Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օրէնսդրական Նիստը Չվաւերացուց Քաղաքապետարաններուն Վերաբերող Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Օրինագիծը

November 14, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

22364536464_3207a3677b_k

Խորհրդարանը երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին գումարեց օրէնսդրական իր նիստը, որուն ընթացքին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ Հարաւային արուարձաններու բնակիչներուն զգաստութիւնը եւ գիտակցութիւնը շատ աւելի ծանր կը կշռէ, քան ահաբեկչական սադրիչներունը:

«Ահաբեկչական խմբաւորումները իրենց արարքներուն պատասխանատուութիւնը ստանձնող յայտարարութեամբ բացայայտեցին ահաբեկիչներուն ինքնութիւնը` սադրանքներ պատճառելու եւ լիբանանցիները իրենց սուրիացի եւ պաղեստինցի եղբայրներուն դէմ լարելու նպատակով, սակայն Հարաւային արուարձաններու բնակիչները կատարեալ արթնութեամբ դիմադրեցին այդ դաւին»:

Իր կարգին, վարչապետ Թամմամ Սալամ շեշտեց երկրին կայունութեան սպառնացող գրգռութիւններուն միասնաբար դէմ դնելու կարեւորութիւնը:

Օրէնսդրական նիստին ընթացքին վաւերացուեցան օրակարգի վրայ գտնուող գրեթէ բոլոր օրինագիծերը, ինչպէս` ահաբեկչութեան դէմ պայքարին վերաբերող օրինագիծ մը, Աքքարի եւ Պաալպեքի բարգաւաճման խորհուրդներ յառաջացնելու օրինագիծերը, ինչպէս նաեւ առաջարկուեցաւ քննել ոչ լիբանանցիի հետ պսակուած լիբանանցի կնոջ կողմէ իր զաւակներուն քաղաքացիութիւն շնորհելու  իրաւունքի հարցը, ընտրական օրէնքի հարցը, Աուալի գետէն Իքլիմ Խարուպի ոռոգման հարցը եւ քաղաքացիութիւն վերստանձնելու օրէնքը լիբանանեան բոլոր համայնքներուն միջեւ հաւասարապէս բաժնելու կարելիութիւնները:

Իսկ քաղաքապետարաններուն դրամական իրաւունքներուն վերաբերող Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան օրինագիծը, որուն համաձայն, բջիջային հեռաձայնի շահերէն գոյացած գումարները ուղղակի պէտք է փոխանցուին քաղաքապետարաններուն, մերժուեցաւ եւ փոխարինուեցաւ վարչապետ Սալամի կողմէ հրապարակուելիք շրջաբերականով:

Այդ օրինագիծին դէմ արտայայտուեցաւ Մուսթաքպալ պլոքը, որուն երեսփոխաններէն Ահմետ Ֆաթֆաթ սպառնաց խորհրդարանի օրինաթիւը խախտել, ինչ որ ապշեցուց խորհրդարանի նախագահը:

Պըրրին լուսաբանելու նպատակով, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա շեշտեց, որ այդ օրինագիծին մասին համաձայնութիւն գոյացած է Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ եւ ոչ թէ Մուսթաքպալ հոսանքին:

 

 

Նախորդը

Ահաբեկչական Ծանր Հարուածներու Շարք` Ֆրանսայի Սրտին Մէջ. Շուրջ 160 Զոհ

Յաջորդը

Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ցաւակցական Հեռագիր Յղած Է Վարչապետ Թամմամ Սալամին

RelatedPosts

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

September 17, 2026
Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է,  Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ  Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական  Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»
Լիբանանեան

Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է, Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.