Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ Խորհրդարանը Այսօր Դարձեալ Կը Փորձէ Ընտրել Հանրապետութեան Նախագահ Մը. Լիբանան Պաշտօնապէս Կը Դատապարտէ Պելճիքան Թիրախ Դարձուցած Ահաբեկչութիւնները

March 23, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

tammam-salam_Charles-Michel

Թէեւ խորհրդարանը այսօր կէսօրին պիտի գումարէ նախագահական ընտրութեան իր նիստը, սակայն երկիրը կազմ ու պատրաստ չէ հանրապետութեան նախագահութեան թափուր մնացած աթոռի երեւոյթին վերջ մը դնելու` նկատի ունենալով, որ երկրին քաղաքական ուժերը տակաւին այդ իմաստով կը մնան տարակարծիք:

Սա կը նշանակէ, թէ լիբանանցին այսօր դարձեալ պիտի վկայէ նոյն թատրոնը, որ տեղի պիտի ունեայ խորհրդարանին մէջ, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, եւ քանի մը վայրկեան ետք պիտի յայտարարուի նախագահական ընտրութեան նիստի նոր թուական մը` օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով:

Այս մասին արդէն իսկ երէկ յայտնեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը` իր ընթացիկ նիստին ընթացքին:

Միւս կողմէ, Պելճիքան ցնցած ահաբեկչական գործողութիւնները, որոնք ամբողջ աշխարհը սարսափի մատնեցին, իրենց ազդեցութիւնը ունեցան նաեւ Լիբանանի վրայ, որ ահաբեկչութեան լեղի բաժակէն բազմիցս ճաշակած է:

Այս ծիրին մէջ Լիբանանի մէջ յառաջացաւ Պրիւքսէլի պայթումները դատապարտող հսկայ ալիք մը:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, որ երէկուան իր դիպուկ կեցուածքով շեշտեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ Լիբանանը ապահովական իմաստով լաւագոյն վայրն է` շնորհիւ իր երկխօսութեան, միասնականութեան եւ բանակին, ցաւակցական հեռագիրներ յղեց Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլցի, Պելճիքայի խորհրդարանի նախագահ Սիկֆրետ Պրիքի եւ Պելճիքայի Ծերակոյտի նախագահ Քրիսթին Տեվերնի` դատապարտելով Պրիւքսէլը հարուածած ահաբեկչական գործողութիւնները եւ ցաւակցութիւն յայտնելով արձանագրուած զոհերուն համար:

Իր կարգին, վարչապետ Թամմամ Սալամ, որ այսօր առաւօտեան վարչապետարանին մէջ պիտի նախագահէ քաղաքական-ապահովական բնոյթի նիստի մը` քննարկելու համար ապօրինի համացանցի թղթածրարը, խստիւ դատապարտեց Պելճիքան թիրախ դարձուցած ահաբեկչութիւնները:

Վարչապետ Սալամի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ շեշտուեցաւ, որ խաւարի խմբաւորումներուն ձեռամբ եւ կրօնի անունով գործուող այդ ձրի վայրագութիւնները հոգեւոր, կրօնական եւ բարոյական ոչ մէկ յատկանիշ ունին: «Ընդհակառակն` անոնք կը վնասեն արաբներուն ու իսլամներուն վարկին եւ անոնց շահերուն, ինչպէս նաեւ անոնց եւ Արեւմուտքին միջեւ կը ստեղծեն խոր վիհ մը», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Սալամ շեշտեց, որ այսօր աւելի քան երբեք կարիքը կայ միջազգային լուրջ ջանքերու` հարուածել կարենալու համար ահաբեկչութիւնը:

Սալամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ պելճիքացի իր պաշտօնակիցին` Շարլ Միշելի հետ եւ ցաւակցութիւն յայտնեց պելճիքական իշխանութիւններուն եւ պելճիքացիներուն, զանոնք հարուածած ահաբեկչութեան եւ արձանագրուած զոհերուն համար:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց Պելճիքայի պայթումները, որոնք թիրախ դարձուցին մայրաքաղաք Պրիւքսէլի օդակայանն ու մեթրոն:

Արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ հետեւեալը. «Ահաբեկչական այդ գործողութիւնները կարծէք վրէժխնդրութիւններ են` պատասխանելու համար քանի մը օր առաջ պելճիքական իշխանութիւններուն իրագործած ապահովական նուաճումին, որուն ծիրին մէջ պելճիքական ոստիկանութիւնը ձերբակալած էր Փարիզի մէջ գործուած պայթումներուն հեղինակը»:

Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը հաստատեց, որ «հաւատադրժողական խմբաւորումները իրենց այս արարքով կ՛աւելցնեն ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու մեր կամքը եւ կը հաստատեն, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը պէտք է ըլլայ առաջնահերթութիւն»:

Նախորդը

Պըրրի. «Միջին Արեւելքի Մէջ Լիբանանը Ապահովական Իմաստով Լաւագոյն Վայրն Է` Շնորհիւ Իր Երկխօսութեան, Միասնականութեան Եւ Բանակին»

Յաջորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Պետական Բարձր Պարգեւներ Յանձնած Է Շարք Մը Բարերարներու

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.