«Հանրապետութեան Նախագահը Մարտ 8-ի Քաղաքական Ուժերու Ներկայացուցիչը Ըլլալու Պարագային Կը Նախընտրեմ Զօր. Աունը» Շեշտեց Խալետ Տահեր
Խալետ Տահեր Երեսփոխան Խալետ Տահեր յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի հետ իր յարաբերութիւնները խզուած են վերջինիս փափաքով, «սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ ես չեմ յարգեր զայն», ըսաւ Տահեր: Ան նշեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հսկայ զոհողութիւններ կատարած է, յատկապէս նախագահական ընտրութեան թղթածրարին առումով: Ան նշեց, որ ինք կը փափաքի, որ հանրապետութեան նախագահը Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու...

















