Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Մէջ. «Եւրոպական Միութիւնը Կը Զօրակցի Լիբանանի Ապահովական Կայունութեան Եւ Անոր Դէմ Ծառացած Մարտահրաւէրներու Դիմագրաւման» Շեշտեց Մոկերինի

Մարտ 22, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մոկերինի եւ Պըրրի
Մոկերինի եւ Պըրրի

Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի երէկ առաւօտեան միօրեայ այցելութիւն մը տուաւ Լիբանան:

Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Մոկերինին դիմաւորեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընը, որ ընկերակցեցաւ անոր կատարած բոլոր այցելութիւններուն:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Մոկերինին, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի վրայ սուրիացի գաղթականներու ներկայութեան ունեցած հետեւանքները:

Մոկերինի այցելեց նաեւ վարչապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ:

Հանդիպումէն ետք Մոկերինի շեշտեց, որ Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ բարեկամական կապեր կան եւ անոնք միասնաբար կը գործեն` ապահովելու այս շրջանին կայունութիւնը:

Ան նշեց, որ վարչապետ Սալամի հետ քննարկած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու նպատակով Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Ան հաստատեց նաեւ, որ Լիբանանի կառավարութեան տարած աշխատանքին կողքին, խորհրդարանը պէտք է ընտրէ հանրապետութեան նախագահը, ինչպէս նաեւ պէտք է կատարուին քաղաքապետական ընտրութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ ամրապնդել Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն կայուն գոյատեւումը:

Մոկերինի նշեց նաեւ, որ վարչապետ Սալամի հետ քննարկած է շրջանային իրադարձութիւնները, Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման կարելիութիւնները եւ յատկապէս Լիբանանի վրայ սուրիացի գաղթականներու թղթածրարին ունեցած հետեւանքները:

Պուսթրոս պալատին մէջ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ ընդունեց Մոկերինին, որ այցելութենէն ետք յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնն ու Լիբանանը համոզուած են, որ բազմազանութիւնը Լիբանանը հզօր դարձնող յատկանիշ մըն է:

«Գիտենք, որ ներկայիս ատիկա իրականացնելը դժուար է, սակայն մենք պէտք է ցոյց տանք աշխարհին, որ համերաշխութիւնը կարելի է` հակառակ տարբերութիւններուն:

Մոկերինի շեշտեց, որ իբրեւ Եւրոպական Միութիւն իրենք կը ջանան Սուրիոյ պատերազմին քաղաքական լուծում ապահովել:

Ան նշեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կը ջանայ Լիբանանի հետ աշխատիլ` լուծելու համար գաղթականներու տագնապը, նկատի ունենալով, որ Լիբանան մեծագոյն թիւով սուրիացի գաղթականները հիւրընկալած երկիրն է:

«Եւրոպական Միութիւնը կը զօրակցի Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ անոր դէմ ծառացած մարտահրաւէրներու դիմագրաւման», ըսաւ ան:

Իր կարգին, Պասիլ շեշտեց, որ հակառակ իր գոյացութեան սպառնացող գաղթականներու տագնապին, Լիբանան ոչ մէկ սուրիացի գաղթական ստիպողաբար վերադարձուցած է Սուրիա:

mogrini-bar-elias-school_32116

Մոկերինի այցելեց նաեւ Պար Էլիասի մէջ գտնուող սուրիական Մայս գաղթակայանը: Այցելութենէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Մոկերինի ընդգծեց, որ իր այցելութեան նպատակն է գաղթակայաններուն մէջ տիրող իրավիճակը, ինչպէս նաեւ գաղթականներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները ստուգել եւ կարելի եղածին չափ օգտակար դառնալ անոնց:

Մոկերինի նշեց նաեւ, որ գաղթականներէն ոմանք ընդգծած են, թէ իրենք կը փափաքին վերադառնալ իրենց երկիրները, երբ հոն ապահովական կայունութիւնը վերահաստատուի:

Եւրոպական Միութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ տարակարծութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Մոկերինի յայտնեց, որ իր մամլոյ ասուլիսը յատկացուած է գաղթականներուն եւ ոչ թէ քաղաքականութեան:

Մոկերինի այցելեց նաեւ Պար Էլիասի պետական դպրոցը, ուր հետեւեցաւ սուրիացի գաղթականներուն հետեւած կրթական համակարգին մանրամասնութիւններուն եւ այցելեց դասարանները:

Իր այցելութեան աւարտին Մոկերինի Եւրոպական Միութեան կեդրոնին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը Լիբանանին օժանդակած է մէկ միլիառ հինգ հարիւր միլիոն տոլարի հասնող գումարով, որպէսզի ան կարենայ հոգալ սուրիացի գաղթականներուն կարիքները:

 

Նախորդը

Ապօրինի Համացանցի Թղթածրարը Կը Շարունակուի Քննարկուիլ Պետական Եւ Ապահովական Պատասխանատուներուն Կողմէ

Յաջորդը

«Իսրայէլի Դէմ Հաւանական Որեւէ Պատերազմի Պարագային Կարմիր Գիծեր Պիտի Չըլլան» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

RelatedPosts

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի  Սահմանին Վրայ Կը Շրջի.   Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի Սահմանին Վրայ Կը Շրջի. Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ինծի Լիբանանցիներուն Միջեւ Միասնականութիւն Տուր, Եւ Քեզի Իսրայէլի Դէմ Հաստատ Յաղթանակ Կու Տամ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ
Լիբանանեան

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?