Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Միջին Արեւելքի Մէջ Լիբանանը Ապահովական Իմաստով Լաւագոյն Վայրն Է` Շնորհիւ Իր Երկխօսութեան, Միասնականութեան Եւ Բանակին»

March 23, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

berri_regie_32216

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց «Ռեժի»-ի ձեռնարկին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ ծխախոտի ցանքով զբաղելու նոր արտօնագիրներու դրութիւնը առիթ կու տայ, որ մեծ թիւով ընտանիքներ կառչած մնան իրենց հողին եւ ամրապնդեն այդ ճարտարարուեստը:

Պըրրի շնորհաւորեց «Ռեժի» ընկերութեան կողմէ ծխախոտի ճարտարարուեստի յատուկ ծրագիրի սկիզբը:

Իր խօսքին մէջ Պըրրի անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանին եւ անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: Ան նշեց, որ Լիբանան կրնայ երկրին դիմագրաւած տագնապին սահմանադրական լուծումներ գտնել, եթէ ան կատարէ նախագահական ընտրութիւնը:

«Միջին Արեւելքի մէջ Լիբանանը ապահովական իմաստով լաւագոյն վայրն է` շնորհիւ իր երկխօսութեան, միասնականութեան եւ բանակին», շեշտեց ան:

Անդրադառնալով Սուրիոյ վիճակին` Պըրրի մաղթեց, որ պատերազմը դադրի` աւելցնելով, որ Սուրիոյ պատերազմին քաղաքական լուծումը անհրաժեշտ է: Ան ընդգծեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմը միջազգային ճիգ կ՛ենթադրէ, միջազգային մակարդակի վրայ զինուորական գործողութեան սենեակներ, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութիւնը քաջալերող ֆինանսաւորումի արմատական կասեցում:

Միւս կողմէ, Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուանը, որուն հետ քննարկեց խորհրդարանական ենթայանձնախումբին մշակած ընտրական նոր օրէնքը, ինչպէս նաեւ յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած տեղեկագիրը:

Ատուան յայտնեց, որ տարի մը երեսփոխանական ընտրութիւնները ընտրական նոր օրէնքի հիման վրայ կայացնելու նպատակով անհրաժեշտ է, որ այդ օրէնքին համար աշխատանք տարուի եւ վաւերացում ապահովուի, այլապէս երեսփոխանական յաջորդ ընտրութիւնները պիտի կատարուին Տոհայի մէջ վաւերացուած ընտրական օրէնքին հիման վրայ:

«Երկրին իշխանութիւնները բարելաւելու եւ սխալները սրբագրելու լաւագոյն ձեւն ու լուծումը ընտրական նոր օրէնքի վաւերացումն է, որուն շնորհիւ լիբանանցիները պիտի կարենան հաշուետուութեան կանչել իրենց երեսփոխանները», ըսաւ Ատուան:

Պըրրիի այցելուներէն եղան նաեւ Ժողովրդային պլոք կուսակցութեան ղեկավար Միրիամ Սքաֆ եւ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Ժան Ֆահըտ:

Նախորդը

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբում. «Ցաւօք, Նախագահական Ընտրութեան Այսօրուան Նիստին Ճակատագիրը Պիտի Ըլլայ Նախորդ Նիստերուն Նման» Ըսաւ Ժրայսաթի

Յաջորդը

Մինչ Խորհրդարանը Այսօր Դարձեալ Կը Փորձէ Ընտրել Հանրապետութեան Նախագահ Մը. Լիբանան Պաշտօնապէս Կը Դատապարտէ Պելճիքան Թիրախ Դարձուցած Ահաբեկչութիւնները

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.