Վատիկանի տեղեկատուութեան գրասենեակը յայտարարեց, որ Լեւոն ԺԴ. պապը Լիբանան պիտի այցելէ:
Վատիկան հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ ընդառաջելով հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ լիբանանեան եկեղեցական իշխանութիւններու հրաւէրին, Լեւոն ԺԴ. պապը 30 նոյեմբերէն 2 դեկտեմբեր պիտի այցելէ Լիբանան:
Վատիկան աւելցուց, որ այցելութեան ծրագիրը օրին պիտի յայտարարուի: