Երեսփոխան Ղասսան Սքաֆ յայտնեց. «Արտերկրի լիբանանցիներու խորհրդարանի բոլոր անդամներուն քուէարկելու իրաւունք ունենալու կամ չունենալու օրէնսդրական տագնապը նախատեսելի էր զէնքի թղթածրարին հետեւանքով գոյութիւն ունեցող քաղաքական լարուածութեան լոյսին տակ, որուն վերջին դէպքը Ռաուշէի մէջ տեղի ունեցածն էր»:
Սքաֆ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Նշեալ երկու ենթահողերուն վրայ եւ մինչ ոմանց կողմէ լուրջ փորձեր կան նախագահական ու վարչապետի իշխանութեան երթը արգելակելու, երեսփոխանական սահմանադրական գործընթացը կրնայ զոհ դառնալ, եթէ այս հեղինակութիւնը չպնդէ քաղաքական երկու ճամբարներուն` մէկ կողմէ շիի երկեակին ու Ազգային ազատ հոսանքին, եւ միւս կողմէ երեսփոխանական մեծամասնութեան միջեւ կարգաւորման վրայ»:
«Անկասկած, խորհրդարանական ընտրութիւնները իրենց սահմանադրական ժամկէտին տեղի պիտի ունենան, սակայն այն մտավախութիւնը ունիմ, թէ օրէնսդրական բազկամարտը արտերկրի բոլոր լիբանանցիները զրկէ ընտրելու ամբողջ իրաւունքէն, այսինքն` զայն ջնջէ խորհրդարանական ընտրութեան քարտէսէն, ո՛չ 6 եւ ո՛չ ալ 128 աթոռներու քուէարկութիւն, եւ ընտրապայքարը սահմանափակէ միայն երկրին ներսով, իսկ արտերկրի լիբանանցիներուն վերապահէ իր սահմանադրական իրաւունքը գործադրելու համար Լիբանան տեղափոխուիլը նոյն նպատակին համար»:
«Նախագահ Ժոզեֆ Աունի դիրքը նախանձելի չէ, որովհետեւ նախանձախնդիր է Լիբանանը զէնքի մենաշնորհման խորագիրին տակ կրակէ օղակ չմտցնելու, եւ աշխատանք կը տանի ամրապնդելու անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը, իբրեւ արգիլուած կարմիր խաչ, որ կարելի չէ շրջանցել: Այդ բոլորը զէնքը վերցնելու եւ միւս կողմէ ազդու պետութիւններու ուղղութեամբ դիւանագիտական շարժումին զուգահեռ` հարաւային Լիբանանի մէջ հինգ կէտերը ազատագրելու իսրայէլեան բռնագրաւումէն», ըսաւ երեսփոխանը:
«Ուստի այն, ինչ որ անոր Հըզպալլային կողմնակալ ըլլալուն մասին կը լսենք, անընդունելի է, որովհետեւ անոր կողմնակալութիւնը միայն հայրենիքին է, եւ որովհետեւ չունի այլ համայնք բացի Լիբանանը, որ լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ իր բանակի անդամներուն բազուկներով գերիշխան է, եւ իր բոլոր բաղադրիչ մասերը մէկ ու միասնական խօսքին շուրջ համախմբուած են», աւելցուց Սքաֆ: