Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Ասաս» կայքին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «2017 թուականին ընտրական օրէնքին դէմ էին, եւ միւսները, որոնք անոր կը զօրակցէին, անոր վրայ եւ արտերկրի լիբանանցիները ներկայացնող վեց երեսփոխաններու ընտրութեան վրայ պնդեցին, այժմ անոր դէմ են»:
«Գոյութիւն ունի օրէնքի բնագիրը, որուն բոլոր կէտերը ամբողջութեամբ չգործադրուեցան, եւ երկու խորհրդարանական ընտրութիւններու ընթացքին ի զօրու մնաց: Առաջինը` 1918 թուականին, չըրինք, եւ երկրորդը 2022 թուականին, երբ զայն բարեփոխեցինք: Այժմ բնագիրին պիտի վերադառնանք», նշեց Պըրրի:
«Կառչած կը մնան ի զօրու եղող օրէնքի գիրին, եւ անոր մէջ ոչ իսկ ստորակէտ մը պիտի աւելցնեմ: Նոր օրէնքի կարիքը չունինք, ո՛չ ալ ներկայ օրէնքը բարեփոխելու, եւ պէտք է զայն գործադրենք», աւելցուց ան:
«Օրէնքը ելքեր տրամադրեց անոնց նշած պատրաստութիւններու վերաբերեալ պատրուակներուն: 123-րդ յօդուածին մէջ ներքին գործոց եւ արտաքին գործոց նախարարներուն արտակարգ լիազօրութիւններ տուինք արտասահմանի մէջ քուէարկութեան մանրամասնութիւնները թիւ 112 եւ 113 յօդուածներուն հիմամբ գործադրելու: Այժմ երկու նախարարները այդ լիազօրութիւններուն հիմամբ պէտք է գործեն, եւ կարիքը կայ խորհրդարանին, որ իրենց այդ լիազօրութիւնները տուաւ», յայտնեց խորհրդարանի նախագահը:
Պատասխանելով հարցումի մը, թէ մտավախութիւններ ունէ՞ր, որ իր վրայ միջազգային ճնշում բանեցուէր, որպէսզի ընդունի ներկայ օրէնքի փոփոխութիւնը, ան ըսաւ. «Օրէնքը մօտս այնպէս է, ինչպէս որ է, առանց յաւելումը կամ պակսեցման: Թող զայն գործադրենք: Զայն պիտի գործադրենք:
«Հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը հաստատեցին, որ ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին պէտք է տեղի ունենան, եւ ըսին, թէ միջազգային ճնշումները զանոնք կատարելու համար են: Դեսպանները, որ մօտս կու գան, իրենք եւս զանոնք կատարելու վրայ կը շեշտեն: Անոնցմէ ոչ ոք ընտրական օրէնքի մասին կը խօսի, այլ ինքնին գործընթացին մասին, որ ընտրութիւնները կատարելն է իրենց ժամկէտին` ներկայ օրէնքի կանոններուն համաձայն»:
«Վերջին երկու նիստերու օրինաթիւը խանգարելնէն ետք որեւէ բարեփոխման խորհրդարանական նիստ չկայ: Օրէնսդրական նիստեր պիտի հրաւիրեմ, որովհետեւ ընտրութիւններու ժամկէտէն առաջ եօթը ամիս ունինք:
«Թող խորհրդարանական յանձնախումբերուն մէջ քննարկեն իրենց եւ այլ առաջարկները, որոնց շարքին է Բարգաւաճում եւ ազատագրում երեսփոխանական պլոքի առաջարկը: Ատկէ դուրս ոչ ոք հետս թող խօսի: Տեսակէտս պիտի չփոխեմ եւ զիջում պիտի չկատարեմ», աւելցուց Պըրրի:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով արձագանգեց խորհրդարանի նախագահի յայտարարութեան` նշելով. «Ոչ ոք խորհրդարանը կրնայ մենաշնորհի վերածել, իսկ ամավարկի որդեգրումը խորհրդարանական մեծամասնութեան գործն է»: