Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այն Թինէ. Երկխօսութեան Նիստը Քննարկեց Նախարարաց Խորհուրդին Գործունէութիւնը Աշխուժացնելու Կարելիութիւնները

Դեկտեմբեր 22, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

HIWAR1_122115

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին Այն Թինէի մէջ նախագահեց ազգային երկխօսութեան նիստին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին երկրին վարչապետն ու լիբանանեան քաղաքական ուժերուն ներկայացուցիչները, որոնց շարքին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

Նիստէն բացակայեցան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, որ ներկայացուեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի կողմէ, եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, որուն ներկայացուց նախկին նախարար Ղազի Արիտի, իսկ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, որ պոյքոթի ենթարկած էր երկխօսութեան նիստերուն իր մասնակցութիւնը, երէկ վերստին իր մասնակցութիւնը բերաւ երկխօսութեան նիստին:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան նախարարաց խորհուրդին գործունէութիւնը աշխուժացնելու կարելիութիւնները:

Միւս կողմէ, Պըրրի անդրադարձաւ Հըզպալլայի պատասխանատուներէն Սամիր Քանթարի սպանութեան` շեշտելով, որ Քանթար իր մարմինը կորսնցուցած է` փոխարէն վաստկելով ազգն ու ժողովուրդը: «Լիբանան կորսնցուցած է մարդ արարած մը, սակայն շահած է հերոս մը եւ նահատակ մը», ըսաւ Պըրրի` կոչ ուղղելով մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու նահատակ Քանթարի յիշատակը:

Նիստէն ետք երեսփոխան Միշել Մըր յայտնեց, որ երկխօսութեան նիստին ընթացքին տիրած է դրական եւ սիրալիր մթնոլորտ` նշելով, որ նիստը յատկացուած էր քննարկելու կառավարութեան աշխատանքները, ինչպէս նաեւ երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

Զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն իր կարգին յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը երբեք չեն քննարկած` յոյս յայտնելով, որ աղբերը Լիբանանէն դուրս հանելու իմաստով կառավարութիւնը համախոհութիւն կը գոյացնէ իր յետմիջօրէի նիստին ընթացքին:

Ազգային երկխօսութեան յաջորդ նիստը պիտի գումարուի երկուշաբթի, 11 յունուար 2016-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Այն Թինէի մէջ:

 

 

Նախորդը

Չաւուշօղլու Կը Դատապարտէ Սուրիոյ Մէջ Ռուսական Օդուժին Կատարած Յարձակումները

Յաջորդը

«Մեր Իրաւունքն Է Պատասխանել Քանթարի Սպանութեան Գործողութեան` Յարմար Պահուն Ու Վայրին Մէջ» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?