Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տօնական Արձակուրդը Առիթ` Աւելի Լրջախոհ Մօտեցումով Դիմակալելու Յառաջիկայ Տարուան Հիմնահարցերը

December 23, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

BKM_3019

Մոհամետ մարգարէի ծննդեան տօնով արդէն Լիբանան թեւակոխեց տօնական արձակուրդի իր «դադար»-ը, որ առիթ պիտի տայ լիբանանցիներուն, յատկապէս` ղեկավարներուն «շունչ մը քաշելու եւ խորասուզուելու երկիր»ը յուզող հիմնահարցերուն մէջ` աւելի լրջախոհ կեցուածքով ու նոր եռանդով դիմակալելու քաղաքական, ընկերային, ապահովական թէ տնտեսական հիմնահարցերն ու մարտահրաւէրները:

Արդարեւ, բոլոր կողմերուն մօտ հասարակաց համախոհութիւն կը տիրէ` փութալու հարցերու լուծման: Սակայն իւրաքանչիւր կողմ լուծման իրեն յատուկ «յայտագիրը» ունի եւ իւրաքանչիւր կողմ ի՛ր դիտանկիւնէն կը հաւատայ, թէ ինք կը գործէ ի շահ երկրի անդորրութեան ու բարօրութեան:

Ոչ մէկ կողմ կ՛ընդունի, թէ ինք մեղսակից է հարցերու առկախ ու «կարկտան» լուծումներուն: Առ այդ, իւրաքանչիւր կողմ ի՛ր դիտանկիւնէն կը պահանջէ թնճուկներու լուծումը: Այլ խօսքով, բոլորն ալ համախոհ են հարցերու լուծման շուրջ, սակայն տարակարծիք` մանրամասնութեանց կիրարկման հոլովոյթին գծով:

Փաստօրէն, բոլոր կողմերը համամիտ են այլեւս «փակելու» նախագահական թափուր աթոռի թղթածրարը, սակայն հարցը կը բարդանայ` այդ աթոռի թեկնածուին ինքնութեան, ներկայացնելիք ծրագիրին եւ որդեգրելիք կեցուածքներուն պարագային: Այս իմաստով պէտք է ընկալել կարգ մը կողմերու Ֆրենժիէի թեկնածութեան արծարծումը եւ այլ կողմերու` Աունի զօրակցութիւնը: Իւրաքանչիւր կողմի ներկայացուցիչները կը պնդեն, թէ այս հարցը վերստին օրակարգի վրայ պիտի դրուի եւ իւրաքանչիւր կողմ կը ջանայ ի՛ր «թեկնածու»-ին շուրջ առաւելագոյն համախոհութիւն ապահովել: Այս ծիրին մէջ կու գան հոգեւոր պետերու` մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տրիանի եւ այլ կրօնաւորներու կոչերը` փութալու այս հարցի լուծման:

Նմանապէս, դիւանագիտական մակարդակի վրայ, Եգիպտոսի եւ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանները երէկ վերահաստատեցին իրենց երկիրներուն զօրակցութիւնը Լիբանանի հարցերուն եւ յատկապէս նախագահական թղթածրարին շուտափոյթ լուծման: Եւ այն միջոցին, երբ կողմերէն Մուսթաքպալ հոսանքի մօտիկ շրջանակներ կը նախատեսեն, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի տարեսկիզբին նոր «շունչով» վերսկսի իր ճիգերուն` Ֆրենժիէի թեկնածութեան գծով, անդին լիբանանեան «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը երէկ երեկոյեան իր լուրերով հաւանական նկատեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա յառաջիկայ շաբաթ վերստին ելոյթ ունենայ եւ իր կեցուածքը վճռէ երկիրը յուզող հարցերուն եւ յատկապէս նախագահական ընտրութեան թղթածրարին գծով:

Միւս կողմէ, ապահովական ուժերու, յատկապէս` բանակի եւ ներքին ապահովութեան ուժերու վերջին իրագործումները` ահաբեկչական տարրերու կալանաւորման եւ ապահովական յատուկ միջոցառումներու որդեգրումին գծով, գոհունակութիւն կը ներշնչեն քաղաքացիներուն, թէ տօնական «ապահով» արձակուրդէ ետք հարցերու լուծման շինիչ նախաձեռնութիւններ պիտի պարզուին:

 

 

Նախորդը

Բանակը Քաղաքացիներէն Պահանջեց Ընդառաջել Իր Որդեգրած Ապահովական Միջոցառումներուն

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Կը Ցաւակցի Սամիր Քանթարի Նահատակութեան Առիթով

RelatedPosts

Մինչ Իսրայէլեան Թշնամական Արարքները  Կը Սաստկանան, Նախագահ Աուն Զինադադարի  Իր Նախաձեռնութիւնը Կ՛առաջադրէ
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Իսրայէլեան Թշնամական Արարքները Կը Սաստկանան, Նախագահ Աուն Զինադադարի Իր Նախաձեռնութիւնը Կ՛առաջադրէ

March 11, 2026
Հաստատ Մնալով Դիմադրութիւնը Ապազինելու  Կառավարութեան Որոշումին Վրայ.  Լիբանան Կ՛ընդլայնէ Դիւանագիտական  Շփումներու Ծիրը
Գլխաւոր լուրեր

Հաստատ Մնալով Դիմադրութիւնը Ապազինելու Կառավարութեան Որոշումին Վրայ. Լիբանան Կ՛ընդլայնէ Դիւանագիտական Շփումներու Ծիրը

March 10, 2026
Լիբանանեան Խորհրդարանը Երկու Տարիով  Երկարաձգեց Իր Պաշտօնավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Խորհրդարանը Երկու Տարիով Երկարաձգեց Իր Պաշտօնավարութիւնը

March 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.