
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ հարցազրոյցի մը ընթացքին կոչ ուղղեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը ընտրելու հանրապետութեան նախագահ:
Ան յստակացուց, որ զօր. Աուն միակ անձը չէ, որ կը ներկայացնէ քրիստոնեաները, սակայն ան ամէնէն աւելի ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ անոնց, հետեւաբար անոր նախագահ ընտրուիլը օրինական է:
Պասիլ շեշտեց, որ Հըզպալլա ահաբեկչական խմբաւորում չէ, այլ` Դիմադրութիւն, ինչպէս նաեւ Լիբանանը բաղկացնող մէկ կարեւոր շերտ:
«Մենք ահաբեկչութեան եւ Դիմադրութեան միջեւ տարբերութիւնը կ՛ըմբռնենք», ըսաւ ան:
Պասիլ շեշտեց, որ Ծոցի երկիրները պէտք է հասկնան իրենց եւ օժանդակեն` իմանալով, որ Լիբանան անպայմանօրէն առնչուած չէ Հըզպալլայի կեցուածքին:
«Ամէնէն կարեւորը այն է, որ Իրան չի կրնար պարտադրել, որ մենք Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն դէմ կռուինք, հակառակը նաեւ ճիշդ է, այսինքն` Սէուտական Արաբիան չի կրնար մեզի պարտադրել, որ Իրանի դէմ կռուինք: Մենք կը կռուինք միայն ահաբեկչութեան դէմ», ըսաւ Պասիլ:
Ան շեշտեց, որ անկարելի է Հըզպալլան ահաբեկչութեամբ ամբաստանել, այլապէս անիկա լիբանանեան ազգային միասնականութեան եւ կայունութեան խախտում կը նկատուի:


