Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանցիներու Անլոյծ Հարցերը Դարձեալ Յետաձգուեցան Յառաջիկայ Տարուան

December 21, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Lebanese-elections_122015

Լիբանանցիներու հայեացքները այս օրերուն սեւեռած են երկրին վարիչներուն ձեռնարկելիք նախաձեռնութեանց եւ կեցուածքներուն վրայ` երկիրը զբաղեցնող քաղաքական, ընկերային թէ տնտեսական հիմնահարցերու գծով: Արդարեւ, հակառակ արտաքին քաղաքական թէ ապահովական հարցերու դասաւորումով Լիբանանի մէջ յառաջանալիք անդորրութեան  ակնկալութեանց եւ յոյսերուն, քաղաքացիք կրկին յուսախաբ մնացին: Նախապէս կը խօսուէր շրջանային հարցերու եւ թնճուկներու լուծման մասին, որոնք իրենց կարգին բարւոք ազդեցութիւն պիտի ունենան Լիբանանի վրայ, այսուհանդերձ լիբանանցիներու հարցերը տակաւին կը մնան առկախ: Արդ, կաղանդի տօնական օրերու սեմին բոլորին հայեացքը արդարացիօրէն ուղղուած է այսօր երկրի վարիչներուն առնելիք քայլերուն: Հոսկէ` Ազգային երկխօսութեան նիստի գումարման կարեւորութիւնը, ուր խիստ հաւանական կը նկատուի արծարծել քաղաքական հիմնահարցերէն` նախագահական ընտրութեան հրամայական հարցը, թէեւ ըստ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներուն, Պըրրի այնքան ալ խանդավառ չէ նման քայլի գծով: Նոյն ծիրին մէջ, դէտերու կարծիքով` նպատակայարմար կը նկատուի նախ երկրի քաղաքական վարչակարգի եւ առնչակից օրէնքներու բարեփոխման եւ ապա նախագահական ընտրութեան  հարցին վճռումը: Փաստօրէն նախագահական թեկնածուն որքան ալ զօրաւոր անհատականութիւն ունենայ եւ զօրակից կողմեր ունենայ իր ետին` տիրող սահմանադրական յօդուածներուն տրամադրութիւնները կ՛արգելակեն, աւելին` կը կաշկանդեն անոր գործունէութիւնը: Ըստ մասնագէտ եւ իրազեկ դէտերու, անհրաժեշտ է բարեփոխել ընտրական օրէնքը որովհետեւ երկրի քաղաքական հարցերուն լուծման բանալին անոր խորհրդարանն է, քաղաքական ենթակառոյցը, առանց որուն բարեփոխման հարցերը նոյն ընթացքով պիտի շարունակեն առկախ մնալ:

Նախագահական ընտրութեան գծով անպաշտօն ու անուղղակի բանավէճը կը շարունակուի կողմերուն միջեւ: Այս իմաստով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ կը յայտնեն, որ տարեսկիզբին Հարիրի պիտի վերսկսի եւ շարունակէ իր նախաձեռնութիւնը Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան գծով: Այս հաւանականութիւնը կը շեշտուի կարգ մը կողմերու ի նպաստ Ֆրենժիէի ցուցաբերած կեցուածքով, ինչպէս` նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլի յայտարարութիւնը քուէյթեան «Նահար» թերթին, թէ «եթէ Ֆրենժիէ կ՛երաշխաւորէ երկրին գերիշխանութիւնն ու իշխանութեան մասնակցութիւնը եւ  բաժնեկցութեան գաղափարը, մենք արգելք չունինք»: Նոյն ծիրին մէջ, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք դրուատեց Ֆրենժիէի պատկերասփռուած վերջին հարցազրոյցին կարծիքները «Էլ. Պի. Սի.» կայանէն` զայն որակելով իբրեւ «քաղաքական իրողութեան եւ առարկայականութեան թեկնածու»:

