Լիբանանեան

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Մուքպելը

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Մուքպելը

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս լիբանանեան քաղաքական կարգ մը ուժերու կողմէ կառավարութեան նիստ մը գումարելու պահանջին մանրամասնութիւնները: Հանդիպումէն ետք Մուքպել շեշտեց, որ վարչապետ Սալամի կեցուածքը յստակ է այն իմաստով, որ նախքան երկիրը յուզող աղբի տագնապին լուծումը կարելի չէ այլ հարցեր քննարկել: Մուքպել նշեց, որ վարչապետ Սալամ...

Բանակը Թրիփոլիի Մէջ Կը Ձերբակալէ Ահաբեկիչ Մը

Բանակին Համաձայն` Մոհամետ Հուժէյրի Մասնակցած Է Արսալի Զոյգ Պայթումներուն

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ արգելափակեալ ահաբեկիչ Մոհամետ Իպրահիմ Հուժէյրիի (ծանօթ` Քահրուպ անունով) հարցաքննութեան իբրեւ արդիւնք ի յայտ եկած է, թէ ան Իպրահիմ Աթրաշի ցանցին անդամ է եւ մասնակցած է ինքնաշարժներ ականելու արարքներուն, ինչպէս նաեւ անդամակցած է Քալամունի մէջ գործող ՏԱՀԵՇ-ին: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ ան մաս կազմած է Անաս Խալետի ղեկավարած «Ժունտ...

Ժեմայէլ. «Պըրժ Պարաժնէի Պայթումէն Ետք  Կառավարութեան Կողմէ Արտակարգ Նիստ Մը  Չգումարելը Լիբանանցիներուն Դէմ Գործուած Ոճիր Է»

Ժեմայէլ. «Պըրժ Պարաժնէի Պայթումէն Ետք Կառավարութեան Կողմէ Արտակարգ Նիստ Մը Չգումարելը Լիբանանցիներուն Դէմ Գործուած Ոճիր Է»

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ նախանցեալ օր նախագահեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան նիստին, որմէ ետք ան յայտնեց, որ Պըրժ Պարաժնէի մէջ գործուած անձնասպանական գործողութիւններէն ետք կառավարութեան կողմէ արտակարգ նիստ մը չգումարելը լիբանանցիներուն դէմ գործուած ոճիր է: Ժեմայէլ շեշտեց, որ կառավարութիւնը պատասխանատու է լիբանանցի ժողովուրդին գերագոյն շահերուն հսկողութեան: Ան վերահաստատեց նաեւ, որ անցեալ հինգշաբթի օրուան օրէնսդրական նիստը լիբանանեան սահմանադրութեան դէմ գործուած խախտում...

«Լիբանանը Ահաբեկչութեան Թիրախ  Դարձնելու Մնայուն Որոշում Կայ»  Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

«Լիբանանը Ահաբեկչութեան Թիրախ Դարձնելու Մնայուն Որոշում Կայ» Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ կոչ ուղղեց բոլոր երկիրներուն միջեւ տեղեկութիւններու փոխանակման, որպէսզի կարելի ըլլայ յաւելեալ յաջողութիւններ արձանագրել` ահաբեկչութեան դէմ մղուելիք պայքարին իմաստով: Ապպաս Իպրահիմ ընդգծեց ահաբեկչական արարքները կանխարգիլելու միջոցներուն դիմելու կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ Լիբանանը ահաբեկչութեան թիրախ դարձնելու մնայուն որոշում կայ եւ այդ որոշումը ուղղակիօրէն ահաբեկիչներուն մօտ կը գտնուի: Ապպաս Իպրահիմ նշեց, որ նախորդ շաբաթներուն ընթացքին ձերբակալուածները ՏԱՀԵՇ-ի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌԵՒԱՆԳՈՒԱԾ բանակայիններուն հարազատներուն անունով Հիւսէյն Եուսեֆ յայտնեց, որ կառավարութեան համար բանակայիններուն թղթածրարը առաջնահերթութիւն է` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը կատարեալ լրջութեամբ կը հետեւի այդ թղթածրարին: ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ կոչ ուղղեց եւրոպական պետութիւններուն իրենց երկիրներէն դուրս արտաքսելու Իսլամ եղբայրներուն ղեկավարները: ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ պաղեստինեան միացեալ ուժերու պատասխանատու Մունիր Մաքտահ շեշտեց, որ Պըրժ Պարաժնէի պաղեստինեան գաղթակայանին մէջ պիտի որդեգրուին ապահովական խիստ...

Պըրրի Այսօր Պիտի Նախագահէ  Երկխօսութեան Նիստին

Պըրրի Այսօր Պիտի Նախագահէ Երկխօսութեան Նիստին

Դեսպան Զայէտ եւ Պըրրի Նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, Ազգային երկխօսութեան նիստը այսօր պիտի գումարուի Այն Թինէի մէջ, խորհրդարանին փոխարէն: Միւս կողմէ, երէկ Պըրրի ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Պատրէտտին Զայէտը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Եգիպտոսի դեսպանը դարձեալ դատապարտեց անցեալ շաբթուան ընթացքին գործուած ահաբեկչական արարքը` աւելցնելով, որ անիկա ոչ միայն Լիբանանը հարուածած չարիք է, այլեւ` Եգիպտոսը,...

Պասիլ Ընդունեց Միացեալ Նահանգներու  Եւ Իտալիոյ Դեսպանները

Պասիլ Ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Եւ Իտալիոյ Դեսպանները

Պասիլ եւ Ճոնզ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Ճոնզը: Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Ճոնզ դատապարտեց Պըրժ Պարաժնէն հարուածած ահաբեկչութիւնը, որուն լոյսին տակ դրուատեց ապահովութեան ուժերուն արագութիւնը` բացայայտելու ահաբեկչական այդ բջիջը: Ան յոյս յայտնեց, որ բանակն ու ապահովութեան ուժերը կարենան քողազերծել այդ դէպքին բոլոր ծալքերը:...

Բանակը Կը Շարունակէ Հետապնդել Ահաբեկիչները  Եւ Պաշտպանել Երկրին Սահմաններն  Ու Քաղաքացիական Անվտանգութիւնը

Բանակը Կը Շարունակէ Հետապնդել Ահաբեկիչները Եւ Պաշտպանել Երկրին Սահմաններն Ու Քաղաքացիական Անվտանգութիւնը

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը նախանցեալ գիշեր Պէյրութի Ուաթա Մուսայթպէ շրջանին մէջ կատարած է խուզարկումներ, որոնց ընթացքին ձերբակալած է չորս սուրիացիներ, որոնց մօտ գտած է զէնք ու զինամթերք, ինչպէս` «Քալաշնիքով» տիպի գնդացիրներ, «Էր. Փէ. Ժէ.» տիպի նռնականետեր, հեռադիտակներ եւ զինուորական այլ իրեր: Երեկոյեան բանակի հրամանատարութեան կողմէ հրապարակուած երկրորդ հաղորդագրութեան մը համաձայն, նշուեցաւ, որ...

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Առեւանգուած  Բանակայիններուն Ընտանիքները

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Առեւանգուած Բանակայիններուն Ընտանիքները

Միւֆթի Ժուզուի հետ հանդիպումէն պահ մը Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները, որոնց հետ քննարկեց անոնց զաւակները ազատ արձակելու ջանքերուն մանրամասնութիւնները: ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ առեւանգուած բանակային Մոհամետ Եուսեֆի հայրը` Հիւսէյն Եուսեֆ, երէկ երեկոյեան «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Ժապհաթ Նուսրայի Քալամունի էմիր Ապու Մալեք Թալլին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է առեւանգուած բանակայիններուն հարազատներուն հետ եւ անոնցմէ պահանջած...

«Հաշուետուութեան Պիտի Կանչենք» Շարժումը Կոչ Կ՛ուղղէ Քայլարշաւի

Քաղաքացիական ընկերութեան խմբաւորումներէն «Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւը երէկ կոչ ուղղեց քայլարշաւի մը, որ պիտի կատարուի կիրակի, 22 նոյեմբեր 2015-ին` սկսելով Թանգարանի շրջանէն, հասնելով մինչեւ Ռիատ Սոլհ, պահանջելու համար Լիբանանի իսկական անկախութեան կերտումը: Արշաւին անդամները կոչ ուղղեցին բոլոր լիբանանցիներուն, ինչպէս նաեւ լիբանանեան քաղաքական ուժերու համակիրներուն մասնակցելու քայլարշաւին, որուն մասնակիցները պիտի կրեն միայն լիբանանեան դրօշներ:

Արթիւր Նազարեան Չինաստանի Դեսպանէն  Ստանձնեց Արեւու Ճառագայթներով Լուսաւորող  Սիւներու Նուիրատուութիւն Մը

Արթիւր Նազարեան Չինաստանի Դեսպանէն Ստանձնեց Արեւու Ճառագայթներով Լուսաւորող Սիւներու Նուիրատուութիւն Մը

Նախարար Նազարեան Չինաստանի դեսպանէն կը ստանձնէ նուիրատուութիւնը Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ճիանկ Ճիանկ եւ Բարգաւաճման եւ վերաշինութեան խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըր: Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարուեցաւ, որ նախարար Նազարեան ստանձնած է արեւու ճառագայթներով լուսաւորող 500 սիւներու նուիրատուութիւն մը, որ նախատեսուած է Տորայի,...

Մաշնուք. «Պըրժ Պարաժնէի Ահաբեկչական  Գործողութիւնը  Անկարելի Է Որ Վերջինը Ըլլայ»

Մաշնուք. «Պըրժ Պարաժնէի Ահաբեկչական Գործողութիւնը Անկարելի Է Որ Վերջինը Ըլլայ»

Նուհատ Մաշնուք` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութեան կեդրոնին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին բացայայտեց, թէ Պըրժ Պարաժնէն հարուածած ահաբեկչական գործողութեան իսկական թիրախը Ռասուլ Աազամ հիւանդանոցն էր, սակայն ապահովութեան ուժերուն կողմէ որդեգրուած միջոցառումները արգելք հանդիսացած էին, որ ահաբեկիչները իրենց գործողութիւնը կարենան հոն յաջողցնել, հետեւաբար անոնք ուղղուած էին Պըրժ Պարաժնէ: Մաշնուք...

Լուծումներու Տեղքայլի Լոյսին Տակ.  Լիբանան Կը Շարունակէ Դիմակալել Քաղաքական, Տնտեսական Ու Կենսոլորտային Հարցերը

Լիբանանեան Քաղաքական Անձնաւորութիւններ Կը Դատապարտեն Ֆրանսան Հարուածած Ահաբեկչական Գործողութիւնները

Վարչապետ Թամմամ Սալամ խստիւ դատապարտեց Փարիզի պայթումները` շեշտելով, որ անոնք անարգ ոճիրներ են, որոնք թիրախ կը դարձնեն մարդկային գերագոյն արժէքները: Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտեց, որ Հարաւային արուարձաններէն մինչեւ Փարիզ քաղաքները տարբեր են, սակայն զանոնք հարուածող ահաբեկչութիւնը մէկ է: Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ խստիւ դատապարտեց Ֆրանսան հարուածած ահաբեկչութիւնը` ընդգծելով, որ շրջանառութեան մէջ դրուած հաւատադրժողական ահաբեկչութիւնը մէկ...

Սէյիտ Նասրալլա Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղէ  Ազգային Ընդարձակ Համաձայնութեան

Սէյիտ Նասրալլա Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղէ Ազգային Ընդարձակ Համաձայնութեան

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա շաբաթ երեկոյեան ժամը 8:30-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն ընթացքին խստիւ դատապարտեց Ֆրանսայի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի գործած ահաբեկչութիւնները` շեշտելով, որ շրջանի բնակիչները, որոնք ամէնէն աւելի ծանօթ են ՏԱՀԵՇ-ի բռնարարքներուն, լաւապէս կը հասկնան ահաբեկչութեան պատճառած ցաւը: «Մարդկային եւ բարոյական առումով մենք ամբողջական զօրակցութիւն կը յայտնենք Ֆրանսայի զոհերուն ընտանիքներուն», շեշտեց ան: Սէյիտ Նասրալլա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց,...

Պասիլ. «Լիբանանը Եւ Ֆրանսան Թիրախ  Դարձուցած Ահաբեկչութիւնները  Զուգադիպութիւններ Չեն»

Պասիլ. «Լիբանանը Եւ Ֆրանսան Թիրախ Դարձուցած Ահաբեկչութիւնները Զուգադիպութիւններ Չեն»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ Վիեննայի մէջ գումարուած Սուրիոյ տագնապին լուծման նիստին ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանը եւ Ֆրանսան նոյն ընթացքին ահաբեկչութեան թիրախ դարձնելը զուգադիպութիւն չէ` աւելցնելով, որ այս զոյգ երկիրները խօսքի եւ կրօնի ազատութեան, ինչպէս նաեւ բազմազանութիւն խորհրդանշող երկիրներ են: «Իսկ գրեթէ 24 ժամուան տարբերութեամբ գործուած այս ահաբեկչական արարքներէն կարելի չէ բաժնել անոնցմէ քանի մը...

Մինչեւ Ե՛րբ Քարկոծել Եզակի Այս Կառոյցը (Լիբանանեան Բանակի 70-Ամեակ)

Բանակը Կը Ռմբակոծէ Արսալի Եւ Ռաս Պաալպեքի Բարձունքները

Լիբանանեան բանակը երէկ երեկոյեան զօրաշարժի ենթարկեց արեւելեան լեռնաշղթային վրայ գտնուող իր դիրքերը եւ բուռն կերպով ռմբակոծեց Արսալի եւ Ռաս Պաալպեքի բարձունքները` ուղղակի վնասներ արձանագրելով զինեալներուն շարքերուն մէջ: Միւս կողմէ, հիւսիսային Պեքաայի մէջ լսուեցան պայթումներ, որոնք ըստ անպաշտօն աղբիւրներու, ռուսական ուղղաթիռներուն կողմէ Քաայի մօտակայքը գտնուող զինեալներու դիրքերուն ռմբակոծումներուն արդիւնք էր:  

«Պըրժ Պարաժնէի Անձնասպանական Գործողութիւններուն  Հետաքննութիւնը Կարեւոր Զարգացումներու Յանգած Է»  Շեշտեց Սամիր Համմուտ

«Պըրժ Պարաժնէի Անձնասպանական Գործողութիւններուն Հետաքննութիւնը Կարեւոր Զարգացումներու Յանգած Է» Շեշտեց Սամիր Համմուտ

Սամիր Համմուտ Ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտ յայտնեց, որ Պըրժ Պարաժնէն թիրախ դարձուցած ահաբեկչական գործողութիւններուն մասին բացուած հետաքննութիւնը կարեւոր զարգացումներու եւ արդիւնքներու յանգած է: Ան նշեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը իր գիտական եւ թեքնիք աշխատանքներուն շրջագիծին մէջ կրցած է բացայայտել անձնասպանական գործողութեան երկրորդ հեղինակին ինքնութիւնը` աւելցնելով, որ անձնասպանական գործողութեան առաջին հեղինակը ականուած մոթորսիքլեթով գործած էր պայթումը: Համմուտ ընդգծեց, որ ջանքերը տակաւին...

Անթոնիօ Հաշեմ` Պէյրութի  Իրաւաբաններու Սենտիքայի Նոր Նախագահ

Անթոնիօ Հաշեմ` Պէյրութի Իրաւաբաններու Սենտիքայի Նոր Նախագահ

Անթոնիօ Հաշեմ Պէյրութի Իրաւաբաններու սենտիքայի կեդրոնատեղիին մէջ երէկ տեղի ունեցան սենտիքայի նախագահի ընտրութիւններ, որուն աւարտին Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու թեկնածու Անթոնիօ Հաշեմ ընտրուեցաւ սենտիքայի նախագահ` պարտութեան մատնելով իր հիմնական մրցակիցները` Փիեռ Հաննան եւ Նատեր Գասպարը, որոնք Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն զօրակցութիւնը վայելող թեկնածուներ էին: Հաշեմ ընտրուեցաւ 2646 քուէով: Իր ընտրութենէն ետք, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան թեկնածու, սենտիքայի նորընտիր նախագահ Հաշեմ...

Հարիրի. «Լիբանանի Տագնապին Առողջ Լուծումը  Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելն Է»

Հարիրի. «Լիբանանի Տագնապին Առողջ Լուծումը Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելն Է»

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտնեց, որ Պըրժ Պարաժնէի բնակչութեան նկատմամբ իրենց ցուցաբերած զօրակցութիւնը բարոյական պարտաւորութիւն է եւ ազգային պատասխանատուութիւն` աւելցնելով, որ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը պէտք է ամէն տարակարծութենէ վեր ըլլայ: «Լիբանանը սադրանքներէ պահպանելու համար կարիքը ունինք ճակատագրական որոշումներու, որպէսզի երկրին մէջ արձանագրուելիք բախումները կանխարգիլուին: Այս առումով, կը հաստատենք, որ երկրին տագնապին առողջ լուծումը նախագահական ընտրութիւն կատարելն է», ըսաւ ան:  

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ կատարուելիք երկխօսութիւնը առկախուած է: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ ողջունեց խորհրդարանին կատարած օրէնսդրական աշխատանքը: ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի կոչ ուղղեց առաջադրելու այնպիսի նախաձեռնութիւններ, որոնց պարտականութիւնն է երկրին սահմանադրական հաստատութիւնները վերաշխուժացնել: ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ նախարարաց խորհուրդը պէտք է վերադառնայ իր աշխատանքին, որպէսզի լիբանանեան պետութեան աշխատանքը վերստին ընթացք...

Page 885 of 986 1 … 884 885 886 … 986

Արխիւներ