Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 24, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ դատապարտեց Պրիւքսէլի մէջ գործուած ահաբեկչական յարձակումները եւ կոչ ուղղեց տարբերակելու ահաբեկիչներուն եւ սուրիացի գաղթականներուն միջեւ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի յայտնեց, որ Լիբանանի տագնապին լուծումը անկարելի պիտի ըլլայ` առանց երկրին Ազգային ուխտին վերադառնալու: Ըստ Հիւսէյնիի, անհրաժեշտ է կազմել փոխանցման շրջանի կառավարութիւն մը, վաւերացնել նախկին նախարար Մարուան Շարպելի առաջարկած ընտրական օրէնքը եւ անոր հիման վրայ մէկ տարուան համար ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի նախանցեալ երեկոյեան վերադարձաւ Պէյրութ, դէպի Ռիատ եւ Փարիզ կատարած իր անձնական այցելութիւններէն ետք:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ Պելճիքան ոճրային արարքներու թիրախ դարձնողները անկրօն են եւ պարզապէս կը տիրապետեն ահաբեկչութեան:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն այցելելէ ետք Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը, Մեհրապէն յայտարարեց, որ հանրապետութեան նախագահութիւնը կը մնայ գողցուած, որովհետեւ անիկա կախեալ է այս կամ այն քաղաքական ուժին քմահաճոյքէն:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 600 լ. ոսկիով, 98 օքթանը` 500 լ. ոսկիով, կարմիր մազութին սակը` 300 լ. ոսկիով, իսկ կանաչ մազութը` 400 լ. ոսկիով:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռոնի Արայժի շեշտեց, որ լիբանանցիները պէտք է իմաստուն եւ համբերատար ըլլան` Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ զգայուն հանգրուանը անցընելու համար:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Զիատ Քատիրի յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ ուրիշներուն դէմ շարունակուող ցեխարձակումները կը միտին պատասխանատուութիւնները շեղել:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ շեշտեց, որ իրենք երբեք չեն մտադրեր խորհրդարանէն եւ կառավարութենէն հրաժարիլ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի ընդգծեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա կ՛ապրի հսկայ տագնապ մը, յատկապէս Սուրիոյ, Եմէնի եւ Իրաքի մէջ իր կրած պարտութիւններուն պատճառով:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի չի փափաքիր կատարել նախագահական այնպիսի ընտրութիւն մը, որուն իբրեւ արդիւնք կ՛ընտրուի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը:

«ՊԱՅԱՆ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ պիտի քննարկէ Լիբանանին կատարուելիք միջազգային ընտանիքի նիւթական օժանդակութեան ճակատագիրը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի տուեալներուն համաձայն, նախագահական ընտրութիւնը շատ մօտալուտ է:

ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի Լիբանան կատարելիք այցելութիւնը սուրիացի գաղթականները բնակեցնելու իմաստով Լիբանանի վրայ ճնշում բանեցնելէ ետ չի մնար:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնը հասած է այնպիսի հանգրուանի մը, որ կ՛ենթադրէ աւելի խոր երկխօսութիւն:

 

 

Նախորդը

Ապահովական Նկատառումներով. Պոլսոյ Մէջ Հոլանտայի Հիւպատոսարանը Փակուեցաւ

Յաջորդը

Խալիլ. «Ամերիկացի Պատասխանատուներուն Մօտ Շօշափեցինք Դրական Կեցուածք` Լիբանանի Դէմ Տնտեսական Պատերազմ Չմղելու Իմաստով»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.