Լիբանանեան

Տօնական Արձակուրդը Առիթ` Աւելի Լրջախոհ Մօտեցումով Դիմակալելու Յառաջիկայ Տարուան Հիմնահարցերը

Տօնական Արձակուրդը Առիթ` Աւելի Լրջախոհ Մօտեցումով Դիմակալելու Յառաջիկայ Տարուան Հիմնահարցերը

Մոհամետ մարգարէի ծննդեան տօնով արդէն Լիբանան թեւակոխեց տօնական արձակուրդի իր «դադար»-ը, որ առիթ պիտի տայ լիբանանցիներուն, յատկապէս` ղեկավարներուն «շունչ մը քաշելու եւ խորասուզուելու երկիր»ը յուզող հիմնահարցերուն մէջ` աւելի լրջախոհ կեցուածքով ու նոր եռանդով դիմակալելու քաղաքական, ընկերային, ապահովական թէ տնտեսական հիմնահարցերն ու մարտահրաւէրները: Արդարեւ, բոլոր կողմերուն մօտ հասարակաց համախոհութիւն կը տիրէ` փութալու հարցերու լուծման: Սակայն իւրաքանչիւր կողմ լուծման իրեն յատուկ «յայտագիրը»...

Բանակը Թրիփոլիի Մէջ Կը Ձերբակալէ Ահաբեկիչ Մը

Բանակը Քաղաքացիներէն Պահանջեց Ընդառաջել Իր Որդեգրած Ապահովական Միջոցառումներուն

Տօնական օրերու նախօրեակին երկրի հոգեւոր, զբօսաշրջական, առեւտրական կեդրոններու եւ առհասարակ ապահովութեան ամրապնդման միջոցառումներուն ծիրին մէջ, շրջաբերականով մը բանակի հրամանատարութիւնը յայտնեց, որ ձեռնարկած է ապահովական-հետախուզական քայլերու եւ շրջուն անցարգելներու հաստատման: Այս գծով շրջաբերականը քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց ընդառաջելու նշեալ միջոցառումներուն եւ դիւրացնելու ապահովական տարրերու գործունէութիւնը:  

Վերահաստատելով Իր Երկրի Զօրակցութիւնը Լիբանանին`  «Անհրաժեշտ Է Արմատական Լուծում Գտնել Գաղթականներու Հարցին»  Շեշտեց Իտալիոյ Վարչապետը

Վերահաստատելով Իր Երկրի Զօրակցութիւնը Լիբանանին` «Անհրաժեշտ Է Արմատական Լուծում Գտնել Գաղթականներու Հարցին» Շեշտեց Իտալիոյ Վարչապետը

Կարճատեւ այցելութիւն մը տալով Լիբանանի` Իտալիոյ վարչապետ Մաթէօ Ռինցի երէկ անջատ հանդիպումներ ունեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ այլ պատասխանատուներու հետ: Այս առիթով միացեալ մամլոյ ասուլիս մը տալով վարչապետարանին մէջ, Իտալիոյ վարչապետը վերահաստատեց իր երկրին զօրակցութիւնը Լիբանանին` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է արմատական լուծում գտնել սուրիացի գաղթականներու հարցին: Վարչապետ Ռինցի խորապէս գնահատեց Լիբանանի մարդասիրական եւ բարոյական կեցուածքը` նշելով...

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում  Համախմբումի Հերթական Նիստի Աւարտին.  «Կը Մերժենք Աղբերու Արտահանման Ծրագիրը»  Յայտարարեց Ժրայսաթի

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Հերթական Նիստի Աւարտին. «Կը Մերժենք Աղբերու Արտահանման Ծրագիրը» Յայտարարեց Ժրայսաթի

«Կը մերժենք աղբերու արտահանման գծով նախարարաց խորհուրդի վերջին նիստին որդեգրած ծրագիրը», յայտարարեց նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի` պահանջելով արմատական ու երկարաշունչ ծրագիրներ մշակել աղբերու երկրէն հեռացման ու առհասարակ այս հարցի լուծման գծով: Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի շաբաթական հերթական նիստին աւարտին կատարած իր յայտարարութեամբ Ժրայսաթի զօր. Միշել Աունի անունով շնորհաւորեց լիբանանցիները Մոհամետ մարգարէի Ծննդեան տօնին, Ս. Ծննդեան եւ Ամանորին առիթով: Ժրայսաթի նաեւ...

Մոհամետ Մարգարէի Ծննդեան Տօնին Առիթով`  Վարչապետ Թամմամ Սալամ Շնորհաւորական Այցելութիւններ Տուաւ Իսլամ Հոգեւոր Պետերուն

Մոհամետ Մարգարէի Ծննդեան Տօնին Առիթով` Վարչապետ Թամմամ Սալամ Շնորհաւորական Այցելութիւններ Տուաւ Իսլամ Հոգեւոր Պետերուն

Տօնական օրերու սեմին վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ շնորհաւորական անջատ այցելութիւններ տուաւ հանրապետութեան միւֆթի Ապտել Լաթիֆ Տրիանի, շէյխ Ապտ էլ Էմիր Քապալանի եւ շէյխ Նայիմ Հասանի: Միւս կողմէ, հաղորդագրութեամբ մը վարչապետ Սալամ շնորհաւորեց լիբանանցիները տօնական օրերուն առիթով` մաղթելով, որ Ամանորը դիմաւորենք, մեր հիմնահարցերէն, յատկապէս` նախագահական թափուր աթոռի տաղտուկէն ազատած ըլլալով: Իր կարգին, միւֆթի Տրիան իր շնորհաւորութիւնները յայտնեց Մոհամետ մարգարէի ծննդեան տօնին...

Յատուկ Յուշագիր Յղելով ՄԱԿ-ի Ընդհանուր  Քարտուղարին Եւ Սամանթա Փաուըրին`  Նախարար Պասիլ Մտավախութիւն Յայտնեց Սուրիացիներու Լիբանան Բնակեցման Հաւանականութեան Գծով

Յատուկ Յուշագիր Յղելով ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին Եւ Սամանթա Փաուըրին` Նախարար Պասիլ Մտավախութիւն Յայտնեց Սուրիացիներու Լիբանան Բնակեցման Հաւանականութեան Գծով

Արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլ անջատ յուշագիրներ յղեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի այժմու նախագահ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Սամանթա Փաուըրի` անոնց ուշադրութեան յանձնելով ՄԱԿ-ի թիւ 2254 որոշումը, ուր պատերազմի աւարտին սուրիացի գաղթականներու կամքին կը ձգուի անոնց Սուրիա տունդարձը: Այս գծով նախարար Պասիլ իր մտավախութիւնը յայտնեց սուրիացի գաղթականներու Լիբանան բնակեցման հաւանականութեան մտադրութեանց գծով եւ ըսաւ. «Ան...

Յառաջիկայ 5 Յունուարէն Սկսեալ.  Լիբանան Ապաստանած Սուրիացիներու Գծով Կեցութեան Նոր Պայմաններ

Յառաջիկայ 5 Յունուարէն Սկսեալ. Լիբանան Ապաստանած Սուրիացիներու Գծով Կեցութեան Նոր Պայմաններ

Վերջերս շրջան կ՛ընեն կարգ մը տեղեկութիւններ, ըստ որոնց, լիբանանեան իշխանութիւնները կեցութեան յատուկ պայմաններ պիտի պարտադրեն Լիբանան ապաստանած սուրիացիներու գծով: «Ախպար Եաում» լրատու գործակալութիւնը այս մասին կը թուէ նշեալ պայմաններէն քանի մը հատը, որոնք պիտի գործադրուին 5 յունուար 2016-էն սկսեալ. 1.- Կեցութեան փաստաթուղթերու նորոգութեան ուշացման պարագային, մէկ ամիս անց ամսական 100 տոլար, իսկ տարեկան 1000 տոլար տուգանք պիտի վճարէ ենթական, այլապէս...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

«ՅԻՍՈՒՍ ծնաւ, Ալէլուիա» ողջոյնը կրող պաստառով եւ Կաղանդի հսկայ ծառով Նոր տարին ու Ս. Ծնունդը դիմաւորող տեսարանը խիստ ուշագրաւ եւ համալիբանանեան տօնական մթնոլորտ ստեղծած է Հարաւային արուարձաններու շրջանին մէջ, ուր շատ քիչ թիւով քրիստոնեաներ կ՛ապրին: ՏՕՆԱԿԱՆ օրերու սեմին, երկրի անդորրութեան եւ ապահովութեան հսկելու միտող իրենց որդեգրած միջոցառումներուն ծիրին մէջ, ապահովական ուժեր շարունակեցին իրենց փնտռտուքներն ու հետախուզութիւնները եւ ձերբակալեցին Ա. Մ....

«Մենք Սեփական Շահերու  Շուրջ Բանակցող Կուսակցութիւն Չենք»  Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

«Մենք Սեփական Շահերու Շուրջ Բանակցող Կուսակցութիւն Չենք» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

  ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Մուսթաքպալ» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելու առումով Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի անձին շուրջ առաջարկուած «համաձայնութիւն»-ը պարզապէս առաջարկ մըն է, որ կատարուած է, «եւ այդ առաջարկը կը կարօտի յաւելեալ յստակացումի», ըսաւ ան: Յ. Բագրատունի անդրադարձաւ անցեալ շաբթուան ընթացքին պատկերասփռուած Ֆրենժիէի մէկ հարցազրոյցին ընթացքին...

Մինչ Սէյիտ Նասրալլա  Կը Սպառնայ Իսրայէլի,  Կառավարութիւնը Կ՛որոշէ  Աղբերը Հեռացնել Լիբանանէն

Մինչ Սէյիտ Նասրալլա Կը Սպառնայ Իսրայէլի, Կառավարութիւնը Կ՛որոշէ Աղբերը Հեռացնել Լիբանանէն

Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ երէկ կատարուած Սամիր Քանթարի յուղարկաւորութենէն ժամեր ետք, անոր սպանութեան մասին Դիմադրութեան պաշտօնական կեցուածքը ներկայացուց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա: Երեկոյեան ժամը 8:30-ին, ուղղակի պատկերասփռուած ճառի մը ընդմէջէն սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Իսրայէլ կը նկատուի Քանթարի սպանութեան պատասխանատուն եւ սպառնաց պատասխանել Քանթարի սպանութեան գործողութեան` յարմար պահուն ու վայրին մէջ: Մինչ սէյիտ Նասրալլա իր ճառը կ՛արտասանէր, վարչապետարանին...

Հարաւային Արուարձաններուն Մէջ.  Սամիր Քանթարի Մարմինը Յանձնուեցաւ Հողին

Հարաւային Արուարձաններուն Մէջ. Սամիր Քանթարի Մարմինը Յանձնուեցաւ Հողին

2008-ին իսրայէլեան արգելարանէն ազատ արձակուած Հըզպալլայի անդամներէն Սամիր Քանթարի մարմինը երէկ յանձնուեցաւ հողին: Հարաւային արուարձաններուն մէջ կատարուած յուղարկաւորութեան արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հըզպալլայի տասնեակ հազարաւոր համակիրներ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով քաղաքական անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Այուպ Հըմայէտ: Հըզպալլայի դրօշակով ծածկուած Քանթարի դագաղը ուսամբարձ փոխադրուեցաւ Հըզպալլայի նահատակներուն յատուկ դամբարանը` Իսրայէլի դէմ արձակուած կանչերով ու դատապարտումներով: Քանթարի յուղարկաւորութեան...

«Մեր Իրաւունքն Է Պատասխանել Քանթարի  Սպանութեան Գործողութեան`  Յարմար Պահուն Ու Վայրին Մէջ»  Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

«Մեր Իրաւունքն Է Պատասխանել Քանթարի Սպանութեան Գործողութեան` Յարմար Պահուն Ու Վայրին Մէջ» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին անդրադարձաւ Հըզպալլայի պատասխանատուներէն Սամիր Քանթարի սպանութեան` շեշտելով, որ իրենց համար յստակ է, թէ Իսրայէլ բացայայտ գործողութեամբ մը ահաբեկած է Սամիր Քանթարը` իսրայէլեան օդուժին գործած ռմբակոծումին միջոցով: Անոնք ռմբակոծած են շէնք մը, ուր կը գտնուէր Քանթարը, սուրիացի այլ պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ շարք մը քաղաքացիներ: Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Քանթարի ազատ արձակումին...

Այն Թինէ.  Երկխօսութեան Նիստը Քննարկեց Նախարարաց  Խորհուրդին Գործունէութիւնը  Աշխուժացնելու Կարելիութիւնները

Այն Թինէ. Երկխօսութեան Նիստը Քննարկեց Նախարարաց Խորհուրդին Գործունէութիւնը Աշխուժացնելու Կարելիութիւնները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին Այն Թինէի մէջ նախագահեց ազգային երկխօսութեան նիստին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին երկրին վարչապետն ու լիբանանեան քաղաքական ուժերուն ներկայացուցիչները, որոնց շարքին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Նիստէն բացակայեցան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, որ ներկայացուեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի կողմէ, եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար,...

Պատկան Կողմերուն  Պատգամ Ուղղելով`  Իսրայէլ Իր Նորագոյն  Թիրախը Դարձուց Սամիր Քանթարը

Պատկան Կողմերուն Պատգամ Ուղղելով` Իսրայէլ Իր Նորագոյն Թիրախը Դարձուց Սամիր Քանթարը

Եօթը տարուան ազատութենէ ետք Լիբանանեան ազգային դիմադրութեան մարտիկներէն Սամիր Քանթար շաբաթ երեկոյ իր ընկերակիցներուն հետ զոհ գնաց Սուրիոյ Ժարամանա շրջանին մէջ պատահած հրթիռարձակման: Նախնական տեղեկութեանց համաձայն, իսրայէլեան հինգ հրթիռներ թիրախ դարձուցած են այն շէնքը, ուր կը գտնուէր Քանթար խումբ մը զինակից ընկերներու հետ: Ծագումով տիւրզի Սամիր Քանթար երկարամեայ արգելափակումէ ետք, 2006-ին ազատ արձակուած էր իր իսրայէլեան բանտախուցէն, Հըզպալլայի մօտ գտնուած...

Նախագահական Ընտրութեան  Նախաձեռնութեան Մասին Որոշ Կողմերու  Լռութիւնը  Ստեղծած Է Շփոթ Մը

Լիբանանցիներու Անլոյծ Հարցերը Դարձեալ Յետաձգուեցան Յառաջիկայ Տարուան

Լիբանանցիներու հայեացքները այս օրերուն սեւեռած են երկրին վարիչներուն ձեռնարկելիք նախաձեռնութեանց եւ կեցուածքներուն վրայ` երկիրը զբաղեցնող քաղաքական, ընկերային թէ տնտեսական հիմնահարցերու գծով: Արդարեւ, հակառակ արտաքին քաղաքական թէ ապահովական հարցերու դասաւորումով Լիբանանի մէջ յառաջանալիք անդորրութեան  ակնկալութեանց եւ յոյսերուն, քաղաքացիք կրկին յուսախաբ մնացին: Նախապէս կը խօսուէր շրջանային հարցերու եւ թնճուկներու լուծման մասին, որոնք իրենց կարգին բարւոք ազդեցութիւն պիտի ունենան Լիբանանի վրայ, այսուհանդերձ լիբանանցիներու...

Խոստովանելով, Որ Կը Ծրագրէին  Ահաբեկչական Գործողութիւններ Իրագործել.  ՏԱՀԵՇ-ի Երկու Տարրեր Ձերբակալուեցան

Խոստովանելով, Որ Կը Ծրագրէին Ահաբեկչական Գործողութիւններ Իրագործել. ՏԱՀԵՇ-ի Երկու Տարրեր Ձերբակալուեցան

Ահաբեկչական խմբաւորումներու ոճրային արարքներու կանխարգիլման եւ անոնց գործունէութեանց ու սադրանքներուն շուրջ իրենց կատարած հետախուզական քայլերուն ծիրին մէջ, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, թէ շաբաթավերջին յաջողած է ձերբակալել ՏԱՀԵՇ-ի  ի նպաստ գործող երկու ահաբեկիչներ` Պիլալ Սուէյտենի Ֆարաժ եւ Ապտալլա Մուսթաֆա Ախրաս, որոնք խոստովանած են, թէ յատուկ խմբակներ կազմած են եւ զանոնք զինած` ահաբեկչական գործողութիւններ կատարելու համար զօրանոցներու, զինուորական անձնաւորութեանց...

Քաղաքական Ու Ընկերային Հարցերու Լուծման  Հրամայականը Առանցքը Կազմեց  Պատասխանատուներու Խորհրդակցութեանց

Քաղաքական Ու Ընկերային Հարցերու Լուծման Հրամայականը Առանցքը Կազմեց Պատասխանատուներու Խորհրդակցութեանց

Երկրի քաղաքական, թէ ընկերային առօրեան յուզող հիմնահարցերը` նախագահական ընտրութիւն, տնտեսական տագնապ, աղբերու հարց, դարձեալ առանցքը կազմեցին քաղաքացիներու կողքին նաեւ երկրի վարիչներուն խորհրդակցութեանց: Արդարեւ, մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը անընդունելի նկատեց, որ Լիբանան իր երթը շարունակէ առանց նախագահի: Ան կրկին մեղադրեց պատասխանատուները, որոնք ինչ-ինչ պիտակներու տակ կ՛արգելակեն քաղաքական հարցերու լուծումը, այդպիսով առաւել եւս սրելով քաղաքացիին եւ առհասարակ երկրին առանց այդ ալ ոչ...

«Փոփոխութիւն Չկայ  ՀՅ Դաշնակցութեան  Սկզբունքներուն Մէջ»  Յայտարարեց  Յ. Բագրատունի

Բագրատունի Մասնակցեցաւ Ընտրական Յանձնախումբի Նիստին

Ընտրական օրէնքի մշակման համար խորհրդարանական յանձնախումբի կազմութեան ընթացքին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան հիման վրայ, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի մասնակցեցաւ յանձնախումբի նիստին եւ ներկայացուց ՀՅ Դաշնացութեան եւ պլոքին մօտեցումները ընտրական օրէնքին շուրջ: Յատուկ քննարկումի ենթարկուեցան Պէյրութի, Մեթնի եւ Զահլէի ընտրաշրջանները, որ Բագրատունի կարեւորութեամբ շեշտեց արդար ներկայացուցչութիւն ապահովող օրէնքի մը որդեգրման անհրաժեշտութիւնը: Բագրատունի յառաջիկային եւս այս...

Առաջին Անգամ Ըլլալով.  Լիպիական Իշխանութիւնը Կը Խոստանայ  Նպաստել Իմամ Սատրի Հարցի  Ծալքերու Բացայայտման

Առաջին Անգամ Ըլլալով. Լիպիական Իշխանութիւնը Կը Խոստանայ Նպաստել Իմամ Սատրի Հարցի Ծալքերու Բացայայտման

Լիպիոյ դատական իշխանութիւնը հաղորդակցութեամբ մը Լիբանանի առաջարկած է դատական պատուիրակութիւն մը առաքել Լիպիա` մօտէն տեղեկանալու համար Իմամ Մուսա Սատրի եւ անոր ընկերակիցներու առեւանգման թնճուկի տակաւին մութ ու խորհրդաւոր ծալքերուն, խոստանալով իր կարգին որոշ տեղեկութիւններ փոխանցել այս գծով: Նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպի պաշտպան փաստաբան Պուշրա Խալիլ, որ բացայայտեց այս տեղեկութիւնը, աւելցուց, որ նմանապէս եգիպտական դատական մարմին մը կապ պահած է Լիբանանի...

ՏԱՀԵՇ Զղարթայի Մէ՞ջ

ՏԱՀԵՇ Զղարթայի Մէ՞ջ

Անծանօթներ երէկ ՏԱՀԵՇ-ի գաղափարները ցոլացնող գրութիւններ արձանագրած են Զղարթայի Ըրտէ աւանին մէջ: Բանակային ջոկատ մը փութացած է դէպքին վայրը եւ քննութիւն բացած` քողազերծելու համար յանցագործները: Միաժամանակ ջոկատին անդամները փութացին «մաքրել» պատերը նշեալ գրութիւններէն:

Page 874 of 986 1 … 873 874 875 … 986

Արխիւներ