Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարաւային Արուարձաններուն Մէջ. Սամիր Քանթարի Մարմինը Յանձնուեցաւ Հողին

Դեկտեմբեր 22, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

KENTAR_TAGHUM1_122115

2008-ին իսրայէլեան արգելարանէն ազատ արձակուած Հըզպալլայի անդամներէն Սամիր Քանթարի մարմինը երէկ յանձնուեցաւ հողին:

Հարաւային արուարձաններուն մէջ կատարուած յուղարկաւորութեան արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հըզպալլայի տասնեակ հազարաւոր համակիրներ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով քաղաքական անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Այուպ Հըմայէտ:

Հըզպալլայի դրօշակով ծածկուած Քանթարի դագաղը ուսամբարձ փոխադրուեցաւ Հըզպալլայի նահատակներուն յատուկ դամբարանը` Իսրայէլի դէմ արձակուած կանչերով ու դատապարտումներով:

Քանթարի յուղարկաւորութեան արարողութեան նախագահեց Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինը, որ յայտնեց, թէ Սամիր Քանթար իր կամքով, քաջութեամբ ու անկեղծութեամբ կու գայ հաստատելու, որ Դիմադրութեան ուղին կը տանի դէպի Պաղեստին:

Սէյիտ Սաֆիէտտին շեշտեց, որ Քանթար Լեռնալիբանանի, Լիբանանի, Պաղեստինի եւ Կոլանի զաւակն է, այլ խօսքով` ան Դիմադրութեան զաւակն է, որ ծնած է Պաղեստինի համար ու իր ամբողջ կեանքը ապրած է Պաղեստինով, մինչեւ իր նահատակութիւնը:

«Եթէ իսրայէլացին կը կարծէ, որ Քանթարի սպանութեամբ հաշիւ մը փակուած է, ապա ան չարաչար կը սխալի, որովհետեւ ան գիտէ եւ պիտի գիտնայ, թէ ինքն իրեն համար նոր հաշիւներու դուռ բացած է: Եթէ Իսրայէլ տակաւին չէ սորված Հըզպալլայի ղեկավարները սպանութեան թիրախ դարձնելու իր կրած փորձառութիւններէն, ապա ան պիտի գիտնայ, որ դարձեալ գործած է հսկայ անմտութիւն մը», շեշտեց Սաֆիէտտին:

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլի հետ, որուն ցաւակցութիւն յայտնեց Սամիր Քանթարի նահատակութեան առիթով` դատապարտելով զայն սպանութեան թիրախ դարձնելու իսրայէլեան արարքը:

Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի անունով ցաւակցութիւն յայտնեց Քանթարի ընտանիքին եւ Հըզպալլայի ղեկավարութեան: Ան ընդգծեց, որ ահաբեկչական այս գործողութիւնը Քանթարը թիրախ դարձուցած է Սուրիոյ եւ Դիմադրութեան արձանագրած բազում յաղթանակներէն ետք:

Ալի հաստատեց, որ ինչպէս Դիմադրութեան միւս նահատակներուն յիշատակը, Քանթարի յիշատակը եւս անմահ պիտի մնայ Դիմադրութեան էութեան մէջ:

Իր կարգին, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան խստիւ դատապարտեց Իսրայէլի կողմէ Սամիր Քանթարի սպանութիւնը` շեշտելով, որ հիմնականին մէջ Իսրայէլն է, որ կը հովանաւորէ շրջանին մէջ իրագործուող ահաբեկչութիւնը:

 

Նախորդը

«Մեր Իրաւունքն Է Պատասխանել Քանթարի Սպանութեան Գործողութեան` Յարմար Պահուն Ու Վայրին Մէջ» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Յաջորդը

Մինչ Սէյիտ Նասրալլա Կը Սպառնայ Իսրայէլի, Կառավարութիւնը Կ՛որոշէ Աղբերը Հեռացնել Լիբանանէն

RelatedPosts

Վերջին Ժամ.  Իսրայէլ Օդային Բուռն Յարձակումներով Խախտեց Զինադադարի Համաձայնութիւնը
Լիբանանեան

Վերջին Ժամ. Իսրայէլ Օդային Բուռն Յարձակումներով Խախտեց Զինադադարի Համաձայնութիւնը

Հոկտեմբեր 17, 2025
Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Սալամ Սայտա Այցելեց
Լիբանանեան

Սալամ Սայտա Այցելեց

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?