Լիբանանեան

Աղբակոյտերու Լիբանանէն Հեռացման Ընտրանքը Պիտի Վճռուի Երկուշաբթի

Աղբակոյտերու Լիբանանէն Հեռացման Ընտրանքը Պիտի Վճռուի Երկուշաբթի

«Ալէլուա», բացագանչեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Սամի Ժեմայէլ երէկ, լսելով այս գծով նախարարաց խորհուրդի նիստի գումարման կոչը վարչապետ Սալամի կողմէ: Արդարեւ, երեք ամսուան ձգձգումէ ետք, նախարարաց խորհուրդը յառաջիկայ երկուշաբթի յատուկ նիստ մը պիտի գումարէ, յատկացուած` աղբերու երկրէն հեռացման քայլի մանրամասնութիւններուն: «Դրական նախանշաններ կան այս գծով, ու մեր պատկերացումը երկուշաբթի օրուան նիստին պիտի արծարծենք` քննելու համար այս հարցի բոլոր մանրամասնութիւնները», յայտարարեց վարչապետ,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓԱԽՍՏԱԿԱՆՆԵՐՈՒ եւ կասկածեալներու փնտռտուքի ծիրին մէջ, բանակային ուժեր երէկ Թրիփոլիի մէջ ձերբակալեցին Մուսթաֆա Սամման անունով ապօրինի նիւթեր վաճառող յանցագործ մը: ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ուժեր երէկ յետ հարցաքննութեան ազատ արձակեցին Արապսալիմի թաղապետը, որ կալանքի տակ առնուած էր պայթուցիկ ռումբեր վաճառելու յանցանքով: ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ ապահովական միացեալ ուժեր միջամտած ու հարթած են ընտանեկան վէճ մը, որ բարդանալով կրակոցի յանգած էր երէկ կէսօրէ...

«Կը Մերժենք Սուրիացի Գաղթականներու  Լիբանան  Բնակեցումը»  Յայտարարեց Վարչապետ Սալամ

«Կը Մերժենք Սուրիացի Գաղթականներու Լիբանան Բնակեցումը» Յայտարարեց Վարչապետ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ նախագահեց յատուկ հանդիսութեան, ուր բացումը կատարուեցաւ սուրիացի գաղթականներու տագնապի լուծման ընդառաջ 2016-ի ծրագիրին: Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Սալամ յիշեցուց տարի մը առաջ այս հարցի դիմակալման գծով սկսած 2015-ի ծրագիրը եւ այս գծով որդեգրուած քայլերն ու միջոցառումները: Ան հակիրճ ակնարկով նշեց ցարդ արձանագրուած քայլերն ու ձեռք բերուած իրագործումները` սուրիացի գաղթականներու Լիբանանի մէջ տեղակայման ու հոգատարութեան...

Նախկին Երեսփոխան  Հասան Եաագուպ` Արգելափակուա՞ծ

Նախկին Երեսփոխան Հասան Եաագուպ` Արգելափակուա՞ծ

Նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպի ընտանիքը երէկ հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ նախանցեալ օր` չորեքշաբթի կէսօրին ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկատուութեան բաժանմունքի կոչին ընդառաջելով գացած է նշեալ  բաժանմունքը եւ ցարդ չէ վերադարձած: Անոր եղբայրը` տոքթ. Ալի Եաագուպ յայտնեց, որ պաշտօնապէս տեղեակ պահուած չէ իր եղբօր արգելափակումէն, ինչ որ «զարմանալի ու դատապարտելի է»: Աւելի ուշ, բաժանմունքի սպաներէն Խալետ Ալեյուան կապ...

«Ես Նախագահական Թեկնածու Եմ»  Յայտարարեց Երեսփոխան Սլեյման Ֆրենժիէ

«Ես Նախագահական Թեկնածու Եմ» Յայտարարեց Երեսփոխան Սլեյման Ֆրենժիէ

  «Ես նախագահական թեկնածու եմ», յայտարարեց Մարատա հոսանքի ղեկավար երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ երեկոյեան պատկերասփռուած հարցազրոյցի ընթացքին: Պարզելով իր նախագահական թեկնածութեան գաղափարի եւ ապա առաջադրանքի հանգրուանային ծալքերը` Ֆրենժիէ թուեց, թէ ինչպէ՛ս հրաւիրուած էր Փարիզ իբրեւ նախագահական թեկնածու եւ ո՛ւր տեսակցած էր նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ, որ «ոչ մէկ նախապայման ուզեց ինձմէ», ըսաւ ան: Ֆրենժիէ նշեց, թէ երկու տարիէ ի...

Բանակի Հրամանատարը Այցելեց Պաշտպանութեան Նախարար Սամիր Մուքպելի

Բանակի Հրամանատարը Այցելեց Պաշտպանութեան Նախարար Սամիր Մուքպելի

Երկրի ընդհանուր իրավիճակն ու սահմանամերձ ներքին շրջաններու ապահովութեան ամրապնդումն ու տօնական օրերուն ապահովական պատկան ջոկատներու հետ գործակցաբար անդորրութեան հաստատումը առանցքը կազմեցին երէկ պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի միջեւ տեղի ունեցած խորհրդակցութեանց: Խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին նաեւ զինուորական հաստատութեան առնչուող վարչական հարցեր:  

Հանիպաալ Քազզաֆիի Հարցին Գծով.  Արդարութեան Նախարարութիւնը Կը Լուսաբանէ

Հանիպաալ Քազզաֆիի Հարցին Գծով. Արդարութեան Նախարարութիւնը Կը Լուսաբանէ

Երէկ հրապարակած հաղորդագրութեամբ մը արդարութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ դատական իշխանութենէն պահանջած է քննութիւն բանալ Հանիպաալ Քազզաֆիի առեւանգման դէպքի ծալքերուն շուրջ եւ պատասխանատուութեան կանչել յանցագործները: Միւս կողմէ, հաղորդագրութիւնը շեշտեց, թէ Քազզաֆիի ազատ արձակման որոշումը վերագրուած է միայն դատական իշխանութեան: Իսկ անոր Սուրիոյ յանձնումի հաւանականութիւնը «երազային» որակեց հաղորդագրութիւնը: Նոյն ծիրին մէջ, նախարար Ռիֆի իրաւաբաններուն սենտիքայի ուշադրութեան յանձնեց Քազզաֆիի պաշտպան փաստաբան Պուշրա Խալիլի...

Միքաթի. «Ռայի Պատրիարքը Իր Ցասումը  Արտայայտեց Կացութեան Գծով»

Միքաթի. «Ռայի Պատրիարքը Իր Ցասումը Արտայայտեց Կացութեան Գծով»

«Ռայի պատրիարքը իր ցասումը արտայայտեց կացութեան գծով», յայտարարեց նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին տուած իր շնորհաւորական այցելութեան աւարտին: Միքաթի աւելցուց, որ Ռայի պատրիարքը խիստ ընդվզած է երկրի քաղաքական ղեկավարներուն դէմ, որոնք կ՛արգելակեն հարցերուն լուծումը: Նաեւ` Թուրքիոյ Եւ Ռուսիոյ Դեսպաներուն Հետ Ռուսիոյ դեսպանը եւ Ռայի պատրիարքը Ռայի պատրիարքը երէկ նաեւ անջատաբար ընդունեց Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ դեսպանները, որոնց...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՏՕՆԱԿԱՆ օրերու նախօրեակին ահաւոր խճողում կը տիրէ յատկապէս մայրաքաղաք Պէյրութի մայրուղիներուն թէ պարզ փողոցներուն մէջ: Այսուհանդերձ կը շարունակուի ինքնաշարժի արկածի զոհերու եւ վիրաւորներու թիւի բարձրացումը, հակառակ որդեգրուող երթեւեկի ապահովական միջոցառումներուն: ԵՐԿՈՒ ժամ տեւած հարցաքննութենէ ետք, նախկին նախարար Միշել Սմահայի դատը յետաձգուեցաւ 21 յունուար 2016-ին: Նշենք, որ ճիգեր կը թափուին Սմահայի պայմանաւորեալ ազատ արձակման համար` նախքան այս տարեվերջը: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ...

Տօնական Օրերու Խանդավառութեան  Ակնկալութեամբ.  Լիբանանցիներու Հարցադրումները   Կը Ճիւղաւորուին

Տօնական Օրերու Խանդավառութեան Ակնկալութեամբ. Լիբանանցիներու Հարցադրումները Կը Ճիւղաւորուին

Լիբանան երէկ դարձեալ կորսնցուց նախագահի ընտրութեան առիթ մը, որուն գծով իշխանութեան պատկան կողմեր (երեսփոխաններ, կուսակցական ներկայացուցիչներ... ) ընտրական, քաղաքական, ներքին թէ արտաքին այլազան հիմնաւորումներով բացատրեցին իրենց կեցուածքը: Ասիկա նաեւ ընդվզում եւ ափսոսանք յառաջացուց լիբանանեան նոյնքան յանձնառու եւ մտահոգ կողմերու, մարմիններու մօտ: Այս իմաստով մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը ցաւ յայտնեց եւ իր պոռթկումը արտայայտեց` ընդգծելով, որ «ոչ ոք իրաւունք ունի «խաղալու»...

Նախագահական Ընտրութեան  Յաջորդ Նիստը` 7 Յունուարին

Նախագահական Ընտրութեան Յաջորդ Նիստը` 7 Յունուարին

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրին  նախագահական ընտրութեան 33-րդ նիստը յետաձգեց օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով: Յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 7 յունուար 2016-ին: Արդարեւ, երէկ միայն 44 երեսփոխաններ եկած էին Նըժմէի հրապարակ` մասնակցելու համար նախագահի ընտրութեան խորհրդարանական նիստին:

Լիբանան Կը Մերժէ Սուրիոյ  Յանձնել Հանիպաալ Քազզաֆին

Լիբանան Կը Մերժէ Սուրիոյ Յանձնել Հանիպաալ Քազզաֆին

Արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի երէկ մերժեց Սուրիոյ յանձնել Լիպիոյ նախկին ղեկավար Մոամմար Քազզաֆիի որդին` Հանիպաալը, որ քանի մը օրերէ ի վեր արգելափակուած է լիբանանեան իշխանութեան մօտ` իմամ Մուսա Սատրի եւ անոր ընկերակիցներուն անյայտացման շուրջ տեղեկութիւններ ծածկելու ամբաստանութեամբ: Արդարեւ, սուրիական դատական պատկան մարմին մը երէկ հեռագիրով մը լիբանանեան պատկան իշխանութենէն պահանջեց Սուրիա վերադարձնել Հանիպաալ Քազզաֆին այն հիմնաւորումով, որ ան ընտանեօք օրինաւոր...

Լիբանանեան Քաղաքացիութեան  Վերատիրացման Գծով .  «Կը Սպասենք Վիճակագրութեանց  Մեքենագրումին»  Յստակացուց Դեսպան Անտարի

Լիբանանեան Քաղաքացիութեան Վերատիրացման Գծով . «Կը Սպասենք Վիճակագրութեանց Մեքենագրումին» Յստակացուց Դեսպան Անտարի

Արժանթինի մօտ Լիբանանի դեսպան Անթոնիօ Անտարի երէկ յստակացուց, թէ կը սպասէ 21-րդ եւ 23-րդ մարդահամարի, ինչպէս նաեւ գաղթականներու տոմարներու վիճակագրութեանց համակարգչային մեքենագրումին, որպէսզի կարենայ ծագումով լիբանանցիներուն վրայ կիրարկել  քաղաքացիութեան վերատիրացման օրէնքը: «Այս օրէնքի տրամադրութեանց համապատասխանող յիսուն թղթածրար ունիմ տրամադրութեանս տակ եւ կը յուսամ մօտ ատենէն կիրարկել ու ամբողջացնել անոնց չորս առ հարիւր համեմատութիւնը, ինչ որ մեծ իրագործում կը նկատուի», ըսաւ...

Աղբերու Հարցով Զբաղող  Յանձնախումբի Նիստը Յետաձգուեցաւ

Աղբերու Հարցով Զբաղող Յանձնախումբի Նիստը Յետաձգուեցաւ

Հակառակ աղբերու հարցին մօտալուտ բարւոք լուծման վերաբերեալ պատասխանատուներու խանդավառութեան եւ այս գծով անոնց  լաւատես յայտարարութեանց` այս հարցը քննող նախարարական յանձնախումբի աշխատանքային նիստը յետաձգուեցաւ այսօրուան: Ելեւմուտքի եւ ներքին գործոց նախարարներու եւ պատկան մասնագէտներու ներկայութեամբ գումարուող այս նիստին արդիւնքներուն հիման վրայ նախարարաց խորհուրդը ժողով մը գումարելով պիտի վճռէ իր կեցուածքը: Այս գծով կարգ մը կողմեր առարկեցին աղբերու երկրէն հեռացման ծախսերուն գծով ցարդ...

Լիբանան Հրաւէր Ստացաւ  Մասնակցելու  Սուրիոյ Յատկացուած Համագումարին

Լիբանան Հրաւէր Ստացաւ Մասնակցելու Սուրիոյ Յատկացուած Համագումարին

Արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլ երէկ պաշտօնապէս հրաւէր ստացաւ մասնակցելու յառաջիկայ ուրբաթ Սուրիոյ հարցով Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունենալիք համագումարին: Միացեալ Նահանգներու նոր նշանակուած դեսպան Ռիչըրտ Ճոնզ այցելութիւն մը տալով Պասիլի անոր փոխանցեց հրաւէրը: Միւս կողմէ, դեսպան Ճոնզ  դրական քայլ նկատեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու կոչուած իսլամական դաշինքի կազմութիւնը:  

Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարելու Իսլամական Դաշինքին Գծով. Ահաբեկչութեան Եւ Դիմադրութեան Ըմբռնումներուն Շուրջ Տարակարծութիւնը Կը Շարունակուի

Նեժիպ Միքաթի Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ ծնունդ առած նորահաստատ զինակցութիւնը` ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իսլամական դաշինքը երէկ շարունակեց առանցքը կազմել թեր ու դէմ կեցուածքներու: Այս ծիրին մէջ կարգ մը կողմեր նախանձախնդիր գտնուեցան դիմադրութեան ըմբռնումին եւ անոր լիբանանեան տարբերակին պահպանման գծով` նորակազմ այս դաշինքին մէջ նկատելով լիբանանեան դիմադրութիւնը իբրեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւն դասելու եւ զայն հարուածելու կամ թիրախ դարձնելու միտող տրամադրութիւններ: Մինչ...

Ռայի Պատրիարքը  Վերադարձաւ Լիբանան

Նախագահական Ընտրութեան 33-րդ Նիստը` Վեթոյի Եւ Սպիտակ Ծուխի Սպասման Միջեւ

Լիբանանցիներու, յատկապէս լիբանանեան քաղաքական շրջանակներու  հայեացքները սեւեռած են այսօր տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան 33-րդ նիստի արդիւնքներուն վրայ` քաջ գիտնալով, որ այս անգամ եւս ի զուր պիտի սպասեն «սպիտակ  ծուխ»-ին: Արդարեւ, հակառակ կարգ մը շրջանակներու մօտ տիրած սկզբնական խանդավառութեան, պատկան կողմեր սկսած են անդրադառնալ, թէ նման առաջադրանք տակաւին որոշ հասունացման կը կարօտի: Այս իմաստով ուշագրաւ է, օրինակ` վարչապետ Թամմամ Սալամի «խոստովանութիւնը»,...

Երրորդ Օրն Ըլլալով`  Խորհրդարանի Նախագահը Շարունակեց  Ցաւակցութիւններ Ընդունիլ  Իր Քրոջ Մահուան Առիթով

Երրորդ Օրն Ըլլալով` Խորհրդարանի Նախագահը Շարունակեց Ցաւակցութիւններ Ընդունիլ Իր Քրոջ Մահուան Առիթով

Երրորդ օրն ըլլալով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ շարունակեց ցաւակցութիւններ ընդունիլ իր քրոջ` Մարիամ Պըրրիի մահուան առիթով: Ցաւակցութեան համար Այն Թինէ փութացած էին պետական, պաշտօնական, հոգեւոր, կուսակցական, զինուորական անձնաւորութիւններ եւ պատուիրակութիւններ: Նշենք, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւս նախապէս այցելած էր ցաւակցութեան համար` հայ հոգեւոր, պաշտօնական թէ կուսակցական անձնաւորութիւններու կողքին:

Ապու Սաապ Ճշդեց Մոհամետ Մարգարէի  Ծննդեան, Նոր Տարուան Եւ Ս. Ծննդեան Առիթով  Դպրոցներուն Արձակուրդի Օրերը

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Նիստի Աւարտին. «Կը Շեշտենք Քաղաքապետութեանց Գումարներուն Պահպանումը» Յայտարարեց Ապու Սաապ

Էլիաս Ապու Սաապ «Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը կը մերժէ քաղաքապետութեանց յատկացուած գումարներուն մսխումը», յայտարարեց կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապ երէկ` համախմբումի շաբաթական հերթական նիստին աւարտին: «Նուազուրդները մերժեցինք, որովհետեւ խիստ բարձր նկատեցինք անոնց գինը, եւ ան որ կը մերժէ նուազուրդները, չի կրնար ընդունիլ 300 տոլար վճարել իւրաքանչիւր աղբի թոնի երկրէն հեռացման համար», ընդգծեց Ապու Սաապ: Նշենք, որ աղբերու Լիբանանէն հեռացման ընտրանքի...

Տարակարծութիւն` Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարելու Կոչուած Իսլամական Զինուորական Դաշինքին Միանալու Գծով

Տարակարծութիւն` Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարելու Կոչուած Իսլամական Զինուորական Դաշինքին Միանալու Գծով

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ նախարարութիւնը անտեղեակ է ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու կոչուած իսլամական զինուորական դաշինքէն: Հաղորդագրութիւնը արտաքին գործոց նախարարութեան լիազօրութիւնները շրջանցող քայլ նկատեց այս գծով վարչապետ Թամմամ Սալամի ցուցաբերած ողջունող կեցուածքը: Հաղորդագրութիւնը միաժամանակ զօրակցութիւն յայտնեց եւ ընդառաջելու պատրաստակամութիւն ցուցաբերեց որեւէ քայլի, որ լրջօրէն եւ գործնապէս կը պայքարի ահաբեկչութեան դէմ: Իր կարգին, աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի հերքեց, թէ...

Page 875 of 986 1 … 874 875 876 … 986

Արխիւներ