Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքական Ու Ընկերային Հարցերու Լուծման Հրամայականը Առանցքը Կազմեց Պատասխանատուներու Խորհրդակցութեանց

December 19, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

avor-1_121815

Երկրի քաղաքական, թէ ընկերային առօրեան յուզող հիմնահարցերը` նախագահական ընտրութիւն, տնտեսական տագնապ, աղբերու հարց, դարձեալ առանցքը կազմեցին քաղաքացիներու կողքին նաեւ երկրի վարիչներուն խորհրդակցութեանց: Արդարեւ, մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը անընդունելի նկատեց, որ Լիբանան իր երթը շարունակէ առանց նախագահի: Ան կրկին մեղադրեց պատասխանատուները, որոնք ինչ-ինչ պիտակներու տակ կ՛արգելակեն քաղաքական հարցերու լուծումը, այդպիսով առաւել եւս սրելով քաղաքացիին եւ առհասարակ երկրին առանց այդ ալ ոչ նախանձելի ընկերային վիճակն ու տնտեսական տագնապը:

Վարչապետ Սալամ ընդունեց եւ «խոստովանեցաւ», թէ ներքին ու արտաքին ազդակներ կ՛արգելակեն նախագահական ընտրութեան հարցը, եւ իր ափսոսանքը արտայայտեց այս գծով` միաժամանակ նշելով, որ նման հարցի արծարծումն իսկ դրական նախանշան է մօտակայ բարւօք քայլերու:

Նախագահական հարցին գծով դարձեալ, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի դրսեւորած կարծիքները տուն տուին թեր ու դէմ արձագանգներու: Երեսփոխան Ժոմպլաթ դրուատեց Ֆրենժիէի կարծիքները` իբրեւ «առարկայական ու ոչ փիլիսոփայական»:

Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր ընդգծեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի նախաձեռնութիւնը օր ըստ օրէ յառաջդիմութիւն կ՛արձանագրէ եւ այս գծով քուլիսային խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին:

Կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապ վերահաստատեց Ազգային ազատ հոսանքի եւ Մարատայի միջեւ տիրող «դրական ու սերտ կապեր»-ու առկայութիւնը` հերքելով որեւէ երկպառակութեան հաւանականութիւն: Միաժամանակ, Ապու Սաապ յիշեցուց, թէ զօր. Միշել Աուն կը մնայ Մարտ 8-ի ուժերու նախագահական թեկնածուն:

Նաեւ` Իսլամական Դաշինքին Գծով

Թեր ու դէմ կարծիքներու անուղղակի բանավէճի նիւթ էր նաեւ` Լիբանանի անդամակցութեան հարցը ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու կոչուած իսլամական զինուորական դաշինքին: Հըզպալլայի ցուցաբերած մերժողական կեցուածքէն ետք զանազան անձնաւորութիւններ ու մարմիններ զօրակցեցան անոր` ընդգծելով, որ նման քայլ մը կը միտի թիրախ դարձնել Հըզպալլան:

Աշխատանքի  նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ նման որոշում նախարարաց խորհուրդն է, որ կը վճռէ:

Ընկերային Հարցերը` Նոյնպէս Օրակարգի Վրայ

Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու անդամներու ցոյցէն ետք «Հոտերնիդ ելաւ» արշաւը, որ արդէն իսկ շարունակական եւ ամէնօրեայ քայլերու կը դիմէ, յիշեցուց քաղաքացիներուն ` այսօր համախմբուելու Պէյրութի Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ եւ «հաշիւ պահանջելու»:

Նախորդը

Բագրատունի Մասնակցեցաւ Ընտրական Յանձնախումբի Նիստին

Յաջորդը

Ակնարկ. Մեքենականութիւններ Յարձակողապաշտները Բացայայտելու

RelatedPosts

Յ. Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահ Նեպիհ Պըրրիի
Գլխաւոր լուրեր

Յ. Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահ Նեպիհ Պըրրիի

January 16, 2026
Եւրոպական Միութիւնը Լիբանանի Հետ  6 Նոր Համաձայնութիւններ Կնքեց
Լիբանանեան

Եւրոպական Միութիւնը Լիբանանի Հետ 6 Նոր Համաձայնութիւններ Կնքեց

January 16, 2026
Պըրրի Յորդանանի Վարչապետին Եւ Սէուտցի  Պատուիրակին Հետ Ունեցաւ Անջատ Հանդիպումներ
Լիբանանեան

Պըրրի Յորդանանի Վարչապետին Եւ Սէուտցի Պատուիրակին Հետ Ունեցաւ Անջատ Հանդիպումներ

January 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.