Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի անդամ Մահմուտ Քումաթի այցելեց Բարեփոխում եւ միասնականութիւն շարժումի ղեկավար շէյխ Մահեր Ապտել Ռազզաքի Աքքարի Պըրքայել գիւղի բնակարանը, ուր հաւաքուած էին շէյխեր եւ շարժումէն պատասխանատուներ:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան ներքին ու արտաքին կացութիւնները, մասնաւորաբար Լիբանանի եւ Կազայի իրադարձութիւնները:
Քումաթի այս առիթով խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Աքքար եկանք, մեր հաւատարիմ ժողովուրդին, որպէսզի շնորհակալութիւն յայտնենք անցեալ տարի այս օրերուն գաղթականներ ընդունելնուն համար: Անոնք հաւատարիմ, հայրենասէր եւ մարդասէր են»:
Ան ընդգծեց կարեւորութիւնը ազգային միասնականութեան, որուն ամէնէն շատ կարիքը ունի Լիբանանը, «եւ որ կը նշանակէ մէկ ծրագիրի մէջ` Լիբանանը պաշտպանելու եւ գերիշխանութիւնը պահպանելու համար ըլլալ բանակ, ժողովուրդ եւ դիմադրութիւն»:
«Մենք երկխօսութեան, միատեղման եւ Լիբանանը պաշտպանող ազգային պաշտպանական ռազմավարութեան մշակման հետ ենք», յայտնեց Հըզպալլայի պատասխանատուն:
«Հայրենիքները սադրանքներով չեն կառուցուիր, այլ փոխադարձ հասկացողութեամբ եւ համաձայնութեամբ», ընդգծեց Քումաթի, եւ պետութեան կոչ ուղղեց, որ Աքքարէն վերցնէ զրկուածութիւնն ու անիրաւութիւնը:
«Կարգ մը հռետորաբաններ կոչ կ՛ուղղեն պետութեան վերադառնալու, սակայն ո՞ւր է պետութիւնը, ո՞ւր է զրկուած շրջաններուն մէջ անոր արդարութիւնը», հարց տուաւ ան:
Քումաթի պետութեան կոչ ուղղեց հարաւի մէջ բանակի աշխատանքին օգնելու եւ վերաշինութեան պարտականութիւնը կատարելու:
«Մենք պետութեան նկատմամբ նախանձախնդիր ենք, եւ կ՛ուզենք, որ անիկա հզօր, արդար եւ ի շահ ամբողջ հայրենիքի գործող ըլլայ», նշեց ան: