Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ նշեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը կը պայքարին ահաբեկչութեան իսրայէլեան եւ հաւատադրժողական երեսներուն դէմ: Ան շեշտեց, որ հաւատադրժողական ցանցերը հալածելու զուգահեռ, իրենք չեն թերացած նաեւ Իսրայէլի հաշուոյն աշխատող գործակալները հետապնդելու առաքելութեան մէջ:
«Ի վերջոյ, այս երկու ուղղութիւններուն վրայ պայքարելով է, որ կրնանք պաշտպանել երկիրը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իրենք իրենց պարտականութիւնն է, որ կը կատարեն եւ պիտի ընդդիմանան երկրին ապահովութեան սպառնացող բոլոր վտանգներուն:
Իպրահիմ շեշտեց, որ յառաջիկայ օրերուն ահաբեկչական յաւելեալ ցանցեր պիտի բացայայտուին: