Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապօրինի Համացանցի Գայթակղութիւնը Կը Շարունակէ Տիրական Մնալ

Մարտ 21, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

internet_32016

Ապօրինի համացանցի ստեղծած աղմուկին շրջագիծին մէջ շաբաթավերջին արձանագրուեցան շարք մը այլ մեկնաբանութիւններ, որոնց շարքին` Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ այդ գայթակղութիւնը բացայայտուած է պետական եւ անձնական աւազակախումբերու շահերուն բախումներուն պատճառով:

Իր կարգին, Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ համացանցի գայթակղութեան տարողութիւնը շատ աւելի մեծ է, քան ինչ որ կ՛երեւի. անիկա երկրին եւ քաղաքացիներուն ապահովութեան կը սպառնայ, «իսկ անոր պատասխանատուները բարձր պաշտօններ ունեցող մարդիկ են», աւելցուց ան:

Հուրի յայտնեց, որ տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը այսօր իր նիստին ընթացքին պիտի շարունակէ քննարկել այս հարցը:

Միւս կողմէ, «Օժերօ»-ի ընդհանուր տնօրէն Ապտել Մենեմ Եուսեֆ հաստատեց, որ Լիբանանի պարագային համացանցի պատասխանատուն պետութիւնն է` աւելցնելով, որ իրեն համար գրեթէ հաստատ է, որ երկրին մէջ կան նաեւ համացանցի ապօրինի այլ ծառայութիւններ:

Եուսեֆ յայտնեց, որ ապօրինի համացանցի ծառայութիւն կատարելու առումով բացայայտուած սարքերուն տեղադրումը նուազագոյնը 8 ամիս ենթադրած է, իսկ նկատի ունենալով սարքերուն եւ օգտագործուած արհեստագիտութեան տարողութիւնը, յստակ է, որ այդ աշխատանքին համար աւելի քան երկու միլիոն տոլարի ներդրում կատարուած է:

 

 

Նախորդը

Սալամ Պըրրիի Հետ Քննարկեց Երկրին Իրադարձութիւնները Եւ Հանդիպում Մը Ունեցաւ Հարպի Հետ

Յաջորդը

Լիբանանի Փողոցներէն Աղբերը Սկսած Են Վերցուիլ

RelatedPosts

Աուն Ապահովութեան Խորհուրդի Պատուիրակութեան  Կոչ Ուղղեց` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու
Գլխաւոր լուրեր

Աուն Ապահովութեան Խորհուրդի Պատուիրակութեան Կոչ Ուղղեց` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու

Դեկտեմբեր 6, 2025
Անդրադառնալով Իսրայէլի Հետ  Բանակցութիւններու Հարցին`  Պըրրի. «Գոյութիւն Ունի «Մեքանիզմ» Կոչուողը,  Որ Պէտք Է Կանոնաւոր Կերպով Ժողով Գումարէ,  Եւ Անհրաժեշտութեան Պարագային  Կարելի Է Մասնագէտներու Դիմել»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբին Մէջ Նոր Բանագնացի Դերը Բացառապէս Թեքնիք Է Եւ Ոչ Քաղաքական, Եւ Ես Միայն Թեքնիք Դերը Պիտի Ճանչնամ»

Դեկտեմբեր 6, 2025
Հըզպալլայի Ընդհանուր Քարտուղարը  «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբին Մէջ Քաղաքայինի  Նշանակումը Ձրի Զիջում Կը Նկատէ
Լիբանանեան

Հըզպալլայի Ընդհանուր Քարտուղարը «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբին Մէջ Քաղաքայինի Նշանակումը Ձրի Զիջում Կը Նկատէ

Դեկտեմբեր 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?