Արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլ անջատ յուշագիրներ յղեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի այժմու նախագահ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Սամանթա Փաուըրի` անոնց ուշադրութեան յանձնելով ՄԱԿ-ի թիւ 2254 որոշումը, ուր պատերազմի աւարտին սուրիացի գաղթականներու կամքին կը ձգուի անոնց Սուրիա տունդարձը: Այս գծով նախարար Պասիլ իր մտավախութիւնը յայտնեց սուրիացի գաղթականներու Լիբանան բնակեցման հաւանականութեան մտադրութեանց գծով եւ ըսաւ. «Ան որ մեզի մարդասիրական եւ բարոյական դասեր կու տայ, թող իր երկրին մէջ հիւրընկալէ գաղթականները»:
Միւս կողմէ, նախարարութեան պաշտօնեաներուն յատուկ տօնական հանդիսութեան ընթացքին Պասիլ ըսաւ. «Այն ինչ որ կը նկատենք շրջանին մէջ իսրայէլեան քաղաքականութիւն է կամ ալ այլ պետութեանց եւ կազմակերպութեանց ենթարկուելու հարկադրանք է, ու անհրաժեշտ է այս վտանգը դիմակալել համախոհութեամբ եւ միասնական գործակցութեամբ»: