Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յառաջիկայ 5 Յունուարէն Սկսեալ. Լիբանան Ապաստանած Սուրիացիներու Գծով Կեցութեան Նոր Պայմաններ

December 23, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջերս շրջան կ՛ընեն կարգ մը տեղեկութիւններ, ըստ որոնց, լիբանանեան իշխանութիւնները կեցութեան յատուկ պայմաններ պիտի պարտադրեն Լիբանան ապաստանած սուրիացիներու գծով: «Ախպար Եաում» լրատու գործակալութիւնը այս մասին կը թուէ նշեալ պայմաններէն քանի մը հատը, որոնք պիտի գործադրուին 5 յունուար 2016-էն սկսեալ.

1.- Կեցութեան փաստաթուղթերու նորոգութեան ուշացման պարագային, մէկ ամիս անց ամսական 100 տոլար, իսկ տարեկան 1000 տոլար տուգանք պիտի վճարէ ենթական, այլապէս դատական հետապնդումի եւ բանտարկութեան պիտի ենթարկուի:

2.- Ան որ տարեսկիզբի առաջին ամիսէն սկսեալ կը նորոգէ իր կեցութեան հաստատագիրը, տարեկան 400 տոլար պիտի վճարէ…

3.- Լիբանանի ապահովութեան վնաս պատճառող յանցագործը անմիջապէս պիտի յանձնուի սուրիական պետութեան, եւ այս գծով նախկին օրէնքի տրամադրութիւնները չեղեալ պիտի նկատուին:

4.- ՄԱԿ-ի միջոցով Լիբանան գաղթած սուրիացին օտարի հանգամանք կ՛ունենայ եւ չի կրնար քաղաքական ապաստան խնդրել` այս գծով Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ կնքուած համաձայնութեանց բերումով:

5.- Սուրիացի գործաւորներ բերել տալու համար անհատներու երաշխաւորութիւնը կը մերժուի եւ կը փոխարինուի հաստատութիւններու երաշխաւորութեամբ: Առաջին անգամ երաշխաւոր հաստատութիւնը կը վճարէ 800 տոլար եւ իւրաքանչիւր տարին կը նորոգուի 400 տոլար վճարելով:

6.- Ապահովական ուժեր իրաւունք ունին որեւէ ատեն, գիշեր թէ ցերեկ, հետապնդելու օրինազանց սուրիացիները եւ խուզարկելու անոնց բնակարանները:

7.- Դատական հետապնդումի պիտի ենթարկուին եւ ի հարկին իրենց երկիրը պիտի վերադարձուին բոլոր անոնք, որոնք կը գործակցին ահաբեկչական ծայրայեղ խմբակներու, ինչպէս` Ժապհաթ Նուսրայի, ՏԱՀԵՇ-ի, Սուրիական ազատ բանակի եւ այլ խմբաւորումներ:

8.- Նորածիններու արձանագրութիւնը կը կատարուի միայն իսկական երկրի դեսպանատան միջոցով եւ այս գծով ՄԱԿ-ի թէ այլ արձանագրութիւններ կը մերժուին:

9.- Տնտեսական կացութեան բերումով, խստապահանջ կերպով եւ բծախնդրօրէն պիտի կիրարկուին օտար աշխատաւորներու գծով (լիբանանեան) աշխատանքի նախարարութեան սահմանած պայմանները:

10.- Ապահովական կացութեան բերումով երեկոյեան ժամը 7:00-էն ետք սուրիացիներու շրջագայութիւնը պիտի արգիլուի Լիբանանի բոլոր շրջաններուն մէջ:

11.- Պիտի դադրեցուի սուրիացի գործաւորներու Լիբանան մուտքը օդային, ծովային թէ ցամաքային միջոցներով: Պիտի արտօնուի մուտքը միայն անոնց, որոնք իրենց հետ կը կրեն առեւտրական թուղթեր եւ Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան մօտ պահ դրած են առնուազն 20 հազար տոլար` իբրեւ երաշխաւորագին:

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Յատուկ Յուշագիր Յղելով ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին Եւ Սամանթա Փաուըրին` Նախարար Պասիլ Մտավախութիւն Յայտնեց Սուրիացիներու Լիբանան Բնակեցման Հաւանականութեան Գծով

RelatedPosts

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին

September 30, 2026
Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ
Լիբանանեան

Բրիտանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հարաւ

September 30, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.