ անարդար կը գտնուի, «իսկ եթէ այս երկրին մէջ դատական իշխանութիւնները առողջ ըլլային, ապա այս իմաստով անմիջական որոշում կու տային», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ օրին ինք նախկին նախագահ Էլիաս Հըրաուիի դէմ դատական հարց յարուցած է, որովհետեւ ան զինք ամբաստանած է պետութեան գումարները իւրացնելու յանցանքով:
«Իսկ այսօր տեղեկատուական մարզը պետութեան գաղտնի սպասարկութեան օժանդակութեամբ եւ անոնց պատասխանատուներուն իմացութեամբ կը խօսի` ներկայացնելով կեղծ փաստաթուղթեր: Այս շրջագիծին մէջ կ՛իյնայ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը եւ լրագրող Էլի Մահֆուզ, որոնց դէմ դատական հարցեր պիտի յարուցենք», նշեց ան:
Անդրադառնալով օրէնսդրական նիստին` զօր. Աուն յայտնեց, որ այդ նիստը կորսնցուցած է իր օրինականութիւնը, որովհետեւ անոր կը պակսին օրէնքը, հաւասարակշռութիւնն ու համագործակցութիւնը:
Ան յայտնեց, որ օրէնսդրական նիստին օրակարգը ամբողջութեամբ ելեւմտական թղթածրարի օրէնսդրութեան չի վերաբերիր: «Դրամական եւ վարկերու օրինագիծերուն վաւերացման համաձայն ենք, սակայն կը պահանջենք նաեւ ընտրական օրինագիծին քննարկումը», ըսաւ ան:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ ոչ ոք կրնայ զիրենք ետ մղել իրենց իրաւունքները ստանալու առումով: «Այդ իրաւունքները քրիստոնեաներուն իրաւունքները չեն, այլ` բոլոր լիբանանցիներուն իրաւունքները, որոնք պիտի իրականանան համամասնական ընտրական օրէնքի մը շնորհիւ», աւելցուց ան:
Զօր. Աուն հաստատեց, որ օրէնսդրական այս նիստը, որ ոմանց գնահատումով օրինական կը նկատուի, պակասաւոր է, եւ «այդ իմաստով մենք վաղը կէսօրին պիտի դիմենք զօրաւոր միջոցառումներու»:


