Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանը Երկու Վայրկեան Յոտնկայս Լռութեամբ Յարգեց Անարգ Ոճիրի Զոհերուն Յիշատակը. Օրէնսդրական Նիստը Վաւերացուց Աւելի Քան 20 Օրինագիծեր, Որոնց Մէջ Նաեւ Քաղաքացիութեան Յատուկ Օրինագիծը

Նոյեմբեր 13, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Parlement---1_111215

Իր գումարած վերջին նիստէն տարի մը ետք, խորհրդարանը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, գումարեց անհրաժեշտութեան օրէնսդրութեան իր նիստը, որուն ընթացքին վաւերացուեցան աւելի քան 20 օրինագիծեր, որոնց մեծ մասը Լիբանանի վերաբերող ելեւմտական յանձնառութիւններ եւ համաձայնութիւններ են, որոնք ուղղակիօրէն կապուած են այլ պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ:

Նիստին պաշտօնական բացումը կատարեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի` ներկայութեամբ կառավարութեան:

Խօսք առաւ վարչապետ Թամմամ Սալամ, որ յայտնեց, թէ ազգային պահերու ընթացքին է, որ խորհրդարանը կը գումարէ իր նիստը` շնորհիւ Պըրրիի եւ քաղաքական բոլոր ղեկավարներուն ի գործ դրած ճիգերուն:

Վարչապետ Սալամ յոյս յայտնեց, որ այս կացութիւնը իր ազդեցութիւնը ունենայ երկրին դիմագրաւած դժուար կացութեան վրայ` մաղթելով, որ իրենք անգամ մը եւս առիթը ունենան լիբանանցիներուն փաստելու, թէ իրենք կառչած կը մնան Լիբանանի ազգային միասնականութեան` ընդգծելով միաժամանակ, որ անոր պետական հաստատութիւնները կը կազմեն երկրին հիմքը:

Ապա խօսք առաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, որ խորհրդարանի նախագահէն պահանջեց նիստը վերածել նախագահական ընտրութեան նիստի` գործադրելու համար սահմանադրութեան 75-րդ յօդուածը:

Պատասխանելով Ժեմայէլի առաջարկին` Պըրրի յայտնեց, որ` «իրաւունքդ է այս առաջարկը ներկայացնել եւ անիկա Լիբանանի շահերուն կը ծառայէ, սակայն այս նիստը օրէնսդրական է եւ կարելի չէ զայն նախագահական ընտրութեան նիստի վերածել»: «Եթէ անպայման կը փափաքի խորհրդարանը նախագահական նիստ մը գումարել, ես պատրաստ եմ նոյնիսկ կէս գիշերուան համար նիստ մը ճշդելու», ըսաւ Պըրրի:

Այս պատասխանին լոյսին տակ, Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ ինք եւ իր երեսփոխանական պլոքը կը լքեն նիստը:

Parlement---4_111215

Խորհրդարանէն մեկնումի պահուն, Ժեմայէլ շեշտեց, որ երկրին սահմանադրութիւնը լրջօրէն կը խախտուի` աւելցնելով, որ իրենք նիստը լքած են, որովհետեւ զայն հակասահմանադրական կը նկատեն:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութեան առաջնահերթութիւնը փոխարինելու ընտրական օրէնքին առաջնահերթութեամբ:

Երեսփոխաններ Անթուան Զահրա եւ Մարուան Համատէ շեշտեցին նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Իր կարգին, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա պահանջեց կազմել յանձնախումբ մը, որուն մէջ ներկայացուին քաղաքական բոլոր կողմերը` մշակելու համար ընտրական օրինագիծ մը:

Կէսօրէ առաջ տեղի ունեցած նիստին ընթացքին արձանագրուեցաւ բանավէճ մը` բանակին զինման եւ անոր կարիքներուն վերաբերող օրինագիծին շուրջ:

Այս բանավէճին լոյսին տակ խորհրդարանի նախագահը կազմեց յանձնախումբ մը, որուն մաս կազմեցին պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, ելեւմտական հարցերու եւ պետական պիւտճէի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան եւ պաշտպանութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Սամիր Ժսըր:

Յանձնախումբին պարտականութիւն տրուեցաւ սերտել լիբանանեան բանակին տրամադրուած սէուտական նուիրատուութեան վերաբերող օրինագիծը եւ ճշդել բանակին կարիքները:

Երեկոյեան Նիստ

Անհրաժեշտութեան օրէնսդրութեան երկրորդ նիստը սկսաւ երեկոյեան ժամը 5:15-ին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ լիբանանեան բանակին կարիքներուն վերաբերող յանձնախումբին օրինագիծը, որ վաւերացուեցաւ:

Այս օրինագիծին շրջագիծին մէջ բանակին պիտի տրամադրուի 1348 միլիառ լ. ոսկիի գումար մը:

Երեկոյեան նիստին ընթացքին վաւերացուեցաւ նաեւ քաղաքացիութեան օրինագիծը:

Նիստէն ժամ մը ետք, Հարաւային արուարձանները թիրախ դարձուցած պայթումներուն լուրէն ետք, Պըրրի յայտարարեց նիստին աւարտը` խորհրդարանէն պահանջելով երկու վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգել Պըրժ Պարաժնէի անարգ ոճիրի զոհերուն յիշատակը:

Պըրրի խորհրդարանի այսօրուան նիստը ճշդեց կէսօրուան ժամը 1:00-ին` շեշտելով, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը զիրենք պիտի չսարսափեցնէ:

Սակայն աւելի ուշ խորհրդարանի այսօրուան նիստը յետաձգուեցաւ երեկոյեան ժամը 5:00-ին:

Բողոքի Ցոյցեր

tsuyts_nejme_111215

Նշենք, որ խորհրդարանին շրջակայքը եւ Նըժմէի հրապարակին վրայ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ուսանողներ երկրին սահմանադրութեան խորհրդանշական յուղարկաւորութիւն մը կատարեցին` բողոքելու համար օրէնսդրական նիստին դէմ:

Սամի Ժեմայէլ եւ անոր ընկերակցող Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխանները ուղղուեցան Նըժմէ հրապարակ, ուր Ժեմայէլ յայտնեց, որ իրենք նիստը լքած են, երբ Պըրրի մերժած է օրէնսդրական նիստը վերածել նախագահական ընտրութեան նիստի:

Իրենց կարգին, քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչները բողոքի ցոյց մը կատարեցին` պահանջելով լուծել աղբի տագնապը եւ շեշտեցին, որ իրենք պիտի շարունակեն պայքարիլ փտածութեան դէմ:

Անոնցմէ ոմանք երէկ առաւօտեան կարգ մը նախարարութիւններու կեդրոններուն դիմաց աղբ նետեցին:

Խորհրդարանին շրջակայքը կատարուող բողոքի ցոյցերուն միացան նաեւ լիբանանցի կիներ, որոնց տակաւին կը զլացուի իրենց զաւակներուն քաղաքացիութիւն շնորհել, ինչպէս նաեւ հին վարձուորներ, որոնք մերժեցին վարձքի նոր օրէնքին գործադրութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

Մինչ ՏԱՀԵՇ Մօտալուտ Յարձակումով Կը Սպառնայ Ռուսիոյ. «Ուաշինկթըն Սուրիական Վարչակազմը Տապալելու Համար Իր Գրաւը Դրաւ ՏԱՀԵՇ-ի Կարողութեան Վրայ» Ըսաւ Զախարովա

Յաջորդը

Թուրք Զինուորներ Վանի Եկեղեցին Իբրեւ Արտաքնոց Կը Գործածեն

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?