«Սուքլին» ընկերութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հարց տուաւ, թէ արդեօք «Սուքլին»-ը բոլորին թիրա՞խը դարձած է, եւ դատապարտեց այն իրականութիւնը, որ աղբի տագնապին կառավարութեան լուծումը մերժող իւրաքանչիւր քաղաքացի կ՛ուղղուի «Սուքլին»` խոշտանգելու համար անոր բանուորները եւ քանդելու ընկերութիւնը:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ «Սուքլին» կը գործադրէ կառավարութեան կողմէ տրուած պաշտօնական որոշում մը` աւելցնելով, որ երկու օրէ ի վեր «Սուքլին»-ի պաշտօնեաները իրենց աշխատանքը կատարելուն համար կը խոշտանգուին, իսկ անոնց բեռնատարները թիրախ կը դառնան յարձակումի եւ հրկիզումի:
«Ընկերութիւնը պիտի շարունակէ աղբերը հաւաքելու իր աշխատանքը` գործադրելով կառավարութեան որոշումը եւ մաքրելով լիբանանեան զանազան շրջաններուն փողոցները, իսկ յարձակումներն ու քանդումները արգելք պիտի չկարենան հանդիսանալ ընկերութեան աշխատանքին», նշուեցաւ «Սուքլին»-ի հաղորդագրութեան մէջ: