Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սալամի Հետ Հանդիպումէն Ետք. Ժեմայել. «Կառավարութիւնը Պէտք Է Արտերկրի Լիբանանցիներու Մասնակցութեան Հարցը Վճռելու Համար Ընտրական Օրէնքը Խորհրդարան Ուղարկէ»

Հոկտեմբեր 9, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայելը, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Նախ եւ առաջ մեր կարծիքը յայտնեցինք, որ Սալամով մեծապէս կը պարծենանք եւ անոր երթին յաջողութիւն կը մաղթենք, որովհետեւ այն քաջարի կեցուածքները, որ կ՛որդեգրէ, պետութեան տրամաբանութեան վերականգնման եւ Լիբանանի մէջ օրէնքի իշխանութեան հաստատման իսկական յանձնառութեան արտայայտութիւն են, բան մը, որուն այսօր բոլոր լիբանանցիները պէտք ունին»:

«Անդրադարձանք նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններու թղթածրարին եւ այն անհրաժեշտութեան, որ կառավարութիւնը այդ առնչութեամբ իր պատասխանատուութեան տէր կանգնի` օրինագիծը ուղարկելով խորհրդարան, որպէսզի արտերկրի մասնակցութեան վերաբերեալ քննարկումը վճռուի անոնց, նախկին ընտրութիւններուն պէս, 128 երեսփոխաններու քուէարկելու իրաւունքը երաշխաւորելով` նկատի ունենալով, որ ատիկա միակ տրամաբանական առաջարկն է: Իսկ այլ առաջարկները կը ջանան արտերկրի լիբանանցիները զրկել քուէարկութենէ կամ անհասկնալի կերպով անոնց ներկայացուցչութիւնը սահմանափակել միայն 6 երեսփոխանով», յայտնեց երեսփոխանը:

«Շեշտեցինք կարեւորութիւնը քաղաքական իշխանութեան մէջ միասնական կեցուածքին եւ անոր բաղադրիչ մասերուն միջեւ միասնականութեան, որովհետեւ ատիկա միակ ուղին է փրկելու Լիբանանը եւ պետութեան հասկացողութեան, երկրին երկու տասնամեակ իշխած անտառի հասկացողութեան նկատմամբ յաղթանակին համար», ըսաւ ան:

«Այսօր Սալամի եւ նախագահ Ժոզեֆ Աունի ներկայութեամբ պատմական առիթ մը ունինք: Անոնք երկու անձեր են, որոնք լիբանանցիներու շահերուն եւ իսկական բարեկարգումի երթին իրենց յանձնառութիւնը ապացուցեցին:

«Ասկէ կը բխի կարիքը իրարու կողքին կանգնելու եւ միասնական ըլլալու` ամբողջացնելու համար զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու հոլովոյթը եւ արգիլելու, որ Լիբանանի մէջ որեւէ զինեալ միլիս ըլլայ` նկատի ունենալով, որ ատիկա պետութեան կառուցման եւ ներդրումներ ու օգնութիւններ ներգրաւելու պայման է», յայտնեց Ժեմայել:

Վարչապետը նաեւ ընդունեց Լիբանանեան սննդեղէնի բարեգործական դրամատան պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Մունա Ժիհա Քենաանի:

Սալամ նաեւ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի բարեգործական գրասենեակի տնօրէն Մոհամետ Զահրան:

Քննարկումը կեդրոնացաւ Քաթարի մեծապէս ազդեցիկ, Լիբանանի ազգային առաջնահերթութիւններուն ու Քաթարի բարեսիրական առաքելութեան համահունչ շարք մը մարդասիրական եւ բարգաւաճման ծրագիրներով լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ ամէնէն տկար հատուածներու բարեսիրական աջակցութեան վրայ:

 

Նախորդը

Պըրրի Ընդունեց Բանակի Գաղտնի Սպասարկութեան Տնօրէնը

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Ողջունեց Բանակի Ամրապնդման Համար Եւրոպական Միութեան Տրամադրած Աջակցութիւնը

RelatedPosts

Լիբանան Այցելելով`  Շիպանի.  «Երկու Երկիրներուն Միջեւ Գործակցութեան Վրայ  Հիմնուած Նոր Էջ Բացինք»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանան Այցելելով` Շիպանի. «Երկու Երկիրներուն Միջեւ Գործակցութեան Վրայ Հիմնուած Նոր Էջ Բացինք»

Հոկտեմբեր 11, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ընտրական Օրէնքի Բարեփոխման Խորհրդարանական Նիստ Պիտի Չգումարուի, Կարծիքս Պիտի Չփոխեմ Եւ Անոր Վրայ Հաստատ Պիտի Մնամ»

Հոկտեմբեր 11, 2025
Սքաֆ. «Նախագահ Աունը Հըզպալլայի Օգտին Կողմնակալութեան Յանցանքով Ամբաստանելը Անընդունելի Է»
Լիբանանեան

Սքաֆ. «Նախագահ Աունը Հըզպալլայի Օգտին Կողմնակալութեան Յանցանքով Ամբաստանելը Անընդունելի Է»

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?