Լիբանանեան

Մաշնուք Կը Հաստատէ Քաղաքապետական  Ընտրութիւնները Ճշդուած Թուականին  Կատարելու Անհրաժեշտութիւնը

Մաշնուք Կը Հաստատէ Քաղաքապետական Ընտրութիւնները Ճշդուած Թուականին Կատարելու Անհրաժեշտութիւնը

Նուհատ Մաշնուք Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք շաբաթավերջին հաստատեց, որ քաղաքապետական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին պիտի կատարուին` դրուատելով այդ իմաստով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ճիգերը: Մաշնուք շեշտեց, որ Պէյրութի, Պեքաայի, Պաալպեք - Հերմելի եւ Լեռնալիբանանի մէջ քաղաքապետական ընտրութիւնները կատարելու որոշումները հրապարակուած են, իսկ ընտրական խորհուրդները` աշխատանքի հրաւիրուած: Ան աւելցուց, որ հարաւային Լիբանանի, Նապաթիէի, Հիւսիսային Լիբանանի եւ Աքքարի պարագային ընտրական խորհուրդները աշխատանքի...

Ժեմայէլ. «Հըզպալլա Իշխանութեան  Մեր Գործընկերն Է Եւ Անոր Հետ Պէտք Է  Երկխօսութիւն Կատարել»

Ժեմայէլ. «Հըզպալլա Իշխանութեան Մեր Գործընկերն Է Եւ Անոր Հետ Պէտք Է Երկխօսութիւն Կատարել»

Ամին Ժեմայէլ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ շեշտեց, որ Հըզպալլա երկրին իշխանութեան իրենց գործընկերն է` յոյս յայտնելով, որ Սուրիոյ պատերազմին աւարտէն ետք Հըզպալլայի վերադարձով կարելի ըլլայ Լիբանանի վարչակարգը բարեկարգել: Ժեմայէլ շեշտեց, որ Հըզպալլա լիբանանեան հիւսուածքին իսկական շերտերէն մէկն է` աւելցնելով, որ հակառակ տարակարծութիւններուն, անոր հետ պէտք է երկխօսութիւն կատարել: Ժեմայէլ ընդգծեց, որ Լիբանան կարիքը ունի գործող կառավարութեան մը, որպէսզի...

Պասիլ. «Ահաբեկչութիւնը Եւ Գաղթականութիւնը  Կարելի Չէ Անջատել Իրարմէ, Իսկ Նահր Պարետի  Կառուցումը Առաջնահերթութիւն Չէ»

Պասիլ. «Ահաբեկչութիւնը Եւ Գաղթականութիւնը Կարելի Չէ Անջատել Իրարմէ, Իսկ Նահր Պարետի Կառուցումը Առաջնահերթութիւն Չէ»

Ժըպրան Պասիլ Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ շաբաթավերջին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի այցելութեան ընթացքին արձանագրուած սխալները որակեց մանրամասնութիւններ` շեշտելով, որ գաղթականութեան ուղղակի պատճառը ահաբեկչութիւնն է: Ան ընդգծեց, որ գաղթականութիւնը կը սնանէ ահաբեկչութիւնը եւ կը բռնկեցնէ նոր պատերազմ ու քաոս: Պասիլ նկատել տուաւ, որ գաղթականութիւնը ահաբեկչութեան առիթ կու տայ ծաւալելու`...

Լիբանանցի Պատասխանատուներ Կը Շնորհաւորեն Ս. Զատկուան Տօնը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի լիբանանցիները եւ յատկապէս քրիստոնեաները շնորհաւորեց Ս. Զատկուան տօնին առիթով: Ան մաղթեց, որ այս տօնը դառնայ նաեւ Լիբանանի Յարութեան տօնը, որուն ընթացքին անոր հարցերը լուծուին, յատկապէս նախագահական ընտրութեան, քաղաքապետական ընտրութեանց եւ երեսփոխանական ընտրական օրէնքի մշակումին առումով: Իր կարգին, վարչապետ Թամմամ Սալամ լիբանանցիները եւ ի մասնաւորի քրիստոնեայ համայնքը շնորհաւորեց Ս. Զատկուան տօնին առիթով` մաղթելով, որ աւելի լաւ պայմաններ...

«Նախագահական Ընտրութեան Առումով  Թեկնածութիւնս Յետս Պիտի Չկոչեմ,  Նոյնիսկ Եթէ Հըզպալլա Այդպէս Պահանջէ»   Շեշտեց Ֆրենժիէ

«Նախագահական Ընտրութեան Առումով Թեկնածութիւնս Յետս Պիտի Չկոչեմ, Նոյնիսկ Եթէ Հըզպալլա Այդպէս Պահանջէ» Շեշտեց Ֆրենժիէ

Սլէյման Ֆրենժիէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով ինք իր թեկնածութիւնը յետս պիտի չկոչէ, նոյնիսկ եթէ Հըզպալլա այդպէս պահանջէ: Ան նշեց, որ եթէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն որոշէ փողոց իջնել եւ ժողովրդավարութեան օրէնքները փոփոխութեան ենթարկել, ապա երկրին համակարգը պիտի խախտի, ուստի ան լաւ կ՛ընէ, եթէ խորհրդարան ուղղուի եւ նախագահական ընտրութեան...

«Հաւատադրժողական Ահաբեկչութիւնը  Ամբողջ Մարդկութեան Դէմ Սպառնացող Վտանգ Է»  Շեշտեց Նայիմ Քասեմ

«Հաւատադրժողական Ահաբեկչութիւնը Ամբողջ Մարդկութեան Դէմ Սպառնացող Վտանգ Է» Շեշտեց Նայիմ Քասեմ

Շէյխ Նայիմ Քասեմ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ Իսրայէլի եւ հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն մասին Դիմադրութեան կամ Հըզպալլայի կեցուածքներուն հետեւողներուն համար յստակ է, որ տեղական, շրջանային թէ միջազգային առումով անոնք ճիշդ էին: «Փաստօրէն Իսրայէլ մնայուն կերպով կը մտածէ, թէ ինչպէ՛ս պիտի յարձակի Լիբանանի վրայ եւ պատերազմ պիտի շղթայազերծէ, իսկ մեր պարագային, մեզի իրաւունք չի տրուիր նոյնիսկ անոր դիմադրելու...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌ ի զօրակցութիւն Պելճիքայի եւ դատապարտելով զայն թիրախ դարձուցած ահաբեկչական արարքները, շաբաթ երեկոյեան Ռաուշէի քարը լուսաւորուեցաւ Պելճիքայի եւ Լիբանանի դրօշներով: Այս ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան վարչապետ Թամմամ Սալամի ներկայացուցիչ` նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ, երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի, Լիբանանի մէջ Պելճիքայի դեսպան Ալեքս Լինարես, Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպ եւ Պէյրութի քաղաքապետ Պիլալ Համատ: ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ լրատուական միջոցներ հաղորդեցին, որ Հըզպալլայի պատկանող անօդաչու թռչող սարք...

Մամլոյ Արձակուրդ

Մամլոյ Արձակուրդ

Ս. Յարութեան տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ երկուշաբթի, 28 մարտ 2016-ին: Մեր յաջորդ թիւը` երեքշաբթի, 29 մարտ 2016-ին:

Ժամացոյցին Սլաքը Մէկ Ժամ Առաջ Տանիլ

Ժամացոյցին Սլաքը Մէկ Ժամ Առաջ Տանիլ

Համաձայն նախարարաց խորհուրդի որոշումին, Լիբանան պիտի սկսի ամառնային ժամանակացոյցի գործադրութեան: Հետեւաբար, այսօր` շաբաթ, 26 մարտին, կէս գիշերին ժամացոյցին սլաքը մէկ ժամ առջեւ պէտք է տանիլ:

«ՄԱԿ Բարձր Կը Գնահատէ Լիբանանի Դերակատարութիւնը  Գաղթականներուն Նկատմամբ Եւ Կը Զօրակցի  Լիբանանին, Անոր Բանակին Եւ Ապահովական Կայունութեան»  Շեշտեց Քի Մուն

«ՄԱԿ Բարձր Կը Գնահատէ Լիբանանի Դերակատարութիւնը Գաղթականներուն Նկատմամբ Եւ Կը Զօրակցի Լիբանանին, Անոր Բանակին Եւ Ապահովական Կայունութեան» Շեշտեց Քի Մուն

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն երէկ շարունակեց Լիբանան կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը, որուն շրջագիծին մէջ այցելեց Թրիփոլի: Քի Մուն Թրիփոլիի Քըպպէ շրջանին մէջ պաշտօնական բացումը կատարեց  ընկերային կեդրոնի մը, ներկայութեամբ` ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպասի, հիւսիսային Լիբանանի նահանգապետ Ռամզի Նոհրայի, Լիբանանի մէջ Քի Մունի ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակի, Միջազգային դրամատան կառավարիչ Ճիմ Եոնկ Քիմի, Իսլամական բարգաւաճման դրամատան կառավարիչ Ահմետ Մոհամետ...

Պէյրութի Մէջ.  Պան Քի Մուն Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ  Լիբանանին Եւ Անոր Բանակին` Շեշտելով  Նախագահական Ընտրութիւն  Կատարելու Անհրաժեշտութիւնը

Պէյրութի Մէջ. Պան Քի Մուն Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Լիբանանին Եւ Անոր Բանակին` Շեշտելով Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու Անհրաժեշտութիւնը

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն երէկ առաւօտեան եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Պէյրութ` գլխաւորելով ընդարձակ պատուիրակութիւն մը: Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Քի Մունը դիմաւորեցին արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի ներկայացուցիչ, նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Ուաֆիք Ռահիմի, ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչ Նաուաֆ Սալամ, Լիբանանի մէջ Քի Մունի ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ, արտաքին գործոց նախարարութեան արարողակարգի պատասխանատու, դեսպան Միրա Տահեր եւ հարաւային...

Արսալի Մէջ.  Բանակային Մը  Զոհ Կ՛երթայ Ականահարումի

Արսալի Մէջ. Բանակային Մը Զոհ Կ՛երթայ Ականահարումի

Լիբանանեան բանակը երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին ռմբակոծեց Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող զինեալներուն դիրքերը, յատկապէս Խըրպեթ Տաուտը: Սակայն կէսօրէ ետք Արսալի Ուատի Աթա եւ Ուատի Արանեպ շրջաններուն մէջ կատարուած հսկողութեան ընթացքին 30 քկ կշռող ական մը պայթեցաւ` թիրախ դարձնելով բանակի զրահապատ մը, որուն պատճառով նահատակուեցաւ բանակային մը եւ վիրաւորուեցան երեք ուրիշներ: Բանակը շրջափակեց դէպքին վայրը եւ հետաքննութիւն բացաւ այդ մասին:  

«Կը Յուսանք, Որ Պետութիւնը Կարենայ  Ապահովել Բանտերուն Բոլոր Կարիքները»  Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

«Կը Յուսանք, Որ Պետութիւնը Կարենայ Ապահովել Բանտերուն Բոլոր Կարիքները» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Ռումիէի բանտին մէջ կատարեց Ոտնլուայի կարգը, որուն ընթացքին յոյս յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը կարենայ հոգալ լիբանանեան բանտերուն բոլոր կարիքները` ըլլայ անիկա տարածութեան, դեղօրայքի, բժշկական խնամքի թէ բանտային ներքին ապահովութեան իմաստով: Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ ինք կը փափաքէր Լիբանանի բոլոր բանտերուն մէջ ըլլալ, սակայն այդ մէկը կարելի չէ, «հետեւաբար մենք կ՛աղօթենք բոլոր արգելափակեալներուն համար», ըսաւ...

Ժահժահ. «Հարիրիի Հետ Յարաբերութիւնը  Սառած Վիճակի Մէջ Է, Սակայն Կ՛աշխատինք,  Որպէսզի Անիկա Վերադառնայ Իր Նախկին Ընթացքին»

Ժահժահ. «Հարիրիի Հետ Յարաբերութիւնը Սառած Վիճակի Մէջ Է, Սակայն Կ՛աշխատինք, Որպէսզի Անիկա Վերադառնայ Իր Նախկին Ընթացքին»

Սամիր Ժահժահ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ այս հանգրուանին Հըզպալլա չի փափաքիր, որ Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարուի, որովհետեւ նախագահական աթոռին թափուր մնալը այս հանգրուանին կը ծառայէ Հըզպալլայի ռազմավարական եւ մարտավարական շահերուն: «Ռազմավարական իմաստով Հըզպալլա չի կրնար Լիբանանի մէջ իսկական պետութեան մը հետ ապրիլ, որովհետեւ տարազը յստակ է` կա՛մ այն է, որ պէտք է...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ շեշտեց, որ Միջազգային դրամատունը որոշած է Լիբանանի կրթական մարզին 100 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն մը կատարել: ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ Լիբանան մնայուն կերպով մերժած է եւ կը մերժէ գաղթականներու բնակեցումը: ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ շեշտեց, որ այս հանգրուանին նախագահական ընտրութիւն կատարելու անկարելիութեան դէմ յանդիման կը գտնուինք: ԼԻԲԱՆԱՆԻ...

Պուրճ Համուտի Ծովեզերեայ Շրջանին Մէջ  Կուտակուած 30 Հազար Թոն Աղբերու  Փոխադրութիւնը Ընթացք Առած Է

Պուրճ Համուտի Ծովեզերեայ Շրջանին Մէջ Կուտակուած 30 Հազար Թոն Աղբերու Փոխադրութիւնը Ընթացք Առած Է

Անցնող 8 ամիսներու ընթացքին, Պուրճ Համուտի ծովեզերեայ շրջանին մէջ կուտակուած 30 հազար թոն աղբերու փոխադրութիւնը դէպի Նաամէի աղբանոց արդէն ընթացք առած է եւ աշխատանքները պիտի շարունակուին յաջորդող օրերուն: Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը փոխանցեց, թէ Պուրճ Համուտի եւ շրջակայքին մէջ տարածուած հոտը կուտակուած աղբերու փոխադրութեան պատճառով է, որ պիտի յամենայ մինչեւ աղբերու փոխադրութեան աւարտը:    

Նախագահական Ընտրութեան  Յաջորդ Նիստը` 18 Ապրիլին

Նախագահական Ընտրութեան Յաջորդ Նիստը` 18 Ապրիլին

Խորհրդարանը երէկ կէսօրին գումարեց նախագահական ընտրութեան նիստը, որ 37-րդ անգամ ըլլալով ենթարկուեցաւ նոյն ճակատագիրին` օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով: Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ կարելի եղածին չափ մեծ թիւով երեսփոխաններու ներկայութիւնը ապահովելու նախագահական ընտրութեան նիստին,  նախանցեալ երեկոյեան աւարտեց Ռիատ ու Փարիզ կատարած իր անձնական այցելութիւնները եւ վերադարձաւ Պէյրութ: Հարիրի եղաւ նախագահական ընտրութեան նիստին նպատակով խորհրդարան ուղղուող...

Պըրրի. «Ընտրական Օրէնքի Յանձնախումբին  Տեղեկագիրը Պիտի Ներկայացնեմ  Ազգային Երկխօսութեան Նիստին»

Պըրրի. «Ընտրական Օրէնքի Յանձնախումբին Տեղեկագիրը Պիտի Ներկայացնեմ Ազգային Երկխօսութեան Նիստին»

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին ընդգծեց ապօրինի համացանցի թղթածրարը քննարկելու կարեւորութիւնը: Ան նշեց, որ ատիկա կը նկատուի վտանգաւոր յարձակում մը, որուն գծով անկարելի է լուռ մնալ: «Այդ թղթածրարը պէտք է հետապնդել` նկատի ունենալով անոր սպառնացած վտանգը երկրին ապահովութեան իմաստով, ինչպէս նաեւ արձանագրուած գողութիւնը` պետական պիւտճէի...

Վարչապետարանին Մէջ Ապահովական  Նիստ` Ապօրինի Համացանցին Մասին

Վարչապետարանին Մէջ Ապահովական Նիստ` Ապօրինի Համացանցին Մասին

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ նախագահեց ապահովական նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ ապօրինի համացանցի թղթածրարը: Նիստին ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ, Պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ, ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտ, պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյր, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս, Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր, դրամական հարցերու...

Լիբանանեան Բանակէն Անջատուած Զինուոր  Աթեֆ Սաատէտտին Զոհ Գնաց Զինեալ Բախումներու

Լիբանանեան Բանակէն Անջատուած Զինուոր Աթեֆ Սաատէտտին Զոհ Գնաց Զինեալ Բախումներու

Լիբանանեան բանակի մէկ զօրամասը երէկ ուղղուեցաւ Աքքար` տեղեկութիւն ստանալէ ետք, որ բանակէն անջատուած զինուոր Աթեֆ Սաատէտտին այդ շրջանին մէջ թաքնուած է: Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն բանակը բացայայտեց Սաատէտտինի թաքստոցը եւ ներխուժումի գործողութեամբ մը ծրագրեց ձերբակալել զայն, սակայն Սաատէտտին կրակ բացաւ բանակին զինուորներուն վրայ, եւ տեղի ունեցաւ զինեալ բախում, որուն ընթացքին Սաատէտտին սպաննուեցաւ: Նշենք, որ նախանցեալ երեկոյեան Պապ Թըպպանէի Ժիհատ մզկիթին...

Page 845 of 986 1 … 844 845 846 … 986

Արխիւներ