Փաղանգաւոր կուսակցութեան քաղաքական գրասենեակը իր հերթական ժողովի աւարտին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ողջունեց կառավարութեան նիստին ներկայացուցած անոր զեկուցումին հիմամբ լիբանանեան բանակի ծրագիրի գործադրման մէջ արձանագրուած յառաջընթացը եւ կոչ ուղղեց կառավարութեան որոշումներուն մէջ նշուածին նման անոր գործադրութիւնը ամբողջացնելու եւ արագացնելու:
Կուսակցութիւնը միջազգային ընտանիքին վերստին կոչ ուղղեց` Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի դադրեցնէ Լիբանանի դէմ իր յարձակումները, ինչպէս նաեւ արգիլելու համար զինուորական մագլցումը, որ կը սպառնայ Լիբանանի գերիշխանութեան եւ քաղաքայիններու անվտանգութեան, մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի մէջ:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան քաղաքական գրասենեակը անդրադարձաւ Հըզպալլայի պաշտօնատարներու եւ երեսփոխաններու այն յայտարարութիւններուն, թէ Լիթանի գետէն հիւսիս զինաթափումը իրենց չի վերաբերիր` հարց տալով. «Եթէ Հըզպալլան Լիթանիէն հարաւ իր զէնքէն հրաժարեցաւ` այդպիսով հրաժարելով Իսրայէլին դիմակայելու իր նպատակէն, ի՞նչ նպատակով Լիթանիէն հիւսիս կառչած կը մնայ այդ զէնքին: Ատիկա իր յաւելեալ ուժը պահպանելու, զայն լիբանանցիներուն դէմ օգտագործելու, պետութեան եւ օրինականութեան հասկացողութիւնը մերժելու պնդում չէ՞»:
Կուսակցութիւնը ընդգծեց, որ կը շարունակէ արտերկրի լիբանանցիներուն 128 երեսփոխաններու քուէարկելու իրաւունքին համար իր պայքարը:
Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կառավարութեան կոչ ուղղեց անհրաժեշտ բարեփոխումը ուղարկելու խորհրդարան` երաշխաւորելու համար ընտրութիւններուն սահմանադրական ժամկէտին եւ երկրէն ներս, թէ դուրս գտնուող բոլոր լիբանանցիներուն մասնակցութեամբ կայացումը:
Քաղաքական գրասենեակը կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղարը լիազօրեց կուսակցական բոլոր կեդրոններուն մէջ նշանակումներու համապարփակ աշխատանք կատարելու: