Ապու Ֆաուր Կ՛ընդգծէ Ահաբեկչութեան Դէմ Համատարած Պայքար Մղելու Կարեւորութիւնը
Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Քրիսթինա Լասընը, որուն ցաւակցութիւն յայտնեց Պրիւքսէլի ահաբեկչական արարքներուն պատճառած զոհերուն համար: Ապու Ֆաուր խստիւ դատապարտեց Պրիւքսէլի օդակայանն ու մեթրոն ահաբեկչութեան թիրախ դարձուցած գործողութիւնները` ընդգծելով ահաբեկչութեան դէմ համատարած պայքար մղելու կարեւորութիւնը, ինչպէս է պարագան Սուրիոյ մէջ: Ապու Ֆաուրի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր աշխատանքները համակարգող...


















