Ընտրական օրէնքի մշակման համար խորհրդարանական յանձնախումբի կազմութեան ընթացքին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան հիման վրայ, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի մասնակցեցաւ յանձնախումբի նիստին եւ ներկայացուց ՀՅ Դաշնացութեան եւ պլոքին մօտեցումները ընտրական օրէնքին շուրջ: Յատուկ քննարկումի ենթարկուեցան Պէյրութի, Մեթնի եւ Զահլէի ընտրաշրջանները, որ Բագրատունի կարեւորութեամբ շեշտեց արդար ներկայացուցչութիւն ապահովող օրէնքի մը որդեգրման անհրաժեշտութիւնը: Բագրատունի յառաջիկային եւս այս օրակարգով պիտի մասնակցի յանձնախումբի նիստին: