
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ ինք անհաւանական կը գտնէ, որ մօտիկ ապագային Իսրայէլ պատերազմ մը սանձազերծէ Լիբանանի դէմ` նշելով, որ առանց ամերիկեան համաձայնութեան, Իսրայէլ նման քայլի չի դիմեր:
Ան նշեց, որ ինք պատերազմի քայլը անհաւանական կը նկատէ, որովհետեւ թէ՛ Իսրայէլի, թէ՛ Միացեալ Նահանգներուն համար Լիբանանի դէմ պատերազմին արդիւնքները անորոշ են: Այս շրջագիծին մէջ ան ցաւ յայտնեց նաեւ, որ կարգ մը արաբական երկիրներ կը գործեն Իսրայէլի հաշուոյն, մինչդեռ վերջինս ոչ ոքի հաշուոյն կ՛աշխատի:
«Իսրայէլացիները գիտեն, որ Դիմադրութիւնը ունի այնպիսի հրթիռներ, որոնք կրնան հասնիլ բռնագրաւուած Պաղեստինի որեւէ շրջան: Մենք կը հաստատենք, որ տկար չենք: Իսկ եթէ Իսրայէլ մեզի դէմ պատերազմ շղթայազերծէ, ապա մեր արդար իրաւունքն է թիրախ դարձնել իսրայէլեան որեւէ քաղաք կամ վայր: Մենք մեր մօտ ունինք իսրայէլեան շրջաններու եւ կարեւոր վայրերու ամբողջական ցուցակ մը: Հետեւաբար եթէ Իսրայէլ կը սպառնայ Լիբանանը յիսնամեակ մը ետ տանիլ, ապա մենք հարց կրնանք տալ, թէ ինք ի՞նչ պիտի ըլլայ», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Իսրայէլի դէմ հաւանական որեւէ պատերազմի պարագային կարմիր գիծեր պիտի չըլլան: «Մեր իրաւունքն է` իբրեւ Դիմադրութիւն, բանակ եւ ժողովուրդ ունենալ որեւէ զէնք` դիմադրելու համար թշնամիին եւ պաշտպանելու համար մեր հողը: Հետեւաբար Իսրայէլին դիմադրելու կազմ ու պատրաստ ըլլալու իրականութիւնը առկայ է, իսկ Իսրայէլի կատարած ռազմափորձերը անպայման Լիբանանի դէմ պատերազմ սանձազերծելու ցուցանիշներ չեն», նշեց ան:
Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ բացայայտուած ապօրինի համացանցի ծառայութեան` սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ անկէ շատ աւելի վտանգաւոր են իսրայէլեան օդուժին հետախուզական թռիչքները, որոնք ամէնօրեայ դրութեամբ կը կատարուին լիբանանեան բոլոր շրջաններուն վերեւ: «Իսրայէլեան օդուժին կողմէ լիբանանեան սահմաններուն խզումը եւ երկրին գերիշխանութեան դէմ իր թռիչքներով կատարուած ոտնձգութիւնները կը նշանակեն, որ Իսրայէլ ապագային պատերազմի մը կը պատրաստուի, հետեւաբար լիբանանեան պետութեան կողմէ այդ թռիչքներուն դատապարտումը անբաւարար է», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա դիտել տուաւ նաեւ, որ լիբանանեան բանակին պիտի չտրուին այնպիսի զէնքեր, որպէսզի ան կարենայ դիմադրել Իսրայէլի, «բայց եւ այնպէս իսրայէլացիները Լիբանանի դէմ պատերազմ պիտի չշղթայազերծեն, որովհետեւ անոնք թեթեւամիտ չեն», աւելցուց ան:
Սուրիոյ պատերազմին մասին սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ Հըզպալլան, Իրանը, Սուրիան եւ Ռուսիան նոյն տեսակէտը եւ նոյն կեցուածքը ունին Սուրիոյ մասին` յայտնելով, որ Սուրիոյ պատերազմին ռուսական միջամտութիւնը ամիսներ առաջ ծրագրուած էր եւ ընդգծելով, որ Սուրիայէն ռուսական ուժերուն հեռացումը մասնակի է:
«Ռուսիա, Իրան եւ սուրիական իշխանութիւնները կը փափաքին Սուրիոյ հարցին քաղաքական լուծում գտնել, սակայն հակառակորդը կը մերժէ ատիկա: Ամերիկացիները արդէն իսկ անդրադարձած են, որ իրենք եւ իրենց դաշնակիցները Սուրիոյ մէջ ձախողած են», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա` հաստատելով, որ Սուրիոյ հարցին քաղաքական լուծման առումով զարգացումներ չի նախատեսեր, որովհետեւ այդ լուծումը արգելակող ուժեր կան, որոնց կարգին է Սէուտական Արաբիան:
Հըզպալլայի եւ Սէուտական Արաբիոյ յարաբերութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատողը Սէուտ ընտանիքն է եւ ոչ թէ Սէուտական Արաբիան:
«Յուլիսեան պատերազմին ընթացքին ոմանք ճիգ չխնայեցին, որ Հըզպալլայի դէմ իսրայէլեան պատերազմն ու բռնարարքները շարունակուին: Իսկ Լիբանանի մէջ Դիմադրութիւնը ջնջելու սէուտական ծրագիր գոյութիւն ունի, եւ մենք այդ մասին տուեալներ ունինք, սակայն զանոնք չենք բացայայտեր, որովհետեւ չենք փափաքիր Լիբանանի մէջ հարցեր ստեղծել», շեշտեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց նաեւ, որ Հըզպալլայի կողմէ Պահրէյնը զինելու մասին բոլոր լուրերը անճիշդ են` աւելցնելով, որ Սէուտական Արաբիան է Իրանի հետ երկխօսութիւնը մերժողը:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ երկխօսութեան կարելիութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ Հարիրի Լիբանան վերադարձած օրէն ի վեր Հըզպալլայի դէմ ցեխարձակումի արշաւ կը մղէ, իսկ Մուսթաքպալ հոսանքի նախարարները, երեսփոխանները, մամուլն ու լրատուամիջոցները նոյն ընթացքին մէջ են, «հետեւաբար միակ դրական երեւոյթը Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալի միջեւ երկխօսութեան շարունակութիւնն է», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա անհաւանական նկատեց նաեւ այս հանգրուանին Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ երկխօսութիւն մը սկսելու կարելիութիւնը:
Ընտրական նոր օրէնքին մասին սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ ինք համոզուած է, թէ համամասնական ընտրական օրէնքն է, որ Լիբանանի համար արդար պիտի ըլլայ: Ան յայտնեց նաեւ, որ Լիբանանին կարելի է իշխել միայն բոլոր քաղաքական ուժերուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան սկզբունքով:
Իսկ նախագահական ընտրութեան առումով սէյիտ Նասրալլա վերահաստատեց, որ Հըզպալլա կառչած կը մնայ իր դաշնակիցին` Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան: «Մենք յանձնառու ենք զօր. Աունի թեկնածութեան, այնքան ատեն որ ան կը մնայ նախագահական ընտրութեան թեկնածու», նշեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ ինք Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ հանդիպում մը ունեցած է անոր ընտրութենէն ետք, իսկ Սուրիոյ պատերազմին Հըզպալլայի մասնակցութեան մասին սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ այդ որոշումը տրուած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ համադրաբար:
«Սուրիայէն հեռանալու մասին մեզի վերագրուող լուրերը անճիշդ են: Մենք Սուրիա գացած ենք նպատակի մը համար, եւ մինչեւ այդ նպատակը չիրագործուի, հոնկէ դուրս պիտի չգանք: Եթէ Սուրիան տապալի ՏԱՀԵՇ-ի դիմաց, ապա Լիբանանը եւ Պաղեստինը իրենց կարգին պիտի տապալին: Մեր եւ Սուրիոյ ճակատագիրը մէկ է. այնքան ատեն որ այդ նպատակը մեր կարիքը ունի, մենք պիտի նուիրուինք անոր իրագործումին», եզրափակեց սէյիտ Նասրալլա:


