ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Մուսթաքպալ» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելու առումով Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի անձին շուրջ առաջարկուած «համաձայնութիւն»-ը պարզապէս առաջարկ մըն է, որ կատարուած է, «եւ այդ առաջարկը կը կարօտի յաւելեալ յստակացումի», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի անդրադարձաւ անցեալ շաբթուան ընթացքին պատկերասփռուած Ֆրենժիէի մէկ հարցազրոյցին ընթացքին արտայայտուած միտքերուն` նշելով, որ Ֆրենժիէ ըստ իր սովորութեան անկեղծօրէն յայտնեց, որ այն համաձայնութիւնը, որուն մասին կը խօսուի, ընդհանուր համաձայնութիւն մը չէ, աւելցնելով, որ այդ համաձայնութեան առաջադրանքը զինք հանրապետութեան նախագահ ընտրելն է եւ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրին վարչապետ նշանակելը:
«Հետեւաբար տակաւին շատ կանուխ է այս մասին արտայայտուելու եւ մեկնաբանելու: Իսկ այս հանգրուանին, տակաւին շատ կանուխ է Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին պառակտումը գրաւի ենթարկելու: Պէտք չէ աճապարել նման եզրակացութիւններու յանգելու առումով», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Ֆրենժիէ տակաւին կը յայտնէ, թէ ինք կը զօրակցի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան` եթէ զայն ընտրելու պայմանները գոյանան:
Յ. Բագրատունի նշեց նաեւ, որ ոչինչ կ՛արգիլէ, որ Ֆրենժիէ իբրեւ մարոնի ղեկավար նախագահական ընտրութեան թեկնածու ըլլայ, յատկապէս երբ մարոնի համայնքի չորս գլխաւոր ղեկավարները Պքերքէի մէջ համաձայնած են, թէ եթէ իրենցմէ ոեւէ մէկուն անձին շուրջ համաձայնութիւն գոյանայ, ապա նախագահական պալատին մէջ շնորհաւորութեան կ՛արժանանայ:
«Բայց եւ այնպէս նման համաձայնութիւն մը տակաւին մօտալուտ չէ եւ պէտք է սպասել», ըսաւ Յ. Բագրատունի:
Երեսփոխան Բագրատունի վերահաստատեց, որ լիբանանցիները պէտք է կատարեալ անկախութեամբ վարուին եւ ինքնուրոյն որոշումներ տան, առանց կախեալ ըլլալու Սուրիոյ, Եմէնի, Իրանի հիւլէական թղթածրարի եւ այլ զարգացումներէ: «Այդ զարգացումները հետագային կրնան փոփոխութեան ենթարկուիլ, իսկ լիբանանցին կը շարունակէ սպասել իր նուազագոյն հարցերուն լուծման», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը սեփական շահերու շուրջ բանակցող կուսակցութիւն չէ: «Եթէ անպայման կ՛ուզէք մեր կեցուածքին մասին իմանալ, մենք ապահով եւ երաշխաւորուած կը զգանք ե՛ւ զօր. Աունի, ե՛ւ Ֆրենժիէի նախագահ ընտրութեամբ: «Իսկ ինչ կը վերաբերի ընտրական օրէնքին, հանրապետութեան նախագահը չի կրնար ընտրական օրէնք մշակել, իսկ մեր կարծիքով` ընտրական օրէնքի մշակումը եւ նախագահական ընտրութիւն կատարելը նոյն մակարդակի վրայ կը գտնուին», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ ընտրական օրէնքի մշակումին առումով կազմուած յատուկ յանձնախումբին աշխատանքը տակաւին տեղքայլի մէջ է:
Միւս կողմէ, Յ. Բագրատունի մտահոգութիւն յայտնեց հանրապետութեան նախագահի չգոյութեան ընտելանալու, ինչպէս նաեւ ընտրութիւններուն մնայուն յետաձգումը սովորութիւն դարձնելու ընթացագիծէն:
Զօր. Աունի եւ Ֆրենժիէի միջեւ յարաբերութիւններու խզումին անդրադարձող հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ «Լիբանանի մէջ Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի ուղղահայեաց բաժանումը տակաւին առկայ է եւ համոզուած եմ, որ տակաւին այդ բեւեռները մասնատուելու հանգրուանին մէջ չեն գտնուիր»:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ նախագահական ընտրութիւնը անկարելի է կատարել առանց քրիստոնեայ մեծագոյն երեսփոխանական պլոքներուն, որոնց ղեկավարները նախագահական թեկնածուներ են: «Հանրապետութեան նախագահը քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքներուն նախագահն է եւ ամէն իմաստով պէտք է իշխէ երկրին` իւրաքանչիւրին մօտ ունենալով իր ներկայացուցչութեան կշիռը», ըսաւ Յ. Բագրատունի:
Աղբի տագնապին լուծման միջոցներուն անդրադառնալով` Յ. Բագրատունի նշեց, որ աղբերը երկրէն դուրս տանելու հաւանականութիւնը յուլիսէն ի վեր առկայ է` աւելցնելով, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ յանձնառու է, որ այդ մէկը կատարուի` հեռու գաղտնի համաձայնութիւններէ:
Երեսփոխան Բագրատունի դարձեալ հաստատեց, որ աղբի տագնապը հիմնականին մէջ վստահութեան չգոյութեան հարց է` ընդգծելով, որ Պուրճ Համուտ քսան տարի հանդուրժած է աղբին, մինչդեռ ուրիշ շրջաններ այդ միջոցին բարգաւաճած են:
Լիբանանի վարչակարգը բարեփոխելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ անիկա անհրաժեշտութիւն է` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է բարեփոխել նաեւ սահմանադրութիւնը` զայն վերածելով ժողովուրդին փափաքներուն անսացող եւ զայն գոհացնող փաստաթուղթի:
Ընտրական օրէնքին մասին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը յայտնեց, որ քրիստոնեայ ներկայացուցչութեան առումով կան փորձեր` խորհրդարանին մէջ այդ ներկայացուցչութիւնը բարելաւելու առումով, սակայն իսկապէս քրիստոնեայ շրջանակները ներկայացնող 64 քրիստոնեայ երեսփոխան ընտրելու առումով հաւատարմութիւն գոյութիւն չունի` նոյնիսկ քրիստոնեաներուն մօտ:
«Եթէ մենք կը խօսինք լիբանանահայութեան ճշգրիտ ներկայացուցչութեան մասին, ապա Պէյրութի պարագային պէտք է վերադառնալ 1960-ի իսկական ընտրական օրէնքին եւ ոչ թէ 1960-ի այն օրէնքին, որ Տոհայի մէջ բարեփոխուեցաւ: 1960-ի ընտրական հին օրէնքին առումով, Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին մէջ կ՛իյնան Ռըմէյլը, Էշրեֆիէն, Մտաուարը եւ Սայֆին: Այս ընտրաշրջանը մերժուեցաւ քաղաքական պատճառներով: Որովհետեւ Մտաուարի մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան ի նպաստ եղող քուէներուն թիւը մեծ է, անիկա ընտրաշրջանէն անջատուեցաւ եւ Էշրեֆիէն ու Ռմէյլը անցան այլոց հակակշիռին տակ: Այս իրականութեան դիմաց, Տոհայի մէջ գոյացաւ Մտաուարի մէջ մրցակիցի չգոյութեան դրութեամբ երեսփոխան մը ունենալու համաձայնութիւնը», ըսաւ Յ. Բագրատունի:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ հարիւր առ հարիւր համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը ՀՅ Դաշնակցութեան համար նպաստաւոր է` ընդգծելով, որ ՀՅԴ-ի երեսփոխանական պլոքներուն պարագային, 1954-էն ի վեր համամասնականութիւն գոյութիւն ունեցած է: Պլոքներուն մաս կազմած են ՀՅԴ-ի մէկ ներկայացուցիչ, իսկ մնացեալը` հայկական այլ կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ:
«Ամէն պարագայի, ընտրական օրէնքի մշակման յանձնախումբին կողմէ ներկայացուելիք ընտրական օրէնքի նախագիծը պիտի ներկայացուի Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին, որպէսզի ան վաւերացնէ զայն: Սակայն ըստ երեւոյթին այդ հանգրուանը երկարատեւ պիտի ըլլայ», ըսաւ ան:
ՀՅԴ-ի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ յարաբերութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այդ յարաբերութիւնը բարեկամական է եւ բարելաւման ընթացքի մէջ է: