Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ յայտնեց. «Յառաջիկայ որեւէ պատերազմի վերաբերեալ արտաքին զգուշացումներ չլսեցինք: Լիբանանէն պահանջուածը զէնքի մենաշնորհում կատարելն է, ատիկա հիմնական թղթածրար է»:
Ան «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ. «Բանակը զէնքի մենաշնորհման մէջ յաջողութեան մեծ համեմատութիւն արձանագրեց, եւ ասիկա «կոճակ» սեղմելով չ՛ըլլար, այլ` համբերութիւն կը պահանջէ»:
«Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունը Ռաուշէի ժայռին հարցին մէջ չսխալեցաւ, եւ լիբանանեան բանակին հաւաքը արգիլելու որեւէ հրաման չտրուեցաւ», նշեց Պու Սաապ:
«Վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ խօսեցայ եւ անոր ըսի. «Բանակին հրաման տրուեցա՞ւ Ռաուշէի ժայռին առջեւ ձեռնարկը արգիլելու»: Ան պատասխանեց. «Բանակը իր գործը գիտէ»:
«Ռաուշէի ժայռին առջեւ ձեռնարկը կազմակերպողները իրենց տրուած արտօնագիրին բովանդակութիւնը խախտեցին, եւ զանոնք հաշուետուութեան ենթարկելու իրաւական ծիր գոյութիւն ունի», ըսաւ ան:
«Բանակին վրայ բանաւոր յարձակումը արգիլուած է, ինչպէս նաեւ ըսելը, թէ պետութեան հեղինակութիւնը վնասուեցաւ, երբ Հըզպալլան Ռաուշէի ժայռը լուսաւորեց», նշեց խորհրդարանի փոխնախագահը:
«Բանակը կառավարութեան նիստի ընթացքին ներկայացուց իր ձեռքբերումներէն շարք մը, ներառեալ մուտք գործած փապուղիները եւ կազմաքանդած զէնքի պահեստանոցները», յայտնեց ան:
«Պէտք է Հըզպալլայի հետ փոխադարձ հասկացողութիւն գոյացնել պետութեան լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ իշխանութեան տարածման կերպին շուրջ, եւ ոչ թէ զայն ճնշումի կամ պարտադրումի ճամբով կատարել», ըսաւ ան` նշելով. «Կուսակցութեան հետ հաղորդակցելէն չհիասթափուեցանք»:
«Բոլորը կ՛ըսեն, թէ խորհրդարանական ընտրութիւններ կ՛ուզեն, սակայն իրականութիւնը տարբեր է», նշեց ան` աւելցնելով. «Միացեալ յանձնախումբերը առաջարկեցին, որ առաջարկուած ընտրական օրինագիծը ետ վերցուի եւ արտերկրի լիբանանցիներուն օրէնքը միայն պահուի, սակայն երեսփոխաններ Ալի Հասան Խալիլը, Սեզար Ապի Խալիլը, Մըլհեմ Խալաֆը, Նաժաթ Սալիպան, Նեհմաթ Ֆրեմը, Էլիաս Ժրատէն եւ ուրիշներ մերժեցին»:
«Ներքին գործոց նախարար Ահմետ Հաժժարը մեզի ըսաւ, որ կառավարութիւնը ընտրութիւնները իր ժամկէտին կատարելուն վրայ կը շեշտէ, եւ բոլորը ատոր համաձայն գտնուեցան», աւելցուց Պու Սաապ:
«Խորհրդարանական ընտրութիւններու որեւէ յետաձգում պիտի չպահանջեմ, եւ ես ներքին կանոնակարգի փոփոխութեան հետ եմ», նշեց ան:
«Խորհրդարանական ընտրութիւններու չեղեալ նկատուելուն գծով վախ գոյութիւն ունի», յայտնեց խորհրդարանի փոխնախագահը:
Պու Սաապ նաեւ յայտնեց. «Այսօր մեծ եւ լուրջ քննարկում կայ երեսփոխան Նեհմաթ Ֆրեմի եւ շարք մը անկախներու հետ` խորհրդարանական ընտրութիւններուն անոնց հետ դաշնակցելու համար»` աւելցնելով. «Բոլորը Մեթնի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքէն անակնկալի պիտի գան»:
«Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլը թող ինքն իրեն հարց տայ Հզօր Լիբանան երեսփոխանական համախմբումէն անջատումներուն պատճառին շուրջ», ըսաւ ան` նշելով. «Ազգային ազատ հոսանքի ժողովրդականութեան մեծ նահանջը Պասիլի նախկին սխալ որոշումներուն ապացոյցն է»:
Ինչ կը վերաբերի ընտրական օրէնքին, Պու Սաապ շեշտեց. «Ես խօսքս ուղղակի կերպով կ՛ուղղեմ (Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր) Ժահժահին եւ կ՛ըսեմ, թէ ընտրութիւններու յանձնախումբը պէտք է ժողով գումարէ, որպէսզի խոչընդոտները լուծուին»:
«Դրամատնային համակարգը ուժեղ պահելու շահ գոյութիւն ունի, որովհետեւ որեւէ դրամատան սնանկանալուն պարագային մարդոց պահ դրած գումարները կը կորսուին», շեշտեց ան` աւելցնելով. «Մենք Միջազգային դրամատան մօտ պաշտօնեայ չենք եւ կը մերժենք մարդոց պահ դրած գումարներուն ձեռք տալ: Մարդոց պահ դրած գումարները ջնջելը արգիլուած է»:
«Ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապեր անկարելին կ՛ընէ Միջազգային դրամատան հետ հասնելու լուծումի մը` առանց մարդոց պահ դրած գումարներուն ձեռք տալու: Ելեւմուտքի նախարարը մարդոց պահ դրուած գումարներուն ձեռք տալուն դէմ է, եւ ան լաւ աշխատանք կը տանի», յայտնեց խորհրդարանի փոխնախագահը: