Նախագահական Ընտրութեան Յաջորդ Նիստը` 18 Ապրիլին
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութեան յաջորդ նիստը գումարելու երկուշաբթի, 18 ապրիլին: Հանդիպում` Շահրիստանիի Մէջ Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահը շեշտեց միասնականութեան մշակոյթի ամրապնդումը` մերժելով «իսլամութեան» շահագործումը: Իրաքցի հոգեւոր պետերէն Ալի Սիստանիի ներկայացուցիչ Ժաուատ Շահրիստանիի ի պատիւ տրուած ճաշկերոյթին առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Պըրրի շեշտեց շրջանին մէջ կայունութեան ամրապնդումը: Նշենք, որ ճաշկերոյթին ներկայ էին նաեւ պետական, քաղաքական...



















