ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները երէկ Արսալ եւ Լապուէ շրջաններուն միջեւ գտնուող Այն Շաապի մէջ կատարեցին բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին անոնք մայր փողոցին մէջտեղ նստեցան` արգիլելով ինքնաշարժներուն Արսալ մուտքը:
Առեւանգուած բանակայիններուն հարազատները խստիւ դատապարտեցին լիբանանեան պետութեան կողմէ իրենց զաւակներուն թղթածրարին նկատմամբ ցուցաբերուած անտարբերութիւնն ու այդ հարցը հետապնդելու ձգձգումը: