ԿԸ նախատեսուի, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան այսօրուան նիստին իր մասնակցութիւնը բերէ նաեւ երեսփոխան Օքապ Սաքըր:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժոզեֆ Մաալուֆ մաղթեց, որ Հըզպալլա դիմէ այնպիսի քայլերու, որոնք Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը կը դարձնեն հանրապետութեան նախագահ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ համաձայնութիւնը իր ներդրումը պիտի ունենայ Ժեզզինի երեսփոխանական մասնակի ընտրութեան պարագային:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ շեշտեց, որ միջազգային ընտանիքը աւելի լուրջ մօտեցում պէտք է ցուցաբերէ սուրիացի գաղթականներու տունդարձին առումով:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ նախանցեալ օր Մեհրապի մէջ ընդունեց նախկին երեսփոխան Ղաթթաս Խուրին, որ գործուղուած էր նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուութեան հարցերու պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշի: Խուրի այցելեց նաեւ Պնաշհի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի հետ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա յայտնեց, որ ներքին ճիգերը ցարդ չեն կրցած երկրին դիմագրաւած քաղաքական տագնապը ճեղքել:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Վատիկան ոչ մէկ պատուիրակութիւն ղրկած է Պէյրութ եւ քաղաքական ոչ մէկ նախաձեռնութիւն առաջադրած:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի յայտնեց, որ իրենց համար կարեւոր է, որ հանրապետութեան նախագահ մը ընտրուի, նոյնիսկ եթէ այդ նախագահը իրենց տեսակէտները չի բաժներ:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս հաստատեց, որ կառավարութեան հրաժարականը անհաւանական է եւ քննարկումի նիւթի չի կրնար վերածուիլ:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ հարցերու պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ եթէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն եւ անոր համախմբումի անդամները չմասնակցին նախագահական ընտրութեան նիստին, ապա Հըզպալլայի անդամները եւս իրենց մասնակցութիւնը պիտի չբերեն այդ նիստին:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալիս Շապթինի շեշտեց, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելու նպատակով խորհրդարան չուղղուիլը լիբանանցիներուն դէմ գործուած ոճիր է:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր յայտնեց, որ բարգաւաճման առումով քաղաքապետական ընտրութիւնները կարեւոր հանգրուան մը պիտի ըլլան:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Տորի Շամուն շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն բոլորէն աւելի լաւ գիտէ, թէ Հըզպալլա չի փափաքիր, որ ան հանրապետութեան նախագահ դառնայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ իրենց թեկնածուն է` աւելցնելով, որ մեծ հաւանականութիւն կայ, որ ան ապրիլին հանրապետութեան նախագահ ընտրուի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ իբրեւ երեսփոխաններ իրենց պարտականութիւնն է ուղղուիլ խորհրդարան եւ նախագահական ընտրութիւն կատարել:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի շեշտեց, որ իրենք ճիգ չեն խնայեր ազգային երկխօսութեան սկզբունքներուն կառչած մնալու եւ նախագահական ընտրութիւն կատարելու առումով:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ եթէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն հանրապետութեան նախագահ չընտրուի, ապա Լիբանան նախագահ պիտի չունենայ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շարպել Նահհաս շեշտեց, որ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութիւնը անկասկած տեղեակ էր ապօրինի համացանցի դրութեան գոյութենէն:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի դիւանապետ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ երէկ հաստատեց, որ Դիմադրութեան մարտիկներուն շնորհիւ յաղթանակը մօտալուտ դարձած է:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ Լիբանան այլեւս չի կրնար նախագահական թափուր աթոռը հանդուրժել` աւելցնելով, որ փողոց վերադարձն ու մագլցողական քայլերու նախաձեռնելը ոչ ոքի շահերուն կը ծառայէ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ միջազգային յարաբերութիւններու պատասխանատու Ամմար Մուսաուի հաստատեց, որ Դիմադրութիւնը արգիլած է Սէուտ ընտանիքին` շրջանին վերաբերող իր ծրագիրները գործադրելէ:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի արձանագրելիք յաղթանակին հաւանականութիւնները հետզհետէ կը բարձրանան:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնները փողոց իջնելու իմաստով տակաւին յստակ որոշում մը չեն տուած:


