Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ Սէյիտ Նասրալլա Կը Սպառնայ Իսրայէլի, Կառավարութիւնը Կ՛որոշէ Աղբերը Հեռացնել Լիբանանէն

December 22, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

salam_Shehayeb_122115

Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ երէկ կատարուած Սամիր Քանթարի յուղարկաւորութենէն ժամեր ետք, անոր սպանութեան մասին Դիմադրութեան պաշտօնական կեցուածքը ներկայացուց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա:

Երեկոյեան ժամը 8:30-ին, ուղղակի պատկերասփռուած ճառի մը ընդմէջէն սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Իսրայէլ կը նկատուի Քանթարի սպանութեան պատասխանատուն եւ սպառնաց պատասխանել Քանթարի սպանութեան գործողութեան` յարմար պահուն ու վայրին մէջ:

Մինչ սէյիտ Նասրալլա իր ճառը կ՛արտասանէր, վարչապետարանին մէջ կը գումարուէր ճակատագրական նիստ մը` երկրին դիմագրաւած աղբի տագնապին լուծման վերաբերող:

Նիստէն ետք, երեկոյեան ժամը 10:40-ին, վարչապետ Թամմամ Սալամ յայտարարեց, որ կառավարութիւնը համաձայնութիւն գոյացուցած է աղբի տագնապին իբրեւ լուծում` աղբերը Լիբանանէն հեռացնելու ծրագիրին շուրջ:

Վարչապետ Սալամ ըսաւ, որ քաղաքական անհամաձայնութեան պատճառով աղբի տագնապին լուծումը բարդացած է, «սակայն ազգային պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը մղած է, որ երկրին քաղաքական ուժերը համաձայնութիւն գոյացնեն եւ վաւերացնեն երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի եւ անոր հետ գործող արհեստավարժներու յանձնախումբին ծրագիրը, որուն հիման վրայ աղբերը ժամանակաւոր կերպով պիտի հեռացուին Լիբանանէն», ըսաւ ան:

Վարչապետ Սալամ մաղթեց, որ այս ժամանակաւոր լուծումը ուսանելի դաս մը ըլլայ բոլորին` հեռու մնալու լարուածութենէ եւ մրցակցութիւններէ: «Մենք տնային աղբին կողքին կը տառապինք նաեւ քաղաքական աղբերէ, իսկ նախորդ հանգրուանին դիմագրաւեցինք այնպիսի դժուար պայմաններ, որոնց ընթացքին բոլորին հոտը ելաւ», ըսաւ ան` մաղթելով, որ յառաջիկայ հանգրուանին աղբը վերածուի ուժանիւթի եւ դառնայ լիբանանեան ճարտարարուեստի գլխաւոր աղբիւրներէն մէկը:

Ան բարձր գնահատեց Շեհայէպի աշխատանքը եւ լիբանանցիները շնորհաւորեց Մոհամետ Մարգարէի ծննդեան, Ս. Ծննդեան եւ Նոր տարուան տօներուն առիթով:

Իր կարգին, Շեհայէպ գնահատեց վարչապետ Սալամի համբերութիւնը եւ անոր թափանցիկ գործելաոճը:

Շեհայէպ յայտնեց, որ հաւանութիւն յայտնուած է, որ Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման խորհուրդը ստանձնէ աղբերուն Լիբանանէն դուրս բերման աշխատանքը:

«1 թոն աղբի երկրէն դուրս բերման ծախսը 125 տոլար է», ըսաւ Շեհայէպ:

Պէտք է աւելցնել, որ երէկ կէսօրին Այն Թինէի մէջ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի գլխաւորութեամբ գումարուած Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին ընդգծուած էր կառավարութեան աշխատանքները աշխուժացնելու կարեւորութիւնը:

ՆՇԵՆՔ, որ իսրայէլեան ահաբեկչական արարքներուն կողքին լիբանանեան ապահովական կառոյցները կը շարունակեն հետապնդել հաւատադրժողական ահաբեկչութեան բջիջներն ու խմբաւորումները: Այդ հետապնդումներուն շրջագիծին մէջ, երէկ ուշ երեկոյեան «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերը ձերբակալած են Ալի Քասեմը, որ Պըրժ Պարաժնէն ահաբեկչութեան թիրախ դարձուցած ահաբեկչական բջիջին ղեկավարն է:

Նախորդը

Հարաւային Արուարձաններուն Մէջ. Սամիր Քանթարի Մարմինը Յանձնուեցաւ Հողին

Յաջորդը

«Մենք Սեփական Շահերու Շուրջ Բանակցող Կուսակցութիւն Չենք» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Սալամ Նախարարներուն. «Ան Որ Կ՛ուզէ  Ընտրութիւններուն Իր Թեկնածութիւնը Առաջադրել,  Թող Կառավարութենէն Հեռանայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Նախարարներուն. «Ան Որ Կ՛ուզէ Ընտրութիւններուն Իր Թեկնածութիւնը Առաջադրել, Թող Կառավարութենէն Հեռանայ»

January 23, 2026
Պասիլ. «Պետութիւններու, Կառոյցներու  Եւ Զէնքի Միութեան Հարցին Մէջ Սէուտական  Արաբիոյ Հետ Համաձայն Ենք»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Պետութիւններու, Կառոյցներու Եւ Զէնքի Միութեան Հարցին Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Հետ Համաձայն Ենք»

January 23, 2026
Ռաժժիի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Պուխարի Կը Վերահաստատէ Լիբանանի,  Կառավարութեան Քաղաքականութեան  Եւ Որոշումներուն Նկատմամբ Ռիատի Զօրակցութիւնը
Լիբանանեան

Ռաժժիի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Պուխարի Կը Վերահաստատէ Լիբանանի, Կառավարութեան Քաղաքականութեան Եւ Որոշումներուն Նկատմամբ Ռիատի Զօրակցութիւնը

January 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.