Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատկան Կողմերուն Պատգամ Ուղղելով` Իսրայէլ Իր Նորագոյն Թիրախը Դարձուց Սամիր Քանթարը

Դեկտեմբեր 21, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Samir Kantar_122015

Եօթը տարուան ազատութենէ ետք Լիբանանեան ազգային դիմադրութեան մարտիկներէն Սամիր Քանթար շաբաթ երեկոյ իր ընկերակիցներուն հետ զոհ գնաց Սուրիոյ Ժարամանա շրջանին մէջ պատահած հրթիռարձակման: Նախնական տեղեկութեանց համաձայն, իսրայէլեան հինգ հրթիռներ թիրախ դարձուցած են այն շէնքը, ուր կը գտնուէր Քանթար խումբ մը զինակից ընկերներու հետ: Ծագումով տիւրզի Սամիր Քանթար երկարամեայ արգելափակումէ ետք, 2006-ին ազատ արձակուած էր իր իսրայէլեան բանտախուցէն, Հըզպալլայի մօտ գտնուած իսրայէլացի երկու զինուորներու դիակներուն յանձնումին դիմաց: Իսրայէլեան աղբիւրներու համաձայն, Քանթար սպաննուած էր կանխարգիլելու համար անոր ծրագրած հակաիսրայէլեան «ահաւոր մէկ գործողութեան իրականացումը»: Ըստ նոյն աղբիւրներուն, «այս արարքով Քանթարի հետ հաշիւը փակուած է»: Նշենք, որ նախապէս Իսրայէլ  մէկէ աւելի անգամներ փորձած էր ահաբեկել Քանթարը: Մեկնաբաններու կարծիքով, իսրայէլեան այս քայլը պատգամ է, ուղղուած` տեղական թէ արտաքին կողմերուն, թէ Իսրայէլ տակաւին ներկայ է շրջանի քաղաքական անցուդարձերու բեմին վրայ:

Իբրեւ անմիջական հակազդեցութիւն, երէկ երեկոյեան Սուրի ծովափի շրջանէն չորս հրթիռներ արձակուեցան Իսրայէլի հիւսիսային Նահարիա շրջանին ուղղութեամբ, ինչ որ զօրաշարժի մղեց իսրայէլեան ուժերը` լարուած կացութիւն ստեղծելով հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջաններու տարածքին: Աւելի ուշ իսրայէլեան ուժեր եօթը հրթիռներ արձակելով  ռմբակոծեցին հարաւային Սուրի մերձակայ շրջանը:

Լիբանանեան բանակային եւ ներքին ապահովութեան ուժեր փութացին հետախուզական քայլերու` հրթիռարձակման դիրքի կամ դիրքերու փնտռտուքով: Բանակային ջոկատներ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հետ գործակցաբար ձեռնարկեցին պատշաճ միջոցառումներուն` հարաւային Լիբանանի Ռաս Այն շրջանին մինչեւ Նաքուրայի շրջանը անդորրութեան ամրապնդման համար: ՖԻՆԻՒԼ-ի աղբիւրներ յայտնեցին, թէ ձեռնարկած են աշխուժ խորհրդակցութիւններու` լիբանանեան եւ իսրայէլեան կողմերուն հետ, լարուած կացութեան հանդարտեցման համար: Մինչ այդ, իսրայէլեան օդանաւեր շրջեցան Նաքուրայէն մինչեւ Քլէյլի եւ Մանսուրի դաշտերուն վերեւ:

Քանթարի նահատակութիւնը դատապարտումի բուռն ալիք բարձրացուց Քանթարի զօրակից տեղական թէ արտաքին շրջանակներու մօտ:

Նահատակին եղբայրը` Պասսամ Քանթար շեշտեց, որ իր եղբօր սպանութեան արարքը անպատիժ պիտի չմնայ` նշելով, որ այս ոճիրը կը շրջանցէ միջազգային օրէնքի տրամադրութիւնները:

Հըզպալլա պաշտօնապէս գուժեց Քանթարի նահատակութիւնը` ընդգծելով, որ անոր արիւնը ի զուր չէ վատնուած, եւ Հըզպալլա պիտի ճշդէ այս արարքին հակազդելու յարմար վայրն ու թուականը:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ դատապարտեց արարքը եւ յայտնեց, որ Քանթար տոկաց իսրայէլեան երկարամեայ բանտարկութեան դառնութեան` կառչած մնալով իր հաւատքին ու գաղափարներուն:

Երեսփոխան Մարուան Համատէ դատապարտեց ոճիրը` յայտնելով, որ անիկա ցուցանիշ է իսրայէլեան ոճիրի եւ քանդումի վարքագիծին:

Նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ Քանթարի նահատակութիւնը իսրայէլեան պետական ահաբեկչութեան վերագրեց` ընդգծելով, որ պետական ահաբեկչութիւնն ու հաւատադրժողական ահաբեկչութիւնը նոյն մետալին երկու երեսները կը ներկայացնեն:

Նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ իր նահատակութեամբ Քանթար իր երկարամեայ արգելափակումի  դառնութեանց տոկալէն ու 2006-ին իր ազատագրումէն ետք արժանացաւ իր երրորդ փառքին:

Նախորդը

Լիբանանցիներու Անլոյծ Հարցերը Դարձեալ Յետաձգուեցան Յառաջիկայ Տարուան

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Աշխատանքային Այցելութեամբ Մեկնած Է Ռուսիա

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?