– «ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը կը գրէ, թէ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարի Պէյրութ այցելութիւնը նկատուած է «սառոյցը կտրող»:
Օրաթերթը կը նշէ, թէ Շիպանիի այցելութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ նոր ուղի մը բացած է, եւ ան իր արտայայտած կեցուածքներուն ընթացքին կրկնած է. «Լիբանանի հետ նոր էջ կը բացուի»:
– ՖԻՆԻՒԼ յայտարարեց, որ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը շաբաթ կէսօրին Քֆարքիլա գիւղին մէջ նետած է ձայնային ռումբ մը, որ պայթած է ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն պատկանող դիրքի մը մօտ, այդ պատճառով ալ խաղաղապահ զինուոր մը թեթեւօրէն վիրաւորուած է` նշելով, որ ասիկա այս ամսուան ընթացքին իր տեսակին մէջ 2-րդ յարձակումն է, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին վտանգաւոր նոր խախտում մըն է:
– ՖԻՆԻՒԼ իսրայէլեան բանակին դարձեալ կոչ ուղղեց դադրեցնելու իր զինուորներուն վրայ կամ անոնց մօտ շղթայազերծուող բոլոր յարձակումները:
– ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին կը յայտնեն, որ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ վերջերս մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ Պէյրութի եւ սիւննիական ստուար բնակչութիւն ունեցող այլ շրջաններու սիւննի միութիւններու եւ հեղինակութիւններու հետ հանդիպումներ ունենալու նկատմամբ:
Օրաթերթին համաձայն, տակաւին կանուխ է վճռելու, թէ Սալամ մտադիր է յառաջիկայ խորհրդարանին մէջ երեսփոխանական պլոք ունենալ, սակայն ատիկա բացառուած չէ:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը հաղորդեց, որ լիբանանեան եւ սուրիական կառավարութեան ներկայացուցիչներ այս շաբաթ գործադիր ժողովներ պիտի գումարեն` հետեւելու համար Լիբանանի մէջ բանտարկուած սուրիացի բանտարկեալներու թղթածրարին:
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ասաս Միտիա»-ին. «Նախագահ Աունը չի տատամսիր իր այցելուներուն յայտնելէ, թէ քաղաքական հոսանքի մը ստեղծման մասին չի մտածեր եւ պատրաստ չէ որեւէ երեսփոխանի կամ թեկնածուի աջակցելու»:
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Լիուա» օրաթերթին. «Լիբանան յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին ականատես պիտի դառնայ այցելութիւններու արաբ եւ օտար պատուիրակներու կողմէ, որոնք պիտի փորձեն լիբանանեան պետութեան հետ զինադադարի համաձայնութեան ամրապնդման «նոր մեքանիզմ»-ի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել»:
– ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանան, որ ողջունեց Կազայի համաձայնութիւնը, զգուշութեամբ կը դիտէ, թէ հետագային ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ: Այդ համաձայնութիւնը կրնայ յանգեցնել խաղաղութեան հոլովոյթի ամրագրման, սակայն միւս կողմէ կրնայ Կազայի ճակատի փակումէն ետք Իսրայէլին գործելու ազատութիւն տալ»:
– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Դամասկոս մերժեց քրիստոնեայ ու սիւննի լիբանանցի երեսփոխաններ ընդունիլ եւ միջնորդներուն յայտնեց, որ կ՛ուզէ միայն լիբանանեան պետութեան հետ գործ ունենալ, եւ ոչ թէ` անհատներու»:
– ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Անպա» օրաթերթին. «Ահաբեկչական ցանցի մը կազմաքանդումը կը հաստատէ, որ Լիբանան տակաւին Իսրայէլի եւ ահաբեկչութեան յարձակումներու թիրախ է` հարուածելու համար Դիմադրութիւնն ու Լիբանանի մէջ ապահովութիւնը` այդպիսով շարունակելու համար զինուորական պատերազմը որ երկու տարիէ ի վեր կը շարունակուի, եւ տակաւին չէ դադրած»:
– «ԱՆՊԱ» օրաթերթ. «Նախագահը շիի երկեակին եւ մասնաւորաբար Հըզպալլայի հետ հաղորդակցութեան վրայ կը շեշտէ: Խորհրդարանի նախագահ Պըրրի անոր ջանքերուն կը միանայ` իշխանութեան որոշումներուն մէջ լաւագոյն գործակցութիւնը ապահովելու համար, մինչ բոլորը կը գիտակցին ներկայ փուլի նրբութիւնն ու Լիբանանը ապահով գօտի մղելու անհրաժեշտութիւնը»:
– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Գործադիր իշխանութեան երկեակը` հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը հաստատ քայլերով յառաջ կ՛ընթանան դէպի խորհրդարանական ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին կատարելու, ինչ ալ ըլլան պայմաններն ու խոչընդոտները: Անոնք պիտի յետաձգուին այն ժամանակ միայն, երբ զինուորական կամ ապահովական իրապէս պարտաւորիչ գործօն մը յառաջանայ»:
– ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Կազայի թղթածրարին մէջ նոր զարգացումը ուղղակի անդրադարձ պիտի չունենայ Հըզպալլայի զէնքին ապագային վրայ, որ պէտք է քննարկուի ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան ծիրին մէջ, որմէ պէտք է բխի պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը»:
– ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ մէկ ամսուան ընթացքին սքանըր սարքի տեղադրումը պիտի նպաստէ Լիբանանէն թմրեցուցիչներու դուրս բերման կամ երկիր մտցնելու զսպման գործողութեան, ինչ որ լաւատեսութիւն կը ներշնչէ»:
– ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ բարձրաստիճան աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Եւրոպական Միութիւնը ամբողջովին կը գիտակցի, թէ լիբանանեան ճակատի վրայ հանդարտութեան տապալումը տեղական մակարդակի վրայ պիտի չմնայ, այլ անոր սահմաններէն անդին պիտի անցնի` անկայուն դրացնութեան մէջ վնասելով եւրոպական շահերուն»:
– ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանան, բանակի ծրագիրի գործադրութեան զուգահեռ, կը շարունակէ սահմաններուն եւ ապօրինի անցակէտերուն վրայ խիստ քայլերու որդեգրումը, ինչ որ Իրանէն կամ որեւէ այլ երկրէ զէնքեր ու գումարներ ապօրինի կերպով երկիր մտցնելը դժուար հարցի կը վերածէ»: