Լիբանանեան

«Ամերիկան Կը Խօսի Լիբանանի Վերակառուցման  Մասին Եւ Չէ Հետաքրքրուած Նախագահի  Թեկնածուներու Անուններով»  Կ՛ըսէ Կապրիէլ

Կապրիէլ. «Լիբանան Պէտք Է Ուղղակի Կերպով Իսրայէլի Հետ Բանակցի. Ամերիկան Չի Կրնար Անոնց Միջեւ Յաւիտեանս Միջնորդութիւն Կատարել»

Լիբանանի համար ամերիկեան աշխատանքային խումբի ներկայ պետ Էտուըրտ Կապրիէլ նշեց, որ Լիթանի գետէն հարաւ Հըզպալլայի զինաթափումը միջազգային ընտանիքին համար կարեւոր է, եւ Լիբանանի յառաջընթաց արձանագրելը ցոյց կու տայ: Ան այս մասին յայտնեց «Ժատիտ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին: Կապրիէլ յայտնեց, որ եթէ Իսրայէլ ինքզինք վտանգուած զգայ, ինքզինք պիտի պաշտպանէ` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլը պէտք է ընդունին այն յառաջընթացը, որ տեղի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ՌԱՄՔՕ ընկերութիւնը յայտարարեց, թէ կը դադրի Մեթնի եւ Քեսրուանի գաւառներէն, ինչպէս նաեւ Պէյրութ քաղաքի վարչական տարածքէն աղբերը հաւաքելէ, որովհետեւ Ժտէյտէի աղբանոցը դադրած է աղբեր ընդունելէ` աւելցնելով, որ կը սպասէ աղբանոցի վերաբացման, որպէսզի վերականգնէ իր աշխատանքը: - ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը հարաւային Լիբանանի Տէյր Ամես գիւղին մէջ հարուածեց ինքնաշարժ մը: Արձանագրուեցաւ զոհ մը եւ վիրաւոր մը: - ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու...

Նախարարաց Խորհուրդը Որոշեց «Ռիսալաթ»-ի Աշխատանքը Մինչեւ Հետաքննութեան Աւարտը Առկախել

Նախարարաց Խորհուրդը Որոշեց «Ռիսալաթ»-ի Աշխատանքը Մինչեւ Հետաքննութեան Աւարտը Առկախել

Նախարարաց խորհուրդը երէկ Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց իր նիստը, որուն աւարտին տեղեկատուութեան նախարար, կառավարութեան բանբեր Փոլ Մըրքոս յայտնեց, որ նախագահ Ժոզեֆ Աուն ժողովի ընթացքին անդրադարձած է կենցաղային թղթածրարներուն եւ հանրօգուտ շինութիւններու նախարարութենէն խնդրած է իր ջանքը թափել խուսափելու համար առաջին անձրեւի հետեւանքով ամէն տարի պատահածէն, իսկ զբօսաշրջութեան նախարարութենէն խնդրած է պատրաստուիլ տօնական օրերուն: Նախարարը նշեց, որ նախագահ Աունի Նիւ Եորք...

Շըրրի. «Սալամ «Ռիսալաթ»-ի Օրակարգին Նկատմամբ Կամայական Դրսեւորում Կը Ցուցաբերէ»

Շըրրի. «Սալամ «Ռիսալաթ»-ի Օրակարգին Նկատմամբ Կամայական Դրսեւորում Կը Ցուցաբերէ»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ամին Շըրրի «Նուր» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Ռաուշէի ժայռի հաւաքին հարցով կապ հաստատեցինք ներքին գործոց նախարար Ահմետ Հաժժարի հետ, եւ ան հասկացողութիւն ցուցաբերեց եւ նախանձախնդիր էր: Անոր ներկայացուցինք հաւաքի ծրագիրը»: «Պէյրութի նահանգապետ Մարուան Ապպուտ ձեռնարկին նոյն օրը ճշդեց տարբեր պայմաններ, որոնց շուրջ համաձայնութիւն չէր գոյացած», նշեց երեսփոխանը: «Հըզպալլան Ռաուշէի ժայռի ձեռնարկի ընթացքին համաձայնութիւնը...

Ֆատլալլա.   «Կառավարութիւնը Զէնքի Մենաշնորհումը Քննարկելու Տեղ Պէտք Է Իսրայէլեան Յարձակումներուն Դէմ Դնելու Կարելիութեան Շուրջ Օրակարգեր Ճշդէ»

Ֆատլալլա. «Կառավարութիւնը Զէնքի Մենաշնորհումը Քննարկելու Տեղ Պէտք Է Իսրայէլեան Յարձակումներուն Դէմ Դնելու Կարելիութեան Շուրջ Օրակարգեր Ճշդէ»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա յայտնեց. «Ներկայ կառավարութեան մեծամասնութիւնը չի կրնար անոր մնացեալ անդամներուն հետ փոխհասկացողութենէն դուրս ինքնագլուխ գործել, որովհետեւ կան կառավարութեան մաս կազմող ուժեր, որոնց տեսակէտը նկատի ունենալը պարտադիր է` նկատի ունենալով, որ անոնք լիբանանցի ժողովուրդէն մեծ հատուած մը կը ներկայացնեն, եւ անոնց ներկայացուցչութիւնը Ազգային ուխտին եւ նոյնիսկ սահմանադրութեան մէջ նշուած է, երբ կը խօսուի կառավարութեան մէջ...

Պատուիրակութեան Մը Ընկերակցութեամբ Վարչապետարան Այցելելով`  Մաթար. «Թրիփոլին Պետութեան Կողքին Է Եւ Անոր Ու Վարչապետին Կը Զօրակցի»

Պատուիրակութեան Մը Ընկերակցութեամբ Վարչապետարան Այցելելով` Մաթար. «Թրիփոլին Պետութեան Կողքին Է Եւ Անոր Ու Վարչապետին Կը Զօրակցի»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ ընդունեց Թրիփոլիէն երիտասարդներու եւ երիտասարդուհիներու պատուիրակութիւն մը` ներկայութեամբ երեսփոխան Իհապ Մաթարի: Մաթար յայտնեց. «Պատուիրակութիւնը վարչապետ Սալամի կողքին կը կանգնի եւ կը զօրակցի անոր ու կառավարութեան որոշումներուն»: «Անհրաժեշտ է գործադրել օրէնքները եւ անոնց գործադրութիւնը թեթեւի չառնել», շեշտեց երեսփոխանը: «Թրիփոլին միշտ ալ պետութեան հետ է, անոր եւ վարչապետին կը զօրակցի» նշեց Մաթար: Վարչապետ Սալամ նաեւ ընդունեց Աւստրալիոյ մէջ...

Օքայս. «Ազգային Անվտանգութեան Ռազմավարութիւնը Կը Մշակուի Զէնքի Յանձնումէն Ետք

Օքայս. «Ազգային Անվտանգութեան Ռազմավարութիւնը Կը Մշակուի Զէնքի Յանձնումէն Ետք

Հզօր Հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Ժորժ Օքայս «Լուպնան Հուր» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Ազգային անվտանգութեան ռազմավարութիւնը կը մշակուի զէնքը յանձնելու գործողութենէն եւ պետութեան իր գերիշխանութիւնը լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ տարածելէն ետք, եւ ոչ թէ անկէ առաջ ապօրինի զէնքի հետ համակեցութիւնը քննարկելու համար: Ատիկա խաբկանք է եւ մեծ խուսանաւում մը, որ ոչ ոք կը համոզէ, եւ զայն բացարձակապէս պիտի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը երէկ կէսօրին Նապաթիէի նահանգի Զըպտին գիւղի ճամբուն վրայ ինքնաշարժ մը հարուածեց: 2 զոհ եւ մէկ վիրաւոր արձանագրուեցաւ: - ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Մնասսա երէկ այցելեց վարչապետարան եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամին ներկայացուց Սէուտական Արաբիա իր այցելութեան արդիւնքները: Ան Սէուտական Արաբիոյ Օլա քաղաքին մէջ մասնակցած էր Միւնիխի անվտանգութեան խորհրդաժողովին: - ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Հըզպալլայի երեսփոխաններն...

Շէյխ Քասեմ Ընտրութիւններուն Մէջ Արդար Ներկայացուցչութեան Կոչ Ուղղեց

Շէյխ Քասեմ Ընտրութիւններուն Մէջ Արդար Ներկայացուցչութեան Կոչ Ուղղեց

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ Հըզպալլայի ղեկավարներէն շէյխ Նեպիլ Քաուքի եւ Սուհէյլ Հիւսէյնի ահաբեկման միամեակին առիթով շաբաթ օր պատկերասփռուած ուղերձի ընթացքին շեշտեց. «Իսրայէլ աշխատանք կը տանի Մեծն Իսրայէլի ծրագիրին վրայ, Ամերիկան անոր ամբողջովին կ՛աջակցի, եւ որեւէ նահանջ մարտավարական է` սպասելով աւելի լաւ պայմաններու»: «Այն, ինչ որ Կազայի մէջ կը տեսնենք, Մեծն Իսրայէլի ծրագիրին ծիրին մէջ է», ըսաւ ան` աւելցնելով,...

Քաանի. «Հըզպալլայի Զինաթափման Մասին Խօսակցութեան Պատճառը Սիոնական Գոյացութեան Այդ Մէկը Կատարելու Ձախողիլն Է»

Քաանի. «Հըզպալլայի Զինաթափման Մասին Խօսակցութեան Պատճառը Սիոնական Գոյացութեան Այդ Մէկը Կատարելու Ձախողիլն Է»

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» զօրամասի հրամանատար Իսմայիլ Քաանի Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ահաբեկման յիշատակին նուիրուած պատկերասփիւռային հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Հակառակ սէյիտ Հասան Նասրալլայի նահատակութեան, Հըզպալլան յաջողեցաւ, ճնշումներու եւ դժուարութիւններու գագաթնակէտին, որեւէ ատենէ աւելի ցոյց տալ իր ուժն ու տոկունութիւնը»: Ան նշեց, որ ո՛չ ինք, ո՛չ սէյիտ Նասրալլան, ո՛չ իսկ Համասի գլխաւոր ղեկավարները նախապէս տեղեակ էին Համաս շարժումի...

Մըքտատ. «Եթէ Կառավարութիւնը «Ռիսալաթ» Միութեան Արտօնագիրը Յետս Կոչելու Յանդգնի Քաղաքականութեան Մէջ Այլ Խօսք Պիտի Լսէ»

Մըքտատ. «Եթէ Կառավարութիւնը «Ռիսալաթ» Միութեան Արտօնագիրը Յետս Կոչելու Յանդգնի Քաղաքականութեան Մէջ Այլ Խօսք Պիտի Լսէ»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Մըքտատ շեշտեց. «Անհրաժեշտ է խորհրդարանական ընտրութիւնները կատարել իրենց ժամկէտին եւ ի զօրու եղող այն օրէնքով, որուն հիմամբ վերջին ընտրութիւնները տեղի ունեցան, եւ որ օրին որդեգրուեցաւ երեսփոխանական բոլոր պլոքներուն եւ երկրի բոլոր քաղաքական ուժերուն համաձայնութեամբ: «Ընտրութիւնը սահմանադրական գործընթաց մըն է, որ պէտք է յարգել, եւ Միացեալ Նահանգները կամ որեւէ դեսպանատուն կամ պետութիւն չեն կրնար խորհրդարանին...

Հարաւային Քորէայի Դեսպանատան Կազմակերպած Ընդունելութեան Ընթացքին.  Պայրագտարեան Հանրապետութեան Նախագահն Ու Վարչապետը Ներկայացուց

Հարաւային Քորէայի Դեսպանատան Կազմակերպած Ընդունելութեան Ընթացքին. Պայրագտարեան Հանրապետութեան Նախագահն Ու Վարչապետը Ներկայացուց

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան Լիբանանի մէջ Հարաւային Քորէայի դեսպանատան Հարաւային Քորէայի հիմնադրութեան օրուան եւ զինեալ ուժերու օրուան առիթով հրաւիրած ընդունելութեան ընթացքին ներկայացուց հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունը եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամը:

Նասսար. «Զէնքի Մենաշնորհումը Լուսարձակներէ Հեռու Տեղի Կ՛ունենայ»

Նասսար. «Զէնքի Մենաշնորհումը Լուսարձակներէ Հեռու Տեղի Կ՛ունենայ»

Արդարադատութեան նախարար Ատել Նասսար յայտնեց. «Արդարադատութեան անկախութիւնը հիմնական հարց է, անհրաժեշտ է արդարադատութիւնը հեռու պահել որեւէ ճնշումէ, ինչ որ ալ ըլլայ»: Անդրադառնալով Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի շուրջ հետաքննութեան` Նասսար նշեց. «Յարգելով արդարադատութեան անկախութիւնը, ես չեմ միջամտեր հետաքննութեան, որ կը կատարէ արդարադատական դատախազ դատաւոր Թարեք Պիթարը: Սակայն մօտէն կը հետեւինք «Ռոսուս» նաւու սեփականատէր Իկոր Կրեչոշքինի ստանձնման թղթածրարին եւ պուլկարական կողմէն որեւէ ժխտական...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնած են, թէ եւրոպացի դիւանագէտ մը առնչակից հեղինակութիւններու յայտնած է, թէ գոյութիւն ունին զինադադարի համաձայնութեան գործադրութեան յանձնախումբի եւ Միացեալ Նահանգներ-Ֆրանսա երկկողմանի մակարդակի վրայ ֆրանս-ամերիկեան խորհրդակցութիւններ` հարաւային Լիբանանի շրջանը լարուածութեան եւ մագլցումի շրջագիծէն դուրս պահելու եւ բախումներու մէջ ներքաշումը արգիլելու համար: - «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Նախարարաց խորհուրդի երկուշաբթի օրուան նիստը կառավարութեան միասնականութեան ճշդման տեսանկիւնէն կարեւոր պիտի ըլլայ,...

Սալամ. «Ռաուշէի Մէջ Տեղի Ունեցածին Մեծագոյն Կորուստը Զայն Կազմակերպող Կողմին Ու Անոր Ետին Կանգնողին Հաւաստիութիւնն Է»

Սալամ. «Ռաուշէի Մէջ Տեղի Ունեցածին Մեծագոյն Կորուստը Զայն Կազմակերպող Կողմին Ու Անոր Ետին Կանգնողին Հաւաստիութիւնն Է»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ իրեն այցելող պատուիրակութիւններուն առջեւ նշեց. «Ռաուշէի մէջ տեղի ունեցածին մեծագոյն կորուստը զայն կազմակերպող կողմին ու անոր ետին կանգնողին հաւաստիութիւնն է, որովհետեւ իր խոստումները չյարգեց, եւ ատիկա հաստատօրէն հետեւանքներ պիտի ունենայ: «Ռաուշէի հարցը տակաւին չվերջացաւ, որովհետեւ պետութեան հեղինակութեան վերականգնումը կ՛ըլլայ օրէնքի կիրարկումով եւ իրենց խոստումները չյարգողները հաշուետուութեան ենթարկելով: «Ընդհանուր դատախազը սկսաւ անձեր հարցաքննութեան կանչել եւ որոնման հրամանագիր հրապարակեց...

Աուն Եւ Ռաատ Համաձայնեցան Ուշադիր Կերպով Կարգաւորելու Գոյութիւն Ունեցող Տարակարծութիւնները

Աուն Եւ Ռաատ Համաձայնեցան Ուշադիր Կերպով Կարգաւորելու Գոյութիւն Ունեցող Տարակարծութիւնները

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն հինգշաբթի երեկոյեան ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատը: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան ազգային հարցեր եւ գործընթացներ, եւ համաձայնութիւն գոյացաւ տարակարծութիւնները ուշադրութեամբ կարգաւորելու` իրագործելու համար ազգային գերագոյն շահերը: Հըզպալլայի մօտիկ աղբիւրներ «Ժատիտ»-ին յայտնեցին, որ Աուն-Ռաատ հանդիպումը շարք մը նիւթերու շուրջ էր, ինչպէս` իսրայէլեան յարձակումներու, վերաշինութեան, ընտրական օրէնքի, խորհրդարանի վերաշխուժացման եւ անոր աշխատանքը չխոչընդոտելու հարցերը: Ռաատ...

Հըզպալլայի Զինաթափման Անոր Ջանքերուն Ծիրին Մէջ.  Միացեալ Նահանգներ Լիբանանին 230 Միլիոն Տոլար Կը Տրամադրեն

Հըզպալլայի Զինաթափման Անոր Ջանքերուն Ծիրին Մէջ. Միացեալ Նահանգներ Լիբանանին 230 Միլիոն Տոլար Կը Տրամադրեն

Ուաշինկթընի եւ Պէյրութի մէջ աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը այս շաբաթ հաւանութիւն տուած է Հըզպալլան զինաթափելու անոնց ջանքերու ծիրին մէջ լիբանանեան ապահովական ուժերուն 230 միլիոն տոլար տրամադրելու որոշումին: Որոշումէն լաւատեղեակ լիբանանեան աղբիւր մը յայտնեց, թէ անիկա կը ներառէ 190 միլիոն տոլար լիբանանեան զինեալ ուժերուն, եւ 40 միլիոն տոլար ներքին ապահովութեան ուժերուն: Քոնկրեսին...

Պայրագտարեան Արեւմտեան Ասիոյ Աթլեթիզմի 3-րդ Ախոյեանութիւնը Հովանաւորեց Եւ Անոր Բացումը Կատարեց

Պայրագտարեան Արեւմտեան Ասիոյ Աթլեթիզմի 3-րդ Ախոյեանութիւնը Հովանաւորեց Եւ Անոր Բացումը Կատարեց

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան հովանաւորեց Արեւմտեան Ասիոյ 20 տարեկանէն վար երիտասարդներու եւ երիտասարդուհիներու աթլեթիզմի ախոյեանութեան մրցաշարքը, որ տեղի ունեցաւ Մարզական աւանին եւ Ժամհուրի մարմնակրթական ակումբին մէջ` հովանաւորութեամբ Ասիոյ ու Արեւմտեան Ասիոյ ֆետերասիոններուն եւ մասնակցութեամբը 9 երկիրներու` Քաթարի, Քուէյթի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Եմէնի, Սուրիոյ, Յորդանանի, Պաղեստինի, Իրաքի եւ Լիբանանի` առ ի պատրաստութիւն Միացեալ Նահանգներու Օրիկըն նահանգին մէջ յառաջիկայ...

Հէյլ. «Ընտրութիւնները Յետաձգելու Պատրուակ Չկայ»

Հէյլ. «Ընտրութիւնները Յետաձգելու Պատրուակ Չկայ»

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Տէյվիտ Հէյլ «Էմ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Խորհրդարանական ընտրութիւնները նախապէս տեղի ունեցած են զէնքի գոյութեան պայմաններուն մէջ, այս անգամ զայն յետաձգելու պատրուակ չկայ, եւ Հըզպալլան տեղի ունեցածին լոյսին տակ չի կրնար քուէարկողներուն նեղութիւն պատճառել»: «Այն, ինչ որ լիբանանեան բանակը կը կատարէ, կը նպաստէ Լիբանանի մէջ կացութեան զարգացման, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի Հըզպալլայի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

- ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ արշալոյսին երեք իրերայաջորդ բուռն յարձակումներ գործեց Նապաթիէի մերձակայքը գտնուող Ալի Թահեր բլուրներուն վրայ: Յարձակումները պատճառ դարձան հրդեհներու յառաջացման: Իսրայէլեան բանակը պնդեց, թէ յարձակում գործած է այն դիրքերուն վրայ, որոնք հարաւային Լիբանանի Ժապալ Շքիֆ շրջանին մէջ Հըզպալլայի կողմէ կ՛օգտագործուէին մարտական գործողութիւններու ղեկավարման համար: - ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ մեծ հեղինակութեան մը մօտիկ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Ըստ լիբանանեան կառավարութեան...

Page 86 of 986 1 … 85 86 87 … 986

Արխիւներ