Մշակոյթի նախարար դոկտ. Ղասսան Սալամէ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեանը, նախկին նախարար Արթուր Նազարեանը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դիւանապետ Տաճատ եպս. Աշգեանը, Ալեքս Քարապաճաքեանը եւ դոկտ. Ժորժ Նուրը:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան ընդհանուր հարցեր: Պատուիրակութիւնը Սալամէին ներկայացուց զբօսաշրջական ծրագիր մը, որ կը պահպանէ Ժիպէյլ քաղաքին մէջ հնագիտական եւ ժառանգութեան իրողութիւնը, որ ներառուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին վրայ, ինչպէս նաեւ կը նպաստէ մշակոյթի նախարարութեան հետ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ ընդունուած արժեչափերու հիմամբ գործակցութեան:
Պայրագտարեան Մեծարեց «Սփորց Մանիա»
Եւ «Թեքնոլոճիա» Ընկերութիւններու Վարչութիւններն
Ու Աշխատանքային Խումբերը
Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան մեծարեց «Սփորց Մանիա» եւ «Թեքնոլոճիա» ընկերութիւններու վարչութիւններն ու աշխատանքային խումբերը:
Պայրագտարեան յանուն նախարարութեան «Սփորց Մանիա» ընկերութենէն Թարեք Ապպուտին եւ Ժիհատ Մուաննեսին, ինչպէս նաեւ «Թեքնոլոճիա» ընկերութենէն Մազեն Տաքքաշին յանձնեց յուշանուէրներ, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց երկու ընկերութիւններուն մասնակցութեամբ Սուրի, Ճիւնիի, Ալէյի եւ Պէյրութի մէջ «Մարմնակրթութիւնը բոլորին համար» փառատօնի կազմակերպման անոնց բերած մասնակցութեան համար:
Անոնք իրենց կարգին նշեալ չորս շրջանները խորհրդանշող յուշանուէր մը յանձնեցին նախարարին:
Պայրագտարեան յայտնեց, որ այդ փառատօնը իր դրոշմը ձգած է նախարարութեան ներկայ փուլի երթին ու աշխատանքին վրայ, որովհետեւ ջատագոված է մարմնակրթութիւնն ու անոր ֆետերասիոնները, ինչպէս նաեւ տարբեր շրջաններ ներառած է եւ մարզիկներուն ապացուցած, թէ նախարարութիւնը գետնի վրայ իրենց կողքին է: