Լիբանանեան

«Այն Հելուէէն ՏԱՀԵՇ-ին Անդամակցած  14 Երիտասարդներ Լիբանան Պիտի Վերադառնան  Ահաբեկչութիւններ Գործելու»   Կը Գրէ «Ախպար»

«Այն Հելուէէն ՏԱՀԵՇ-ին Անդամակցած 14 Երիտասարդներ Լիբանան Պիտի Վերադառնան Ահաբեկչութիւններ Գործելու» Կը Գրէ «Ախպար»

«Ախպար» օրաթերթին համաձայն, պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանէն 14 երիտասարդներ, որոնք անդամակցած են ՏԱՀԵՇ-ին` Թուրքիոյ եւ Ռաքքայի մէջ, պիտի վերադառնան Լիբանան` ահաբեկչութիւններ գործելու համար: Նոյն թերթին աղբիւրներուն համաձայն, ՏԱՀԵՇ-ի անդամ զինուորագրելու սակը իւրաքանչիւր երիտասարդի համար երկու հազար տոլար կ՛արժէ: Այդ գումարը ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավարութեան կողմէ կը տրամադրուի այդ երիտասարդներուն, նախքան անոնց Թուրքիա կամ Ռաքքա մեկնումը, եւ կամ անոնց մեկնումէն անմիջապէս ետք:  

Ժարալլա. «Ո՛վ Որ Հըզպալլայի  Ահաբեկչական  Միլիսին Կը Զօրակցի  Հարցաքննութեան Պիտի Ենթարկուի»

Ժարալլա. «Ո՛վ Որ Հըզպալլայի Ահաբեկչական Միլիսին Կը Զօրակցի Հարցաքննութեան Պիտի Ենթարկուի»

Խալետ Ժարալլա Քուէյթի արտաքին գործոց փոխնախարար Խալետ Ժարալլա յայտնեց, որ ո՛վ որ Հըզպալլայի ահաբեկչական միլիսին կը զօրակցի, հարցաքննութեան պիտի ենթարկուի: Ժարալլա յայտնեց, որ Քուէյթի մէջ որդեգրուած միջոցառումները կը համընկնին Ծոցի համագործակցական խորհուրդին որդեգրած որոշումին, որուն լոյսին տակ Հըզպալլան որակուած է «ահաբեկչական կազմակերպութիւն»: Ժարալլա շեշտեց, որ Քուէյթ սրտանց կը զօրակցի Սէուտական Արաբիոյ` ընդգծելով, որ Քուէյթ կը մերժէ Սէուտական Արաբիոյ դէմ գործուած...

Ղասսան Սալամէ Թեկնածու` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի  Ընդհանուր Քարտուղարի Պաշտօնին

Ղասսան Սալամէ Թեկնածու` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Պաշտօնին

Ղասսան Սալամէ Նախկին նախարար Ղասսան Սալամէ յայտնեց, որ ինք թեկնածու է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին եւ այս իմաստով զօրակցութիւն պահանջեց Լիբանանի կառավարութենէն: Հարցազրոյցի մը ընթացքին Սալամէ շեշտեց, որ շրջանին մէջ յստակ իրականութիւնը այն է, թէ համայնքային պատերազմ չէ բռնկած` աւելցնելով, որ նոյնիսկ Սուրիոյ մէջ յարանուանական առումով միագոյն շրջաններ գոյութիւն չունին, այլ` անոնք բազմազան են: Սալամէ հաստատեց, որ իր կարծիքով` Սուրիան...

Զասիփքին. «Ռուսիա Սուրիոյ Մասին  Կը Խորհրդակցի Բոլոր  Երկիրներուն Հետ, Բացի Թուրքիայէն»

Զասիփքին. «Ռուսիա Սուրիոյ Մասին Կը Խորհրդակցի Բոլոր Երկիրներուն Հետ, Բացի Թուրքիայէն»

Ալեքսանտր Զասիփքին Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիայէն ռուսական ուժերուն հեռացումը ուղղակիօրէն առնչուած է Ժընեւի մէջ ընթացող միջսուրիական բանակցութիւններուն: Ան շեշտեց, որ Ռուսիա Սուրիոյ հարցին շուրջ կը խորհրդակցի բոլոր երկիրներուն հետ, բացի Թուրքիայէն: Զասիփքին աւելցուց, որ ռուսական-իրանեան յարաբերութիւնները լաւ են ու հեզասահ, եւ երկու երկիրները կը միտին բոլոր շրջաններուն մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարիլ եւ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

«ՄԱՅԱՏԻՆ» պատկերասփիւռի կայանը այսօր երեկոյեան ժամը 8:30-ին պիտի սփռէ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ հարցազրոյց մը: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը ձերբակալեց Ահմետ Ասիրի հետեւորդներէն Մուսթաֆա Հիժազին, որ Սայտայի մէջ հեռաձայնի վաճառատան սեփականատէր է: ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերը անծանօթ պատճառներով կազմաքանդեցին Շիահի մուտքին զետեղած իրենց անցարգելը: ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Փարիզի պայթումները կազմակերպող ահաբեկիչ Սալապ Ապտել Սալամի ձերբակալումը: Միւս կողմէ,...

«Մեր Ժողովուրդը Վստահ Թող Ըլլայ,  Որ Մենք Չենք Սխալիր Իր Հաշուոյն»  Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

«Մեր Ժողովուրդը Վստահ Թող Ըլլայ, Որ Մենք Չենք Սխալիր Իր Հաշուոյն» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի հայերէն լուրերու ընթացքին ունեցաւ հարցազրոյց մը` Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրին մասին: Պուրճ Համուտի աղբանոցին եւ գետեզերքին մասին խօսելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ եթէ այսօրուան դրութեամբ այդ շրջանները Լիբանանի լքուած շրջաններուն հետ բաղդատելու ըլլանք, ապա դժբախտաբար անոնք ամէնէն վատ շրջաններէն են: «Քանի...

Ութ Ամսուան Աղբը  Պիտի Փոխադրուի Նաամէի Աղբանոց

Ութ Ամսուան Աղբը Պիտի Փոխադրուի Նաամէի Աղբանոց

17 յուլիս 2015-էն ի վեր Լիբանանի բոլոր շրջանները ողողած հարիւր հազարաւոր թոներու հասնող աղբերը վերցնելու նախապատրաստական աշխատանքներէն ետք, այսօր այդ աղբերը պիտի հաւաքուին եւ փոխադրուին Նաամէի աղբանոց: Երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ յայտնեց, որ Նաամէի աղբանոցը 60 օրուան համար բաց պիտի մնայ եւ ապա վերջնականապէս պիտի փակուի: Ան նշեց, որ այս լուծումը օրինակելի լուծում կարելի չէ նկատել, սակայն անիկա յարմարագոյնն է`...

Մեհրապի Մէջ.  «Առկայ Բոլոր Հարցերուն Մասին Մեր Խորհրդակցութիւնները Շարունակեցինք»   Շեշտեց Քանաան

Մեհրապի Մէջ. «Առկայ Բոլոր Հարցերուն Մասին Մեր Խորհրդակցութիւնները Շարունակեցինք» Շեշտեց Քանաան

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կողմէ գործուղուած երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ այցելեց Մեհրապ, ուր հանդիպում ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուութեան եւ յարաբերական հարցերու պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշի: Հանդիպումէն ետք Քանաան յայտնեց, որ իրենք շարունակած են խորհրդակցիլ առկայ բոլոր հարցերուն մասին: Ան շեշտեց, որ յաջորդ հանգրուանին, այսինքն` նախագահական...

Ապահովութեան Խորհուրդը Մտահոգութիւն  Յայտնեց Լիբանանի  Նախագահական Թափուր Աթոռին Մասին

Ապահովութեան Խորհուրդը Մտահոգութիւն Յայտնեց Լիբանանի Նախագահական Թափուր Աթոռին Մասին

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը նախանցեալ գիշեր քննարկեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան մանրամասնութիւնները, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Սիկրիտ Քաակի: Քաակի ներկայացուցած տեղեկագիրէն ետք, Ապահովութեան խորհուրդը մտահոգութիւն յայտնեց 21 ամիսէ ի վեր Լիբանանի նախագահական թափուր աթոռին, ինչպէս նաեւ կառավարութեան դիմագրաւած քաղաքական տագնապին մասին: Ապահովութեան խորհուրդը շեշտեց, որ այդ իրավիճակը կը սառեցնէ  երկրին ապահովական, տնտեսական, ընկերային եւ մարդկային մարտահրաւէրներուն...

Պուրճ Համուտի Թափօններու Թաղման  Վայրին Գծով Հանդիպում`  Վարչապետ Սալամի Հետ.  Կառավարութիւնը Ամբողջութեամբ  Որդեգրեց ՀՅ Դաշնակցութեան Առաջարկները

Պուրճ Համուտի Թափօններու Թաղման Վայրին Գծով Հանդիպում` Վարչապետ Սալամի Հետ. Կառավարութիւնը Ամբողջութեամբ Որդեգրեց ՀՅ Դաշնակցութեան Առաջարկները

Շաբաթներու վրայ երկարող եւ մասնագէտներու օժանդակութեամբ կատարուող քննարկումներու լոյսին տակ կառավարութեան հետ կատարուող բանակցութիւններու վերջին նիստը տեղի ունեցաւ երէկ առաւօտ, վարչապետարանին մէջ: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Աւետիս Կիտանեան, Րաֆֆի Աշքարեան, Յակոբ Սիմոնեան եւ Կարօ Յարութիւնեան, այցելեց վարչապետարան եւ հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Թամմամ...

Աղբերը Պիտի Սկսին Վերցուիլ  Այսօրուընէ Սկսեալ

Աղբերը Պիտի Սկսին Վերցուիլ Այսօրուընէ Սկսեալ

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի: Նիստէն բացակայեցաւ նախարար Ալիս Շապթինի: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին Սալամ վերահաստատած է նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով շրջանին մէջ տիրող ճնշող պայմանները: Ժրէյժ նշեց, որ վարչապետ Սալամ կարեւոր նկատած է հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը` կանոնաւորելու համար պետական հաստատութիւններուն գործունէութիւնը:...

Պըրրի. «Լիբանանը Յուզող Քաղաքական  Տագնապին Լուծման Բանալին  Նախագահական Ընտրութիւնն Է»

Պըրրի. «Լիբանանը Յուզող Քաղաքական Տագնապին Լուծման Բանալին Նախագահական Ընտրութիւնն Է»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Տնտեսական խորհուրդներու նախագահ, նախկին նախարար Ատնան Քասսարը, որ յայտնեց, թէ լիբանանցի գործարարները կը փափաքին, որ Լիբանանի եւ արաբական երկիրներուն հետ յարաբերութիւնները հեզասահ ընթանան: Այս շրջագիծին մէջ Քասսար նշեց, որ ինք փափաք յայտնած է, որ խորհրդարանի նախագահն ու վարչապետ Թամմամ Սալամը դէպի արաբական երկիրներ շրջապտոյտ մը կատարեն` սրբագրելու համար Լիբանանի եւ անոնց...

«Յոյսով Ենք, Որ Լիբանան Ինքզինք Կատարելապէս  Զերծ Պիտի Կացուցէ Շրջանային Զարգացումներէն`  Առանց Միջամուխ Դառնալու Այլոց Հարցերուն»  Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

«Յոյսով Ենք, Որ Լիբանան Ինքզինք Կատարելապէս Զերծ Պիտի Կացուցէ Շրջանային Զարգացումներէն` Առանց Միջամուխ Դառնալու Այլոց Հարցերուն» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Ֆաթհալի, Խարազի եւ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Իրանի արտաքին յարաբերութիւններու ռազմավարական խորհուրդի նախագահ Քամալ Խարազին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալիի: Հանդիպումին ընթացքին Խարազի հաստատեց, որ Թեհրան երբեք չի փափաքիր միջամտել լիբանանեան ներքին հարցերուն` մաղթելով, որ լիբանանցիները կարենան ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը: Խարազի բարձր գնահատեց...

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան  Երեսփոխանական Պլոքի Նիստ .  Ազգային Պարտականութիւն Է Լիբանանեան  Սահմանին Վրայ Հըզպալլայի Դիմադրութիւնը

«Հըզպալլան Ահաբեկչական Կազմակերպութիւն Որակելու Որոշումը Սէուտական Վարչակարգի Ամէնէն Անհեթեթ Կեցուածքներէն Մէկն Է» Շեշտեց Ֆատլալլա

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ նախագահեց պլոքի ընթացիկ նիստին, որմէ ետք երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա կարդաց նիստէն բխած որոշումները: Ֆատլալլա ողջունեց եւ շնորհաւորեց կիներն ու ուսուցիչները իրենց տօներուն առիթով` բարձր գնահատելով անոնց դերակատարութիւնը ընկերութեան զարգացման մէջ: Ֆատլալլա հաստատեց, որ պլոքը քննարկած է բացայայտուած ապօրինի համացանցի գայթակղութեան մանրամասնութիւնները եւ խորացած անոր սպառնացած վտանգներուն քննարկման առումով: Ան նշեց, որ պետական...

«Ապօրինի Համացանցի Թղթածրարին Հետ  Պիտի Վարուինք Հատու Կերպով»  Շեշտեց Սամիր Համմուտ

«Ապօրինի Համացանցի Թղթածրարին Հետ Պիտի Վարուինք Հատու Կերպով» Շեշտեց Սամիր Համմուտ

Ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտ յայտնեց, որ ապօրինի համացանցի թղթածրարին կապուած բոլոր հարցաքննութիւնները պիտի սկսին այսօր` աւելցնելով, որ ինք անձամբ ներկայ պիտի ըլլայ այդ հարցաքննութիւններուն եւ պիտի հսկէ հետաքննութեան: Համմուտ ընդգծեց, որ դատական իշխանութիւնները այդ թղթածրարին հետ պիտի վարուին հատու կերպով: Ան շեշտեց, որ այդ թղթածրարը ուղղակի վտանգ կը սպառնայ պետական հաստատութիւններուն եւ կը խախտէ անոնց աշխատանքին գաղտնապահութիւնը` արտաքին ընկերութիւններու շահերուն համար:

Ալեն Հաքիմ. «Ցորենի Քննութեան Արդիւնքները  Ցոյց Տուած Են, Թէ Անոնք Քաղցկեղ  Պատճառող Նիւթեր Չեն Ընդգրկեր»

Ալեն Հաքիմ. «Ցորենի Քննութեան Արդիւնքները Ցոյց Տուած Են, Թէ Անոնք Քաղցկեղ Պատճառող Նիւթեր Չեն Ընդգրկեր»

Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմի գրասենեակը յայտարարեց, որ Լիբանան հասած ցորենին մասին կատարուած քննութեան արդիւնքները ցոյց տուած են, թէ անոնք քաղցկեղ պատճառող նիւթեր չեն ընդգրկեր: Հաքիմի գրասենեակին համաձայն, «հակառակ անոր, որ այդ քննութիւնը կատարելը նախարարութեան պարտականութիւնը չէ, սակայն ընդառաջելով առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի պահանջին, մենք տարրալուծարանային քննութիւնները կատարած ենք»:  

Ժոմպլաթ. «Ինչպէ՞ս Սուրիոյ Մէջ Ռուսիոյ  Առաքելութիւնը Կ՛աւարտի,  Երբ ՏԱՀԵՇ Տակաւին Հոն Կը Գտնուի»

Ժոմպլաթ. «Ինչպէ՞ս Սուրիոյ Մէջ Ռուսիոյ Առաքելութիւնը Կ՛աւարտի, Երբ ՏԱՀԵՇ Տակաւին Հոն Կը Գտնուի»

Ուալիտ Ժոմպլաթ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ հարց տուաւ, թէ Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ առաքելութիւնը ինչպէ՞ս կարելի է աւարտած նկատել, երբ ՏԱՀԵՇ եւ ահաբեկչութիւնը տակաւին հոն կը գտնուին: «Ահաբեկչութեան դէմ պատերազմելու ամերիկեան-ռուսական միացեալ կարգախօսի մը ներքեւ գործուող զինուորական այս աքթը աւարտելը տարօրինակ է, բացի եթէ շրջանին մէջ նոր քարտէս մը գծելու քայլեր առնուած են` սկսեալ քրտական նոր գոյացութենէն»,...

«Պիտի Չօժանդակենք, Որ Հըզպալլայի  Հիմնական Եւ Սիրելի Դաշնակիցը Հասնի  Հանրապետութեան Նախագահութեան»  Շեշտեց Ժեմայէլ

«Պիտի Չօժանդակենք, Որ Հըզպալլայի Հիմնական Եւ Սիրելի Դաշնակիցը Հասնի Հանրապետութեան Նախագահութեան» Շեշտեց Ժեմայէլ

Սամի Ժեմայէլ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ շեշտեց, որ իրենք 80 տարիէ ի վեր կը կրեն Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն սկզբունքները, որոնց համար կը պայքարին: «Մենք Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն գործելակերպին առումով դիտողութիւններ կատարած էինք, եւ այսօրուան անոնց պարզած իրավիճակը մեր զգուշացումներուն չանսալու պատճառով է», ըսաւ ան: Ժեմայէլ նշեց, որ իրենք անշեղ կը մնան իրենց կեցուածքներէն` հաստատելով, որ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերը երէկ ձերբակալեցին լիբանանցի Խ. Ֆ.-ն, որ ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամ է: Ան խոստովանած է, թէ ինք ականներու եւ ահաբեկչական գործողութեանց հեղինակներ պատրաստելու գործով զբաղած է: ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ գործող բրիտանական դեսպանատան դիւանագիտական մէկ պատուիրակութիւնը լիբանանեան բանակին ընկերակցութեամբ շրջագայած է հարաւային Լիբանանի սահմանային Կապոյտ գիծին մօտակայքը: ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրին Ֆրանսայէն վերադարձաւ Պէյրութ: ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի...

Լուծումներու Տեղքայլի Լոյսին Տակ.  Լիբանան Կը Շարունակէ Դիմակալել Քաղաքական, Տնտեսական Ու Կենսոլորտային Հարցերը

Բացայայտուած Ապօրինի Համացանցին Լոյսին Տակ Կառավարութիւնը Այսօր Պիտի Գումարէ Իր Ընթացիկ Նիստը

Լիբանանի մէջ անորոշութիւնը կը շարունակէ մնալ տիրական, իսկ նախագահական ընտրութիւն կատարելու իմաստով արձանագրուած դրական կեցուածքները կը մնան խօսքի սահմաններուն մէջ, որովհետեւ Պաապտայի նախագահական աթոռը կը մնայ թափուր: Հանրապետութեան նախագահի չգոյութեան կողքին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ զգուշացուց Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակէն` զայն որակելով «զգայուն»: Պըրրի անհրաժեշտ նկատեց քաղաքական համայնքայնութեան ջնջումը կամ համամասնական բարեկարգչական դրութեան մը որդեգրումը: Իր առօրեայ գործունէութեան ծիրին...

Page 847 of 986 1 … 846 847 848 … 986

Արխիւներ