Միւս կողմէ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում հոսանքի ղեկավար, զօր. Միշել Աունի կողմնակիցներ կը շեշտեն անոր թեկնածութիւնը` հակառակ բոլոր արգելքներուն: Այս իմաստով, օրինակ` նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին կատարած իր յայտարարութեամբ վերահաստատեց, որ զօր. Աուն կը մնայ նախագահական թեկնածու եւ թէ առանց Աունի հաւանութեան նախագահական ընտրութիւն կարելի չէ կատարել: Նմանապէս` քաղաքական այլ պատասխանատուի մը` Ամալ Ապու Զէյտի հաստատումով, Սէուտական Արաբիա համամիտ է եւ արգելք չունի զօր. Աունի թեկնածութեան գծով: Աւելի՛ն, դիւանագիտական աղբիւրներ կը շեշտեն, թէ նախագահական ընտրութիւնը լիբանանեան հարց է եւ թէ իրենք արգելք չունին ոեւէ թեկնածուի գծով, որուն անուան շուրջ համախոհութիւն կը գոյանայ լիբանանցիներուն միջեւ: Այս գաղափարը հաստատող յայտարարութիւններ կատարեցին, օրինակ` Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի, Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին, Քաթարի դեսպանն ու այլ երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցիչներ: Այլ խօսքով` «գնդակը լիբանանցիներուն կողմն է» պատշաճ քայլով իրագործում արձանագրելու:

Նոյն մտահոգութեամբ կեցուածքներ դրսեւորեցին նաեւ հոգեւոր հայրեր ու անձնաւորութիւններ: Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց երկրի վարիչներուն` փութալու եւ խորհրդակցելու երկրին քաղաքական, ընկերային թէ տնտեսական հիմնահարցերուն լուծման միջոցառումներուն շուրջ, նախքան որ ուշ ըլլայ: Նմանապէս, այս հարցերը առանցքը կազմեցին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքի` նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլի հետ ունեցած խորհրդակցութեանց:  Իր կարգին, յոյն ուղղափառ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը կոչ ուղղեց հարցերը լուծելու միջլիբանանեան համախոհութեամբ, հեռու` արտաքին միջամտութիւններէ եւ ազդեցութիւններէ: Ան կոչ ուղղեց նաեւ միջլիբանանեան քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան, հեռու` հաւատադրժողական ծայրայեղական գաղափարներէ:

Այսուհանդերձ դէտեր անհաւանական կը նկատեն նախագահական ընտրութեան կայացումը` նախքան տարեվերջը:

Հայեացքները նոյնպէս սեւեռած են այսօր գումարուելիք նախարարաց խորհուրդի նիստին, որ երկար «դադար»-է ետք ի վերջոյ որոշուեցաւ կայացնել: Փաստօրէն քաղաքացիներուն համար նման ժողովի կայացման լուրը ինքնին յուսադրիչ եւ խոստմնալից է: Սակայն իրազեկ աղբիւրներու կարծիքով` այս նիստը յատկացուած է միայն աղբերու երկրէն հեռացման հարցին, որուն գծով տակաւին կը շարունակուին թեր ու դէմ կարծիքները, եւ մտավախութիւն կայ, որ այս հարցին լուծումն ալ յետաձգուի յառաջիկայ տարեսկիզբին:

 

 

Նախորդը

Խոստովանելով, Որ Կը Ծրագրէին Ահաբեկչական Գործողութիւններ Իրագործել. ՏԱՀԵՇ-ի Երկու Տարրեր Ձերբակալուեցան

Յաջորդը

Պատկան Կողմերուն Պատգամ Ուղղելով` Իսրայէլ Իր Նորագոյն Թիրախը Դարձուց Սամիր Քանթարը

RelatedPosts

Փարիզի Մէջ Բանակի Աջակցութեան  Խորհրդաժողովը` 5 Մարտին
Գլխաւոր լուրեր

Փարիզի Մէջ Բանակի Աջակցութեան Խորհրդաժողովը` 5 Մարտին

January 15, 2026
Լիբանանի Պետական Պատկերասփիւռի Արխիւը`  ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Աշխարհի  Յիշողութեան Ցուցակի Թեկնածու
Լիբանանեան

Լիբանանի Պետական Պատկերասփիւռի Արխիւը` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Աշխարհի Յիշողութեան Ցուցակի Թեկնածու

January 15, 2026
Ընդունելով Լը Տրիանը`  Պըրրի. «Իսրայէլ Պէտք Չէ Լիբանանի Դէմ  Իր Յարձակումները Շարունակէ»
Լիբանանեան

Ընդունելով Լը Տրիանը` Պըրրի. «Իսրայէլ Պէտք Չէ Լիբանանի Դէմ Իր Յարձակումները Շարունակէ»

January 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.