Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապօրինի Համացանցի Թղթածրարը Կը Շարունակուի Քննարկուիլ Պետական Եւ Ապահովական Պատասխանատուներուն Կողմէ

March 22, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հարպ եւ Ֆատլալլա
Հարպ եւ Ֆատլալլա

Տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին, խորհրդարանին մէջ նախագահեց յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի ներկայացուցիչ Ֆատի Խալիլ, «Օժերօ»-ի ընդհանուր տնօրէն Ապտել Մենեմ Եուսեֆ, ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտ, ելեւմուտքի հարցերու ընդհանուր դատախազ Ալի Իպրահիմ, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի ներկայացուցիչ Ժամալ Քաշմար, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Ամմար Հուրի, Էմիլ Ռահմէ, Քամել Ռիֆայի, Հանի Քպայսի, Զիատ Ասուատ, Զիատ Քատիրի, Ղազի Եուսեֆ, Եասին Ժապեր, Մարուան Ֆարես, Նազեմ Խէյր, Ալի Ամմար, Քասեմ Հաշեմ, Մոհամետ Քապպանի, Ալի Պեզզի, Հիքմաթ Տիպ, Ապպաս Հաշեմ եւ Ալեն Աուն:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան ապօրինի համացանցին վերաբերող շարք մը հարցեր:

Երկու ժամ տեւած ընդարձակ նիստին ընթացքին քննարկուեցան ապօրինի համացանցի ծառայութեան պատասխանատու բոլոր ընկերութիւններուն ընթացքը եւ զանոնք պատժելու միջոցները:

Նիստէն ետք Հարպ եւ Ֆատլալլա մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեցին, որ Ժունիէի, Ժիպէյլի, Էշրեֆիէի, Ժալ էլ Տիպի, Ժտէյտէի, Սայտայի, Շուէյֆաթի եւ այլ շրջաններու մէջ բացայայտուած են համացանցի ծառայութեան յատուկ սարքեր, որոնք զետեղուած են պետական լուսաւորումի սիւներուն վրայ եւ հոնկէ համացանց օգտագործելու կարելիութիւն կը շնորհեն բնակիչներուն:

Ֆատլալլա նշեց, որ այդ սարքերը արդիական են եւ պետութեան չեն պատկանիր` աւելցնելով, որ պետութիւնը համացանցի ծառայութիւնը կը տրամադրէ ստորերկրեայ սարքաւորման դրութեամբ:

Ֆատլալլա նշեց, որ բացայայտուած է նաեւ ստորջրեայ սարք մը, որ նաեւ կը ծառայէ լիբանանցիներուն համացանցի ծառայութիւն տրամադրելու:

Ֆատլալլա նշեց, որ այս հարցը Լիբանանի համար մեծ հարց է եւ անիկա մինչեւ վերջ պիտի հետապնդուի:

Ֆատլալլա կոչ ուղղեց այս առումով կառավարութեան արտակարգ նիստ մը գումարելու:

 

Նախորդը

Առեւանգուած Բանակայիններուն Ընտանիքները Բողոքի Ցոյց Մը Կատարեցին

Յաջորդը

Պէյրութի Մէջ. «Եւրոպական Միութիւնը Կը Զօրակցի Լիբանանի Ապահովական Կայունութեան Եւ Անոր Դէմ Ծառացած Մարտահրաւէրներու Դիմագրաւման» Շեշտեց Մոկերինի

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.